ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ

Կազմակերպութեամբ Ճեմարանի Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին, Հոկտեմբեր 2014-ին տեղի ունեցան ուսման կողմնորոշման հետեւեալ հանդիպումները ԺԲ. դասարանի աշակերտներուն հետ. Երկուշաբթի, 20 Հոկտեմբերին, Հայկազեան համալսարանի ներկայացուցիչները՝ ընկերակցութեամբ Ճեմարանի շրջանաւարտ Սագօ Յակոբեանին, խօսեցան եւ անհրաժեշտ ցուցմունքներ տուին Հայկազեան համալսարան մուտքի պայմաններուն, մասնագիտութիւններուն եւ կրթանպաստի մասին: Ուրբաթ, 24 Հոկտեմբերին, L.A.U. համալսարանի ընդունման գրասենեակէն…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «ԱՆԹԻԼԻԱՍ»-Ի ԳԵՏ

Չորեքշաբթի, 29 Հոկտեմբեր 2014-ին, նախակրթարանի Դ. դասարաններու աշակերտները այցելեցին «Անթիլիաս»-ի գետ՝ ամրապնդելու «Անուշ ջուրի միջավայր»ի մասին իրենց ստացած գիտելիքները։ Աշակերտները դիտեցին գետին ընթացքը եւ ծանօթացան հոն աճող բոյսերուն:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԳՐԱԽԱՆՈՒԹ

Ուրբաթ, 24 Հոկտեմբեր 2014-ին մանկապարտէզի կանաչ դասարաններու աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին «Մուաաուատ» գրախանութը՝ ամրապնդելու համար գրախանութի վերաբերեալ իրենց գիտելիքներն ու բառամթերքը։ Անոնք շրջեցան գրախանութին զանազան բաժինները եւ դիտեցին գրենական պիտոյքները։

ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԿԸ ՆՇԵՆ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԸ

Ուրբաթ, 17 Հոկտեմբեր 2014-ին, ժամը 1:30-ին, տարրական բաժինի աշակերտները «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ նշեցին թարգմանչաց տօնը: Առաջին, երկրորդ եւ երրորդ դասարաններու աշակերտները ներկայացուցին օրուան խորհուրդին վերաբերող երգեր ու արտասանութիւններ, ապա անոնք մեծ խանդավառութեամբ մասնակցեցան ուսուցիչներուն պատրաստած հանելուկ-խաղերուն: Ձեռնարկի աւարտին, ուրախ մթնոլորտը շարունակուեցաւ Բ. եւ Գ. դասարաններէն հետեւեալ…

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100 ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԳԻՐՔԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ. եպս. Փանոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածի, Ուրբաթ, 17 Հոկտեմբեր 2014-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած գիրքի պատրաստութեան միջդպրոցական մրցանակաբաշխութիւնն ու գիրքի շնորհահանդէսը: Հանդիսութեան ներկայ էին, տնօրէններ, ուսուցիչներ, ծնողներ, մեծ թիւով աշակերտներ…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՊԱՅԹԱՐԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ

Հինգշաբթի, 16 Հոկտեմբեր 2014-ին, Նորսիկեան մանկապարտէզի կանաչ դասարաններու աշակերտները այցելեցին Պայթարեան հաստատութիւն՝ դիտելու կարի գործիքները։ Աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ շրջեցան հաստատութեան զանազան յարկերը եւ ծանօթացան դերձակին աշխատանքի զանազան հանգրուաններուն։ Այցելութեան աւարտին, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն գործարանի բակին մէջ։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿԻՉՆԵՐՈՒ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՃԵՄԱՐԱՆ

Չորեքշաբթի, 15 Հոկտեմբեր 2014-ին, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան հրաւէրով Լիբանան ժամանած Հայաստանի հրատարակիչներու պատուիրակութիւնը այցելեց Ճեմարան: Հայրենի հիւրերը տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանի հետ տեսակցելէ ետք, շրջեցան դպրոցի զանազան բաժանումները:

ՃԱՏՐԱԿԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՃԵՄԱՐԱՆ

Հոկտեմբեր 2014-ին, Ճեմարան այցելեց Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնէն ներկայացուցիչ մը: Ան հանդիպում ունեցաւ տնօրէնութեան հետ, եւ համագործակցութեան շուրջ զրոյց մը տեղի ունեցաւ: Այս այցելութեան առիթով, դպրոցը նուէր ստացաւ ճատրակի մագնիսական տախտակ մը, ինչպէս նաեւ՝ անոր համար օգտագործուելիք քարերը:

ՊՈԼՍՈՅ «ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 3 Հոկտեմբեր 2014-ին, Պոլսոյ «Վարդանանց» երգչախումբի անդամները այցելեցին Ճեմարան: Անոնք տնօրէնութեան ընկերակցութեամբ շրջեցան դպրոցի զանազան բաժինները: Երրորդ զբօսանքին, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ, տնօրէնը աշակերտներուն ներկայացուց երգչախումբը, ապա աշակերտները առիթը ունեցան ըմբոշխնելու երկու երգ՝ «Վարդանանց»ի կատարողութեամբ: