Թ. ԴԱՍԱՐԱՆԷՆ ԱՐԵՆԻ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՇԱՐԱԴՐՈՒԹԵԱՆ Դ. ՄՐՑՈՒՄԻՆ

Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտական խորհուրդի տեղեկատուական-ուսումնասիրական աշակերտական խմբակին, Ուրբաթ, 28 Մարտ 2014-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Մեսրոպեան վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Հրանդ Տինք» միջդպրոցական շարադրութեան Դ. մրցանքի մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնը` ներկայութեամբ Մեսրոպեան վարժարանի հրաւէրով Լիբանան ժամանած Հրանդ Տինքի փաստաբան Էրտալ Տողանին եւ պոլսահայ լրագրող Հրանդ…

Հ.Մ.Ը.Մ. ԼԵՎԱՄ-ՀԵԾԵԼԱՐՇԱՒ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի Յանձնախումբին կազմակերպած հեծելարշաւի մրցումը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 30 Մարտ 2014-ին, առաւօտեան ժամը 8:30-էն սկսեալ, Մարինա – Տպպայէի մէջ: Ստորեւ Ճեմարանի աշակերտներուն արձանագրած արդիւնքները. 1996 / 97 ի ծնունդ տղաք (20 քմ) ՝ Յակոբ Միսիրեան (երկրորդ) 45′ 55″, Սերժ Տիշչէքէնեան (երրորդ) 49′ 06″ 1998…

«Conflict resolution»

Կազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանի «Peace building committee»-ին, միջդպրոցական երկրորդ աշխատանքային հանդիպումը կայացաւ Շաբաթ, 22 Մարտ 2014-ին, մասնակցութեամբ լիբանանեան հայկական թէ օտար վարժարաններու աշակերտներու: Ճեմարանի երկրորդական բաժինի Ժ. դասարանէն 6 աշակերտներ մասնակցեցան վերոյիշեալ հանդիպումին, ուր ներկայացուեցաւ «վէճերու հանգուցալուծում» (Conflict resolution) նիւթը: Այս հանդիպումին աշակերտները լսեցին բացատրութիւններ, թէ ի՛նչ ունակութիւններու տէր…

Ե. ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԻ ՕՐՈՒԱՆ ՆՇՈՒՄԻՆ

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին, Ուրբաթ, 21 Մարտի 2014-ն, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ նշուեցաւ Հայ մանուկներու օրը: Օրուան խորհուրդը փոխանցեց Լիբանանի Մանուկներու ազգային մարմինի նախագահ դոկտ. Նուր Սալման, որ ողջունեց սրահին մէջ հաւաքուած մանուկները, շնորհաւորեց զանոնք եւ մաղթեց, որ իսկական մանկութիւն ապրելու կարելիութիւնն ու առիթը ունենան:…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶ

Չորեքշաբթի, 19 Մարտ 2014-ին, տարրական բաժինի Ա. դասարաններու աշակերտները ընդառաջեցին մանկապարտէզի կանաչ դասարանի աշակերտներուն ճաշի հրաւէրին։ Անոնք միասին ճաշեցին, երգեցին ու խաղացին հաճելի եւ անմոռանալի պահեր ապրելով։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԺՊԷՅԼ

Աշխարհագրութեան դասանիւթի ծիրէն ներս, Չորեքշաբթի, 19 Մարտ 2014-ին, Ե. դասարաններու աշակերտները իրենց ուսուցչուհիներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին Ժպէյլ քաղաքը։ Անոնք ուղեցոյցի մը առաջնորդութեամբ շրջեցան բերդին մէջ եւ ծանօթացան անոր պատմութեան։ Աշակերտները այցելեցին հռոմէական թատրոն եւ ամրապնդեցին աշխարհագրութեան դասին վերաբերող իրենց գիտելիքները։ Աշակերտները այցելեցին նաեւ ցեղասպանութենէն ետք հազարաւոր հայ որբերու ապաստան…

ՃԵՄԱՐԱՆԸ ԱՌԱՋԻՆ՝ ԼԵՎԱՄ-ի ԴԱՇՏԱՅԻՆ ԽԱՂԵՐՈՒ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԴԱՍԱՒՈՐՄԱՆ ՄԷՋ

ՀՄԸՄ-ի ԼԵՎԱՄ-ի դաշտային խաղերը, տեղի ունեցան Կիրակի, 16 Մարտ, 2014-ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի մարզադաշտին վրայ: Ստորեւ Ճեմարանի աշակերտներուն արձանագրած արդիւնքները. ԵՐԿԱՐ ՎԱԶՔ՝ 2003/2004-ի ծնունդ աղջիկներ՝ Կասիա Թիւթէլեան (առաջին) 2′ 07, Ինեսսա Քեչեք (երկրորդ) 2′ 09, Լէա Պուտաքեան (երրորդ) 2’14, Նարօտ Թասլաքեան (չորրորդ) 2′ 16 Տղաք՝ Պետօ Գալուստեան (առաջին)…

ԳԻՇԵՐԱԶԳԵՍՏԻ ՕՐ ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԻ ՄԷՋ

Տան մտերմիկ եւ տաքուկ մթնոլորտը դպրոցէն ներս եւս վայելելու նպատակով, Ուրբաթ, 14 Մարտ 2014-ին, մանկամսուրի փոքրիկները եւ ուսուցչուհիները դպրոց եկան գիշերազգեստներով: Անոնք միասնաբար պատրաստեցին նախաճաշը: Ուտելէ ետք, ունկնդրեցին պատմութիւն մը, ապա տեսերիզ դիտեցին: Մանկապարտէզի սրահէն ներս խամաճիկ դիտելէ ետք, անոնք ճաշեցին ու մտան իրենց անկողինները եւ քնացան:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԾՈՎԱՅԻՆ ԱՆԱՍՈՒՆՆԵՐՈՒ ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Գիտութեան դասի ամրապնդումին համար, Չորեքշաբթի, 12 Մարտ, 2014-ին, Դ. դասարանի աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին «Les merveilles de la mer» ծովային անասուններու թանգարանը, ուր անոնց ներկայացուեցաւ տեսերիզ մը՝ ծովային անասուններու մասին: Աշակերտները հետաքրքրութեամբ հետեւեցան բացատրութիւններուն, ապա թանգարանին մէջ ցուցադրուած «aquarium»ներու մէջ ապրող անասունները դիտեցին: