ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԿԵՆԴԱՆԱԲԱՆԱԿԱՆ ՊԱՐՏԷԶ

Չորեքշաբթի, 30 Ապրիլ 2014-ին մանկապարտէզի կապոյտ դասարանի աշակերտները այցելեցին կենդանաբանական պարտէզ, ուր դիտեցին անասունները եւ ստացան իւրաքանչիւր անասունի համապատասխան բացատրութիւններ։ Աշակերտները այս այցելութեամբ ամրապնդեցին անասուններու մասին իրենց գիտելիքները: Անոնք հաճելի ժամանակ անցուցին եւ ուրախ ու խանդավառ վերադարձան դպրոց։

ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԱԽՈՅԵԱՆ՝ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԻՋԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՊԱՐԻ ՄՐՑԱՆՔԻՆ

Երկուշաբթի, 28 Ապրիլ 2014-ին, Իւնէսքոյի մէջ, Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի Դ. դասարանի ատենամարզանքի պարի խմբակը՝ պարուսոյց Մարիժան Ատուրեանի ղեկավարութեամբ, մասնակցեցաւ Լիբանանի միջդպրոցական պարի մրցանքին ։ Ճեմարանի խմբակը ներկայացուց հայկական պար մը եւ բարձր գնահատանքի արժանանալով առաջին դիրքը գրաւեց փոքր աղջիկներու դասակարգին մէջ։ Մրցանքին մասնակցեցան հետեւեալ աշակերտները՝ Աբովեան…

ՔԱՅԼԱՐՇԱՒ ԴԷՊԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ

Չորեքշաբթի, 23 Ապրիլ 2014-ի առաւօտեան, Ե.էն ԺԲ. կարգերու աշակերտները դպրոցի տարբեր սրահներուն մէջ ցեղասպանութեան մասին տեսերիզներ դիտելէ ետք, հաւաքուեցան «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահ, ուր դպրոցի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան անդրադառնալով քայլարշաւի խորհրդանշական արժէքին, ըսաւ. «Մեր նախահայրերը իրենց հայրենի երկրէն մինչեւ անապատի աւազները քալեցին։ Կրելով անոնց տանջանքին մէկ աննշան բաժինը,…

ԶԱՏԻԿԸ ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻՆ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 16 Ապրիլ 2014-ին, Նորսիկեան մանկարպարտէզի աշակերտները եւ մանկամսուրի փոքրիկները տօնեցին Ս. Զատիկը իրենց ծնողներուն ներկայութեամբ: Փոքրիկները մեծ խանդավառութեամբ դիմաւորեցին օրուան հիւրերը՝ Նապաստակը, Աքլորն ու Ծաղրածուն, երգեցին ու պարեցին անոնց ընկերակցութեամբ, ապա բոլորը ուղղուեցան պարտէզ, ուր տեղի ունեցաւ հաւկթախաղը: Փոքրիկները սեղաններու շուրջ բոլորուած հաւկիթ խաղացին եւ կերան իրենց…

ՅԱՐԳԱՆՔ ՄԵՐ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ

Երկուշաբթի, 14 Ապրիլ 2014-ին, տարրական բաժինի աշակերտները մոմեր վառեցին ու ծաղիկներ զետեղեցին դպրոցի մուտքին՝ նահատակ մտաւորականներուն բարձրաքանդակներուն առջեւ։ Նոյն օրը Գ. դասարաններու աշակերտներուն նկարչութեան ուսուցիչ Գրիգոր Արփաճեան բացատրեց, թէ ի՞նչպէս պիտի պատրաստեն Ծիծեռնակաբերդի յուշակոթողին մանրակերտը: 1915-ի եղեռնի նահատակներուն յիշատակը միշտ վառ կը մնայ մեր յիշողութեան մէջ: Յարգանք մեր…

ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Երկուշաբթի, 14 Ապրիլ 2014-ին, պոլսահայ պատուիրակութիւնը այցելեց Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան: Տիգրան Ալթուն, Սարգիս Կիւլեկեչ եւ Զաքարիա Միլտանօղլու հանդիպում ունեցան տնօրէնութեան հետ, ապա շրջեցան դպրոցի զանազան բաժանմունքները:

ԱՌՈՂՋ ՍՆՆԴԱԿԱՆՈՆԻ ԳԱՂՏՆԻՔԸ

Ուրբաթ, 11 Ապրիլ 2014-ին, Ճեմարանի շրջանաւարտ Տոքթ. Իշխան Եղիայեան Դ. դասարաններու գիտութեան դասապահուն աշակերտներուն ներկայացուց «Առողջ սննդականոնի գաղտնիքը» նիւթը: Տոքթ. Իշխան բացատրեց, թէ ի՛նչպէս ուտելիքները կ’ազդեն մեր առողջապահութեան եւ ակռաներուն վրայ: Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան եւ ստացան իրենց հարցումներուն լուսաբանութիւնները:

ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Հինգշաբթի, 10 Ապրիլ 2014-ին, տեղի ունեցաւ հայոց ցեղասպանութեան մասին դասախօսութիւն-զրոյց մը՝ նախակրթարանի Զ. դասարաններու աշակերտներուն: Ճեմարանի շրջանաւարտ եւ ուսուցիչ Խաչիկ Հրակ Տէմիրճեան խօսեցաւ ցեղասպանութեան ու Հայ Դատի աշխատանքներուն մասին եւ անդրադարձաւ իւրաքանչիւր հայու դերակատարութեան՝ այս աշխատանքներուն ծիրէն ներս: Աշակերտները մասնակցեցան զրոյցին եւ հարստացուցին իրենց գիտելիքները:

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ-ԶՐՈՅՑ

Ընկերային կազմաւորման ծիրէն ներս, Շաբաթ 29 Մարտ 2014-ին, ԺԱ. դասարանի աշակերտները հանդիպում ունեցան մասնագիտութեամբ բնաբան եւ թմրեցուցիչներու մասին քաջածանօթ՝ Շաղիկ Չափարեանին հետ: Այս հանդիպումին ընթացքին, Օրդ. Չափարեան բացատրեց տարբեր տիպի թմրեցուցիչներու յատկանիշները եւ անոնց պատճառած ազդեցութիւնները պատանիներուն ֆիզիքական եւ մտային առողջութեան վրայ: Հարցումներուն պատասխանելով, Օրդ. Չափարեան խորացաւ յատկապէս…

ԲԱԼԻԿ ԾԱՏՈՒՐԵԱՆ՝ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՄԱՐԶԻԿՈՒՀԻ ԵՒ ՄԻՀՐԱՆ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ՝ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՄԱՐԶԻԿ

Կիրակի 6 Ապրիլ, 2014-ին, «Աղբալեան ՀՄԸՄ» – մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած պասքեթպոլի մրցումներուն արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները. 99/00/01 ԱՂՋԻԿՆԵՐ ՃԵՄԱՐԱՆ – Ս. ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ 38-7 Մրցումի լաւագոյն մարզիկուհի` Բալիկ Ծատուրեան 2000/01 ՏՂԱՔ ՃԵՄԱՐԱՆ – Ե. ՄԱՆ. 29-21 Մրցումի լաւագոյն…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՀՐՇԷՋՆԵՐՈՒ ԿԵԴՐՈՆ

Ուրբաթ,4 Ապրիլ 2014-ին, մանկապարտէզի կապոյտ դասարաններու աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին հրշէջներու կեդրոն։ Աշակերտները դիտեցին հրշէջին տարազը եւ ստացան համապատասխան բացատրութիւններ։ Անոնք բարձրացան հրշէջներու ինքնաշարժը եւ ուսումնասիրեցին անոր զանազան բաժանումները։ Աշակերտները ամրապնդեցին իրենց բառամթերքն ու գիտելիքները։ Անոնք գոհ եւ ուրախ վերադարձան դպրոց։

ՄԻՋԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ԳԾԱԳՐԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆՔ

Շաբաթ, 5 Ապրիլ 2014-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին «Լեւոն Շանթ» կեդրոնին մէջ Համազգայինի «Թ. Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի տարիներու սովորութեան համաձայն, այս տարի եւս կազմակերպուեցաւ միջդպրոցական գծագրական մրցանք, որ իր շուրջ համախմբեց 17 հայկական դպրոցներէ 44 աշակերտներ: Ճեմարանի աշակերտներէն Կասիա Գրիգորեան 6-էն 8 տարեկան խմբակին երրորդ հանդիսացաւ, իսկ Վառակ Նարեկ…