ԾԱՆՕԹԱՆԱՆՔ ՀԱՅ ՖԵՏԱՅԻԻՆ

Ռուբէն Տէր Մինասեանի «Յիշատակներ»էն քաղուած հատուածին ընթերցումէն ու վերլուծումէն ետք, Ը. դասարանի իւրաքանչիւր աշակերտ նախաձեռնեց ֆետայիի մը ներկայացումին, վերծանելով անոր նկարագրային առանձնայատկութիւնները, գործունէութիւնը: Կցուած՝ պատկերներ աշակերտներուն ներկայացումներէն:

ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՃԱՏՐԱԿԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ

Կիրակի, 25 Մայիս 2014-ին, Ժամհուր վարժարանին մէջ աւարտեցաւ Լիբանանի 2014-ի տարիքային ախոյեանութիւնը: Երեկոյեան տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի անդամներուն, հիւրընկալ վարժարանին պատասխանատուներուն եւ մասնակցող աշակերտներուն ծնողներուն: Ստորեւ Ճեմարանի մրցանակակիր աշակերտներուն անունները. 8 տարեկանէն վար աղջիկներ՝ Ալիք Թենպէլեան (առաջին) եւ Անժելինա Դարբինեան (երկրորդ) 10 տարեկանէն վար տղաք՝…

ԱՌՈՂՋ ՍՆՆԴԱԿԱՆՈՆ

Դ. դասարանի գիտութեան ծրագիրը կ’ընդգրկէ առողջ սննդականոնի հետեւելու ու լաւ սովորութիւններ ունենալու անհրաժեշտութեան նիւթը: Ուրբաթ, 23 Մայիս 2014-ին, դպրոց հրաւիրուած էր Ճեմարանի շրջանաւարտ Արին Գասապեանը, որ այժմ կը հետեւի սննդագիտութեան մասնագիտութեան՝ ֆրանսական համալսարանէն ներս: Հաճելի եւ օգտակար մատուցումով Արինը Դ. դասարանի աշակերտներուն բացատրեց օրուան դասը, պատասխանեց անոնց հարցումներուն…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ Ա. ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ

Հինգշաբթի, 22 Մայիս 2014-ին, Գէորգ Յակոբճեան նախակրթարանի Ե. եւ Զ. դասարաններու աշակերտներուն ներկայացուց Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը նկարներու եւ տեսերիզի ցուցադրութեամբ, ապա տեղի ունեցաւ զրոյց: Գէորգ Յակոբճեան աւարտած է Հալէպի Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանը, ապա յաճախած է իրաւագիտութեան համալսարանը եւ տիրացած է միջազգային օրէնքի մաքիստրոսի աստիճանին Լոնտոնի համալսարանէն: Ան…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «ԺԱՊԱԼ ՄՈՒՍԱ»

Գիտութեան դասի ծիրէն ներս, Հինգշաբթի, 22 Մայիս 2014-ին, Զ. դասարանի աշակերտները իրենց ուսուցչուհիին եւ նախակրթարանի պատասխանատուին ընկերակցութեամբ այցելեցին «Ժապալ Մուսա», ուր բնութեան մէջ մէկ ժամ տեւած արշաւին ընթացքին՝ ուղեցոյցը բացատրութիւններ տուաւ շրջանին մէջ հազուագիւտ բոյսերուն եւ անասուններուն մասին։ Գիտելիքներով հարստացած եւ ուրախ տրամադրութեամբ՝ աշակերտները վերադարձան դպրոց։

ԱՐՏԱՍԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԳԾԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑՈՒՄ

Հինգշաբթի, 22 Մայիս 2014-ին, նախակրթարանի Ե. եւ Զ. դասարաններէն չորս աշակերտներ մասնակցեցան Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագրութեան կազմակերպած արտասանութեան եւ գծագրութեան մրցումին՝ Ահրամճեան Կեդրոնէն ներս: Մարգարիտա Միքայէլեան առաջին հանդիսացաւ Զ. դասարաններու արտասանութեան մրցումին: Կալի Քէշիշեան առաջին հանդիսացաւ Ե. դասարաններու գծագրութեան մրցումին: Կայէլ Գրիգորեան երկրորդ հանդիսացաւ Զ….

ԴԷՊԻ ԱՐՀԵՍՏԱՆՈՑ

Երեքշաբթի, 20 Մայիս 2014-ին, տարրական բաժինի Բ. դասարաններու աշակերտները այցելեցին «Yammine» փուռը եւ երեք արհեստանոց։ Անոնք մեծ հետաքրքրութեամբ դիտեցին փռապանի, կօշկակարի, դարբինի եւ ատաղձագործի աշխատանքները։ Յատուկ շնորհակալութիւն Պարոններ Ժագ եւ Արա Տէմիրճեաններուն՝ իրենց ցուցաբերած ջերմ ընդունելութեան համար։

ՄՆԱՍ ԲԱՐՈՎ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶ

2013-2014 տարեշրջանի աւարտին կանաչ դասարաններու աշակերտները իրենց ձեռքերուն դրոշմը կը ձգեն մանկապարտէզի պատերուն վրայ: Աւանդութեան վերածուած այս սովորութեամբ կը զարդարուին մանկապարտէզի պատերը: Իւրաքանչիւր աշակերտի անունը կը գրուի իր դրոշմին վրայ: 6 Յունիս 2014-ին, փոքրիկները կը ստանան իրենց վկայականները եւ հրաժեշտ կու տան իրենց համար այնքան սիրելի Նորսիկեան մանկապարտէզին:

«Հայաստանի Ա. Հանրապետութենէն դէպի ամբողջական Հայաստան» նիւթով միօրեայ սեմինար

Կիրակի, 18 Մայիս 2014- ին, միջնակարգի Է. եւ Ը. դասարաններէն հինգ աշակերտներ՝ Նարեկ Մեսրոպեան, Կալի Միսիրեան, Լոռի Գորէսեան, Արիանէ Թասլաքեան եւ Հայկ Աւետիս, մասնակցեցան Լիբանանի Պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինի քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպած «Հայաստանի Ա. Հանրապետութենէն դէպի ամբողջական Հայաստան» նիւթով միօրեայ սեմինարին՝ «Աբրահամ Աշճեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ: Մանրամասնութիւնները…

ԼԵՎԱՄ

2013-2014 տարեշրջանի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի Յանձնախումբին կազմակերպած պասքեթպոլի մրցումներուն աւարտական հանգրուանը տեղի ունեցաւ Շաբաթ եւ Կիրակի, Մայիս 17-18, 2014-ին, Աղբալեան Հ.Մ.Ը.Մ. Մարզամշակութային Համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: Մրցումներէն ետք տեղի ունեցան պասքեթպոլի եւ մինի ֆութպոլի մրցանակաբաշխութիւնները: Ստորեւ Ճեմարանի աշակերներուն արձանագրած փայլուն արդիւնքներ.- Շաբաթ Մայիս…

ԴԷՊԻ ԱՐԱՐԱՏ

Ուրբաթ, 16 Մայիս 2014-ին Ճեմարան այցելեց Արի Չէօրէքճեան, որ Օգոստոս 2013-ին Արարատի գագաթը նուաճած էր: Ան իր փորձառութիւնը նկարներու ցուցադրութեամբ ներկայացուց նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտներուն: Աշխարհագրութեան դասանիւթի ծիրէն ներս, ան աշակերտներուն փոխանցեց մանրամասն տեղեկութիւններ լեռնագնացութեան մասին՝ նախապատրաստութիւններ, տեւողութիւն, կլիմայ, դժուարութիւններ եւ անշուշտ զգացումներ: Ներկայացման աւարտին Արի Չէօրէքճեան պատասխանեց…

LIVING COLORS

Հինգշաբթի, 15 Մայիս 2014-ին, մանկապարտէզի վարդագոյն դասարանի աշակերտները իրենց ուսուցչուհիներուն ընկերակցութեամբ հաճելի ժամեր անցուցին «Living Colors» խաղավայրին մէջ։ Անոնք միասին խաղալէ ու զուարճանալէ ետք, շատ ուրախ, բայց նոյն ատեն յոգնած վերադարձան դպրոց։