ԾՆՈՂԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐ 21 ՓԵՏՐՈՒԱՐԻՆ

Վաղը՝ Շաբաթ, 21 Փետրուար 2015-ին նախակրթարանի Զ. եւ Ե. դասարաններու ծնողական ժողովները տեղի պիտի ունենան նախատեսուածին պէս. Զ. դասարան՝ ժամը 9-ին Ե. դասարան՝ ժամը 11-ին: Տնօրէնութիւն

ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ

Մանկամսուրի, մանկապարտէզի եւ տարրական բաժինի աշակերտները բարեկենդանը նշեցին Չորեքշաբթի 11 Փետրուար 2015-ին։ Անոնք առաւօտեան սովորական ժամուն ծպտուած դպրոց ժամանեցին ։ Ուսուցիչները այդ օրուան համար յատուկ յայտագիր (մանկապարտէզի մէջ՝ աճպարարութիւն), խաղեր ու հիւրասիրութիւն պատրաստած էին։ Աշակերտները երգեցին, պարեցին ու խանդավառ մթնոլորտի մէջ հաճելի ժամեր անցուցին։ Տարրական բաժինի բարեկենդանի նկարները…