Յակոբ Թաշճեան կը ստանայ Դիրքորոշման փաստաթուղթի մրցանակ (Position Paper Award) Model United Nations ծրագրին

Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի աշակերտական պատուիրակութիւնները այս տարի եւս մասնակցեցան Model United Nations (MUN) ծրագրին, որ յաջորդաբար 10-րդ տարին ըլլալով կը կայանայ՝ հովանաւորութեամբ Լիբանան-Ամերիկեան Համալսարանին (LAU): Երկրորդական բաժինէն 16 աշակերտներ մասնակցեցան ծրագրով նախատեսուած վարժողական հանդիպումներուն, որոնք երկարեցան 5 շաբաթներու վրայ: Այդ հանդիպումներուն, աշակերտները խորացուցին իրենց գիտելիքները Միացեալ…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԱՅՆԹՈՒՐԱՅԻ ՀԱՅ ՈՐԲԵՐՈՒ ԳԵՐԵԶՄԱՆԸ

Երկուշաբթի, 30 Մարտ 2015-ին, նախակրթարանի եւ միջնակարգի Է. դասարանի աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ ուղղուեցան դէպի Այնթուրայի Սէն Ժոզէֆ վարժարանին մէջ գտնուող հայ որբերու գերեզմանը, ուր յիշատակի ու յարգանքի խօսքեր կարդացին Է. դասարանէն Ռուբէն Խաչատուրեան՝ ֆրանսերէն լեզուով, իսկ Նարօտ Խաչատուր՝ հայերէն: Ան ըսաւ.«Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին հայ մանուկները ենթարկուեցան հրէշային…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՊԵՏԱԿԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Ուրբաթ, 27 Մարտ 2015-ին, նախակրթարանի Զ. դասարաններու աշակերտները այցելեցին Պետական Թանգարան: Անոնք տեսերիզ մը դիտելէ ետք, շրջեցան թանգարանի զանազան բաժինները եւ ամրապնդեցին ընդհանուր պատմութեան դասանիւթի ծիրէն ներս իրենց ստացած գիտելիքները:

ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Երեքշաբթի, 24 Մարտ 2015-ին, առաջին եւ երկրորդ պահերուն նախակրթարանի Դ. դասարաններու աշակերտները ուղղուեցան սրահ, ուր ներկայ գտնուեցան Ճեմարանի շրջանաւարտ ատամնաբոյժ Տոքթ. Իշխան Եղիայեանի դասախօսութեան: Տոքթ. Իշխան շատ հետաքրքրական ձեւով աշակերտներուն ներկայացուց «Մարդակազմութիւն, առողջ ապրելակերպ եւ ակռաներու խնամք» նիւթը: Աշակերտները սորվեցան, թէ ի՛նչպէս լաւ եւ առողջ ապրելակերպը կը նպաստէ…

«ՔԱՂԱՔԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՎՆԱՍՆԵՐԸ»

Չորեքշաբթի, 18 Մարտ 2015-ին, նախակրթարանի Զ. դասարանի աշակերտները մեծ հաճոյքով բեմականացուցին իրենց դասը՝ «Քաղաքավարութեան Վնասները»:

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՍՈՒՍԱՆՆԱ ՄԿՐՏՉԵԱՆԻ ՀԵՏ

Երեքշաբթի, 10 Մարտ 2015-ին, Ճեմարանի Երկրորդական բաժինի աշակերտները հանդիպում ունեցան Վիքիմեդիա Հայաստան գիտակրթական հասարակական կազմակերպութեան (www.wikimedia.am) նախագահ` Սուսաննա Մկրտչեանի հետ, որ աշակերտներուն ներկայացուց Արեւմտահայերէն վիքիպեդիայի ստեղծման ու զարգացման ծրագիրը: Ան բացատրեց, թէ ի՛նչպէս աշակերտները կրնան ներդրում ունենալ արեւմտահայերէնի պահպանման համար մեծ կարեւորութիւն ունեցող այս նախաձեռնութեան մէջ:

ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ «ԲԵՆՕ ԹՈՆԴԵԱՆ» ՍԵՐՈՒՆԴԻ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ

Շաբաթ, 7 Մարտ 2015-ին, Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի «Չալեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ 2013-2014 տարեշրջանի շրջանաւարտներու ընդունելութիւնը: Շրջանաւարտներու Միութեան վարչութեան անդամ Արամ Սոմունճեան նոր սերունդին ներկայացուց Միութեան գործունէութիւնը, ապա իւրաքանչիւր շրջանաւարտ ինքզինք ծանօթացուց ներկաներուն՝ նշելով իր ընտրած մասնագիտութիւնը կամ ասպարէզը: Այնուհետեւ հրաւիրուեցաւ նոր սերունդին կնքահայրը՝ Համազգայինի Կեդրոնական…

85 ԱՄԵԱԿԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆԱԿԱՆ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԵԿՆԱՐԿ

Երեքշաբթի, 3 Մարտ 2015-ի առաւօտեան, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ աշակերտական հաւաք՝ նշելու 3 Մարտ 1930-ին հիմնուած Հայ Ճեմարանի 85 ամեակը: Դպրոցի զանազան բաժիններէն խումբ մը աշակերտներ խօսք առին եւ անդրադարձան Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան այդ օրերուն երկրորդական վարժարան մը հիմնելու ծրագրին կարեւորութեան, Լեւոն…