ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ

Շաբաթ, 30 Մայիս 2015-ին, մանկամսուրի եւ մանկապարտէզի վարդագոյն դասարանի աշակերտները նշեցին մայրերու տօնը՝ ներկայութեամբ իրենց մայրերուն ու մեծ մայրերուն: Փոքրիկները իրենց ծնողներուն հետ մայրերու օրուան յատուկ ձեռային աշխատանքները պատրաստելէ ետք, ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր մը, որ կ’ընդգրկէր երգ, պար ու նուագ, ապա միասնաբար նախաճաշեցին: Վարդագոյն դասարանի փոքրիկները այս նախաձեռնութենէն…

ՎԱՐԴՈՒԿ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ՝ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԱՐԴԻՒՆՔ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՂ ՄԱՐԶԻՉ, ՔՐԻՍՏ ԲՐՈՒՏԵԱՆ ԵՒ ՍԵՐԻՆ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ՝ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՄԱՐԶԻԿ ԵՒ ՄԱՐԶԻԿՈՒՀԻ

Կիրակի, 31 Մայիս 2015-ին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ տեղի ունեցած մայիսեան փառատօնին ընթացքին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Մումջողլեանի եւ ԼԵՎԱՄ-ի ներկայացուցիչ Յարութ Ալաճաճեանի ձեռամբ տեղի ունեցաւ ԼԵՎԱՄ-ի վահաններու տուչութիւն. երկրորդական բաժինի յատուկ վահանը յանձնուեցաւ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանին: ԼԵՎԱՄ-ի մասնակցող աշակերտներէն լաւագոյն մարզիկի…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱԹԼԵԹԻԶՄԻ ՏԱՐԻՔԱՅԻՆ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Աթլեթիզմի ներկայացուցչական խումբը իր մասնակցութիւնը բերաւ 2014 – 2015 տարեշրջանի Լիբանանի Աթլեթիզմի տարիքային ախոյեանութեան, որ տեղի ունեցաւ 6 օրերու վրայ երկարող ժամանակամիջոցի մէջ 20-25 Մայիս, 2015-ին, Ժամհուր վարժարանի դաշտերուն վրայ: Ստորեւ Ճեմարանի աշակերտներուն ապահոված արդիւնքները.- 2004/05 250մ. Աղջիկ Լէա Պուտաքեան 5-րդ դիրք Բարձր. Աղջիկ…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ ՆՇՈՒՄ

Երեքշաբթի, 26 Մայիս 2015-ի առաւօտեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական ընտանիքին մաս կազմող Ճեմարանի աշակերտները դպրոց ներկայացան իրենց սկաուտական տարազներով եւ բացօթեայ խաղավայրին մէջ խմբուեցան իրենց յատուկ շարքերով՝ գայլիկ-արծուիկ, արի-արենոյշ, պարման-պարմանուհի։ Տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն, Հայաստանի հանրապետութեան եռագոյն դրօշակը ծածանեցաւ դպրոցին վերեւ։ Արարողութենէն ետք Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Անթիլիաս մասնաճիւղի խօսքը փոխանցեց քոյր Կարին…

ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐ՝ ԵՐԿՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՌԱՋՆՈՒԹԻՒՆ

Երկրորդական բաժինէն խումբ մը աշակերտներ մասնակցեցան հետեւեալ զարգացման մրցումներուն. 15 Մայիս 2015-ին, Յակոբ Թաշճեան, Արամ Գէորգեան, Ռիթա Ֆերմանեան եւ Սագօ Եագուպեան ՍԴՀԿ «Տխրունի» Ուսանողական-Երիտասարդական Միութեան կազմակերպած լիբանանահայ երկրորդական վարժարաններու զարգացման մրցումին հանդիսացան երկրորդ: 16 Մայիս 2015-ին, Սէրուժ Յովսէփեան, Յակոբ Թաշճեան, Արենի Խաչատուրեան եւ Ֆիլիփ Քէչէք Հայ Կաթողիկէ Համալսարանականներու…

ԱՐՏԱՍԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԳԾԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑՈՒՄ

Ուրբաթ, 22 Մայիս 2015-ին, նախակրթարանի Ե. եւ Զ. դասարաններէն խումբ մը աշակերտներ մասնակցեցան Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագրութեան կազմակերպած արտասանութեան եւ գծագրութեան մրցումին՝ Ահրամճեան Կեդրոնէն ներս: Սարին Զարմէնեան առաջին հանդիսացաւ Զ. դասարաններու արտասանութեան մրցումին, իսկ Սիլվիա Տէմիրճեան յիշատակութեան արժանացաւ: Լոռի Պէրպէրեան առաջին հանդիսացաւ Զ. դասարաններու գծագրութեան…

ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Երկուշաբթի, 11 Մայիս 2015-ին, Շաղիկ Չափարեան նախակրթարանի Զ. դասարաններու աշակերտներուն ներկայացուց «Ցեղասպանութեան մասին տեղեկացուած ըլլալուն եւ Հայաստանի հզօրացման կարեւորութիւնը» նիւթը: Աշակերտները խմբային աշխատանքով եւ զրոյցով մասնակից դարձան դասախօսութեան:

ՄԱՀԱԶԴ

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութիւնը խոր ցաւով կը գուժէ բարերար ԱՐՄԷՆ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆԻ մահը, որ պատահեցաւ Կիրակի, 17 Մայիս 2015-ին:

ՀԱՅՐԵՆԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԵՐԱԺԻՇՏՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՃԵՄԱՐԱՆ

Հինգշաբթի, 14 Մայիս 2015-ին ժողովրդային տարբեր գործիքներ նուագող հայրենի երիտասարդ երաժիշտներ, որոնք Լիբանան կը գտնուին մասնակցելու Համազգայինի «Այգ» երիտասարդական երգչախումբին տալիք ելոյթին, այցելեցին Ճեմարան: Ծանօթանալէ ետք դպրոցի զանազան բաժիններուն, անոնք վերջին պահուն «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ, աշակերտներուն ներկայացուցին իրենց գործիքները եւ նուագեցին շարք մը հայկական աշուղական եւ…

ՆԱՐՕՏ ԿԻՒՐԻՒՆԼԵԱՆ՝ ԱԽՈ3ԵԱՆ, ՔՐԻՍՏ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ՝ ԵՐԿՐՈՐԴ

Կիրակի, 10 Մայիս 2015-ին տեղի ունեցաւ Լիբանանի դպրոցներու «gymnastique»-ի ախոյեանութիւնը: Ճեմարանի տարրական բաժինի Բ. դասարանի աշակերտուհի Նարօտ Կիւրիւնլեան հանդիսացաւ 2007-2008-ի ծնունդներու ախոյեան, իսկ Գ. Դասարանէն Քրիստ Պարսումեան երկրորդ հանդիսացաւ 2005-2006 ծնունդներու: Կը շնորհաւորենք Նարօտն ու Քրիստը եւ նորանոր նուաճումներ կը մաղթենք իրենց:

Թ. ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԴԱՍԵՐՈՒ ԱՒԱՐՏ

Չորեքշաբթի, 6 Մայիս 2015-ին, միջնակարգի Թ. դասարաններու աշակերտներուն դպրոցական տարեշրջանը աւարտեցաւ։ Կէսօրուան ժամը 1։00-ին, աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին Նորսիկեան մանկապարտէզի պարտէզը, ուր միասնաբար ճաշեցին եւ Արիանէ Թասլաքեանին հրաժեշտի կարկանդակը հատեցին: Արիանէն շուտով կը գաղթէ Լիբանանէն. յաջողութիւն կը մաղթենք իրեն: Հաճելի ժամ մը անցընելէ ետք, աշակերտները մեկնեցան դպրոցէն՝…

LIVING COLORS

Երեքշաբթի, 5 Մայիս 2015-ին, մանկապարտէզի վարդագոյն դասարանի աշակերտները իրենց ուսուցչուհիներուն ընկերակցութեամբ հաճելի ժամեր անցուցին «Living Colors» խաղավայրին մէջ։ Անոնք միասին խաղալէ ու զուարճանալէ ետք, շատ ուրախ, բայց նոյն ատեն յոգնած վերադարձան դպրոց։