ՆԱԽԱՃԱՇ

Ուրբաթ, 28 Նոյեմբեր 2014-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին,Գուրունֆուլ ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ճեմարանի Ծնողական Խորհուրդին կազմակերպած նախաճաշը («Brunch»): Ներկաները հաճելի ժամանակ անցուցին մտերմիկ մթնոլորտի մէջ:

ՆԱԽԱՃԱՇ

Հինգշաբթի, 27 Նոյեմբեր 2014-ին, նախակրթարանի Ե. դասարաններու ընկերային յանձնախումբերուն կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ նախաճաշ՝ դաստիարակ ուսուցիչներուն հսկողութեամբ եւ օժանդակութեամբ: Նախաճաշին ընթացքին, ընկերային ծառայող Սիլվա Քիւրքճեան աշակերտներուն խօսեցաւ դպրոցէն ներս յայտնուող ընկերային անհասկացողութիւններուն մասին, որոնք երբեմն անհիմն կ’ըլլան: Նիւթը զարգացաւ զրոյցի, բեմականացման եւ կարծիքներու փոխանակման ընդմէջէն, եւ զանազան առաջարկներ ներկայացուեցան…

«NOEL ET MILLE MERVEILLES»

Երեքշաբթի, 25 Նոյեմբեր 2014-ին մանկամսուրի, մանկապարտէզի եւ տարրական բաժինի Ա. եւ Բ. դասարաններու աշակերտները ներկայ գտնուեցան «NOEL ET MILLE MERVEILLES» ֆրանսերէն լեզուով երաժշտախառն ներկայացումին:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՆԱՀՐ ԷՐ ՔԵԼՊ

Հինգշաբթի, 20 Նոյեմբեր 2014-ին Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով, միջնակարգի Է. դասարաններու աշակերտները այցելեցին Նահր Էլ Քելպ։ Արաբերէն լեզուի ուսուցչուհին կարդաց հոն զետեղուած բարձրաքանդակներուն արձանագրութիւնները եւ համապատասխան բացատրութիւնները տուաւ՝ Լիբանանի անկախութեան պատմութեան ու անձնաւորութիւններուն մասին, ապա աշակերտները երգեցին Լիբանանի քայլերգը։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԼՕԽ-Ի «ԱՊԸԲ» ԿԵԴՐՈՆ

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Դաստիարակչական Յանձնախումբի հրաւէրով Ժ. դասարաններու աշակերտները Երկուշաբթի, 24 Նոյեմբեր 2014-ին իրենց ուսուցչուհիներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոն, մօտէն ծանօթանալու կեդրոնի բաժանմունքներուն, Շրջանային վարչութեան, յանձնախումբերու եւ մասնաճիւղերու աշխատանքներուն: Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան տրուած բացատրութիւններուն, դիտեցին տեսերիզ մը, ապա շրջեցան կեդրոնի տարբեր բաժանմունքները: Աշակերտներուն հոգիներուն մէջ դրոշմուեցաւ…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ

Ուրբաթ, 21 Նոյեմբեր 2014-ին, տարրական բաժինի աշակերտները ճոխ մթնոլորտի մէջ նշեցին Լիբանանի անխախութեան տօնը:

ԴԷՊԻ «ՊԱԱՊՏԱ ԱՆՏԱՌ»

Չորեքշաբթի, 19 Նոյեմբեր 2014-ին, տարրական բաժինի երկրորդ դասարանի աշակերտները գացին «Պաապտա» անտառ (Baabda forest): Անոնք ծանօթացան անտառի տեսակաւոր ծառերուն եւ կարգ մը անասուններու: Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ ճեմեցին անտառին մէջ, բոյսեր ցանեցին հետեւելով մասնագիտական բացատրութիւններու: Այս այցելութեան ընթացքին աշակերտները ծանօթացան հրշէջի տարազին, ինչպէս նաեւ՝ հրդեհի մը պատճառներուն ու կանխարգիլման…

ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ

Կազմակերպութեամբ Ճեմարանի Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին, Երեքշաբթի, 18 Նոյեմբեր 2014-ին, A.U.B. համալսարանէն Սապին Մելիքսէթեան եւ A.U.L. համալսարանէն Ասաատ Ապուտ ԺԲ. դասարանի աշակերտներուն լուսաբանութիւններ տուին համալսարաններուն եւ մասնագիտութիւններուն մասին, ապա պատասխանեցին աշակերտներուն հարցումներուն:

ՆԱՐԵԿ ԴՈՒՐԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 12 Նոյեմբեր 2014-ին, հայրենի արուեստագէտ Նարեկ Դուրեան այցելեց Ճեմարան: Ան տնօրէնութեան հետ տեսակցելէ ետք, ներկայ գտնուեցաւ լսարանական միութեան ձեռնարկին եւ իր պատգամը փոխանցեց աշակերտներուն: Ան ըսաւ, թէ սփիւռքահայութեան ներդրումը անհրաժեշտ է հայրենիքի հզօրացման համար եւ շեշտեց, թէ այս մէկը չի նշանակեր անպայման սփիւռքահայուն տեղափոխումը Հայաստան, այլ՝ սփիւռքի…

ԼԵՎԱՄ-ի Ճատրակի մրցաշարքի վարժարաններու խմբային դասաւորման մէջ Ճեմարանը՝ առաջին

Կիրակի, 16 Նոյեմբեր 2014-ին, տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ԼԵՎԱՄի յանձնախումբի կազմակերպած Ճատրակի միջ-դպրոցական մրցաշարքը, որուն աւարտին ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքը գրաւեց Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանը: Ստորեւ Ճեմարանի մրցանակակիր աշակերտներուն անունները. 8 Տարեկան եւ վար.- Աղջիկներ՝ Լորի Պապիկեան (առաջին) Տղաք՝ Արեգ Ժերդիտեան (երրորդ) 10 Տարեկան…

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԻ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 12 Նոյեմբեր 2014-ին, Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու ղեկավարներ Ռազմիկ Պերթիզլեան, Ռոպերթ Առաքելեան, Կարէն ու Ժաքլին Մակինեաններ եւ Արմէն Ճենտերեճեան այցելեցին Ճեմարան: Արուեստագէտները հանդիպում ունեցան տնօրէնութեան, ապա Ա.էն Թ. դասարաններու աշակերտութեան հետ եւ խօսեցան «Թ. Ռոսլին» ակադեմիայի, «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցի, «Գայեանէ» պարարուեստի եւ «Արեգ» թատերական դպրոցներու կարեւորութեան, ուսումնական ծրագիրներուն,…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՏՊԱՐԱՆ ԵՒ ԳՐԱԽԱՆՈՒԹ

Հինգշաբթի, 6 Նոյեմբեր 2014-ին, տարրական բաժինի Ա. դասարաններու աշակերտները մեծ ուրախութեամբ ուղղուեցան դէպի Համազգայինի տպարանը։ Անոնք դիտեցին տպարանի գործիքները եւ մօտէն հետեւեցան տպագրական աշխատանքի հանգրուաններուն։ Աշակերտներուն մտքին մէջ յստակ դարձաւ գիրքի մը մեծաքանակ արտադրութեան աշխատանքի ձեւը։ Տպարանէն ետք, անոնք ուղղուեցան Համազգայինի գրախանութը, դիտեցին հոն ցուցադրուած եւ վաճառքի դրուած…