ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՕՐ

Հինգշաբթի, 30 Ապրիլ 2015-ին Ճեմարանի բոլոր բաժիններուն մէջ տեղի ունեցան հայկական մշակութային միջոցառումներ: Մանկամսուրի փոքրիկները ձեռային աշխատանքով նուռ պատրաստեցին եւ ծանօթացան պտուղին: Մանկապարտէզի փոքրիկները ծանօթացան հայկական գործիքներու, ձեռագործի, հայկական ճաշի պատրաստութեան եւ Թումանեանի պատմութիւններուն: Անոնք պատի թերթի աշխատանք կատարեցին, տեսերիզ դիտեցին եւ հայկական ճաշ կերան: Տարրական բաժինի աշակերտները…

ՔԱՅԼԱՐՇԱՒ ԴԷՊԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ

Հինգշաբթի, 23 Ապրիլ 2015-ի առաւօտեան, Դ.էն ԺԲ. կարգերու աշակերտները հաւաքուեցան «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահ, ուր տեղի ունեցաւ ցեղասպանութեան 100 ամեակին նուիրուած գեղարուեստական յայտագիր մը, որ կ’ընդգրկէր ասմունք, մեներգ, նուագ ու պար: Դպրոցի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանի պատգամէն ետք, աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ու պատասխանատուներուն ընկերակցութեամբ քալեցին մինչեւ Մայրավանք՝ Ս. Ստեփանոսի…

ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը՝ ԺԲ. դասարանի աշակերտներուն, որոնց դասերը կը դադրին 20 Ապրիլին, որպէսզի անոնք պատրաստուին պետական քննութիւններուն: Ընկերային ծառայող Սիլվա Քիւրքճեան ներկայացուց դասախօսը՝ Տոքթ. Իշխան Եղիայեանը, որ անդրադարձաւ երիտասարդի մը կեանքին ընթացքին տալիք կարեւոր որոշումներուն: Այս անկիւնադարձային հանգրուանին է, որ երիտասարդը դժուարութեան մէջ…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ ԿԵԴՐՈՆ

Երեքշաբթի, 31 Մարտ 2015-ի առաւօտեան Ճեմարանի ԺԱ. Դասարանի 33 աշակերտները այցելեցին Զուարթնոց կեդրոն՝ ընկերակցութեամբ դպրոցի ընկերային ծառայող Սիլվա Քիւրքճեանի։ Աշակերտները մեծ անձկութեամբ կը սպասէին այս օրուան, երբ անոնք քանի մը ժամ պիտի անցընէին իրենցմէ տարբեր աշակերտներու հետ, պիտի փորձէին զգալ անոնց հետ եւ յարգանք ու սէր ցուցաբերէին անոնց…

ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ-ԶՐՈՅՑ

Հինգշաբթի, 26 Մարտ 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Չալեան սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ «Մեր զաւակները եւ մենք՝ մերօրեայ մարտահրաւէրներուն դիմաց» նիւթով դասախօսութիւն-զրոյց մը՝ ներկայութեամբ միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտներուն ծնողներուն: Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանի բացման խօսքէն ետք, օրուան նիւթերը ներկայացուցին Նաթալի Այվազեան (դպրոցական հոգեբան), Շաղիկ Խիւտավերտեան (Հայկազեան համալսարանի դասախօս), եւ…

ԶԱՏԻԿԸ ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻՆ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 1 Ապրիլ 2015-ին, Նորսիկեան մանկարպարտէզի աշակերտները եւ մանկամսուրի փոքրիկները տօնեցին Ս. Զատիկը իրենց ծնողներուն ներկայութեամբ: Փոքրիկները մեծ խանդավառութեամբ դիմաւորեցին օրուան հիւրերը՝ Նապաստակը, Աքլորն ու Ծաղրածուն, երգեցին ու պարեցին անոնց ընկերակցութեամբ, ապա բոլորը ուղղուեցան պարտէզ, ուր տեղի ունեցաւ հաւկթախաղը: Փոքրիկները սեղաններու շուրջ բոլորուած հաւկիթ խաղացին եւ կերան իրենց…