«ՄէԿ ԴԱՐ ԵՒ ԱՒԵԼԻ… » Համահայկական մանկապատանեկան նկարչական հինգերորդ մրցոյթ-փառատօնի առաջին փուլի արդիւնքներ

Համահայկական մանկապատանեկան նկարչական հինգերորդ մրցոյթ-փառատօնին մասնակցող Ճեմարանի հետեւեալ աշակերտներուն աշխատանքները անցած են երկրորդ փուլ. Գալին Գիլէճեան (Արարատի ստորոտին) Մարիա Տէմիրճեան (Փոքրիկները՝ մեր ապագան) Լոռի Յովսէփեան (Մշակոյթով յառա՛ջ) Էտուարտ Թաշճեան (Շէն գիւղը) Միլա Խաչատուրեան (Վերապրող սերունդ) Քրիստ Փափազեան (Բարգաւաճ հայրենիք) Ռիթա Իրատեան (Երազ Մասիս) Կարօ Գրիգորեան (Վերջալոյսէն արշալոյս) Երկրորդ…

ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԻ ՅՈՒԼԻՍ ԱՄՍՈՒԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ

Ամբողջ տարուան ընթացքին իրագործուող մանկամսուրի ծրագիրը կ’ընդգրկէ թէ՛ ազատ եւ թէ առաջնորդուած խաղեր, ըստ երեխաներու տարիքային խմբաւորումին եւ անոնց պահանջներուն։ Յուլիս ամսուն մանկամսուրի ծրագիրը տարբեր բնոյթ մը կը ստանայ. Երկուշաբթի օրերը երեխաները կ’ամրապնդեն իրենց ֆիզիքական կարողութիւնները մարզական խաղերու ընթացքին։ Երեքշաբթի օրերը փոքրիկները կը ծանօթանան խոհանոցային աշխատանքին՝ իրենց մասնակցութիւնը…

ԺԲ. ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՎԿԱՅԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԲԱՇԽՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Ուրբաթ, 4 Յուլիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին մէջ, ծնողներուն, շրջանաւարտներուն, դպրոցի բարեկամներուն, անձնակազմին, տնօրէնութեան, խնամակալութեան ու Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայութեան տեղի ունեցաւ ԺԲ. աւարտական դասարանի վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը։ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, հանդէսը սկսաւ «աւարտական…

«Խաչիկ Պապիկեան» աշակերտական մրցանքներու մրցանակաբաշխութիւն

«Խաչիկ Պապիկեան» միջ-դպրոցական մրցանքներու մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւԿիրակի, 6 Յուլիս 2014-ին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի, վեհարանի դահլիճին մէջ ՝ ներկայութեամբ Խաչիկ Պապիկեանի դուստրերուն, դատակազմերու անդամներու, տնօրէններու, ուսուցիչներու, ծնողներու եւ մեծ թիւով աշակերտ-աշակերտուհիներու։ Ճեմարանի մրցանակակիր աշակերտներն են. Աւետիս Հայկ՝ երկրորդ, Փելթէքեան Մհեր՝ երրորդ (միջնակարգի հայոց պատմութեան, հայ մշակոյթի եւ…

ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՊԱՔԱԼՈՐԷԱՅԻ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի աւարտական դասարանի աշակերտները փայլուն յաջողութիւն արձանագրեցին ֆրանսական պաքալորէայի քննութիւններուն: 29 թեկնածուներէն յաջողեցան 28-ը, որոնցմէ 17-ը` յիշատակութեամբ (10 լաւ, 7-ը` բաւական լաւ) Ստորեւ յաջողած աշակերտներուն անուանացանկը. ԳԻՏԱԿԱՆ ԴԱՍԱՐԱՆԷՆ Նարէ Աղասարգիսեան (լաւ), Արին Պուչաքճեան (լաւ), Շաղիկ Տէր Պետրոսեան, Նարօտ Խտըրլարեան (լաւ), Մեղրի Մեսրոպեան, Սթեֆանի…

«ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ» ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆՔՆԵՐՈՒ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կազմակերպած «Խաչիկ Պապիկեան» աշակերտական մրցանքներուն մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 6 Յուլիս 2014-ին, յաւարտ Ս. Պատարագի, Կաթողիկոսարանի Վեհարանի դահլիճին մէջ, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Բախտաւորներու ցանկին մէջ են Ճեմարանը ներկայացնող հետեւեալ աշակերտները՝ Աւետիս Հայկ, Գարտաշեան Լէթիսիա, Թաշճեան Յակոբ, Ճենանեան Վանայ, Յովսէփեան Սէրուժ,…