«ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՐԲԵՐԸ»

Ուրբաթ, 24 Յունուար 2013-ի առաւօտեան, երկրորդական բաժինի ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու աշակերտները ներկայ գտնուեցան Պարէտ Մարոնեանի «Ցեղասպանութեան որբերը» («Օրֆընզ աֆ տը ճենոսայտ») վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութեան՝ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:

ԼԵՎԱՄ-ի Ճատրակի մրցաշարքի վարժարաններու խմբային դասաւորման մէջ Ճեմարանը՝ առաջին

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած ճատրակի մրցաշարքը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 19 Յունուար 2014-ին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ` մասնակցութեամբ 108 աշակերտ-աշակերտուհիներու: Ճեմարանը առաջին հանդիսացաւ վարժարաններու խմբային դասաւորման մէջ: Ստորեւ Ճեմարանի մրցանակակիր աշակերտներուն անունները. 8 տարեկան եւ վար տղաք՝ Նիքոլա Մուրատեան (երկրորդ) եւ Հայկ…

«ՄՕՐԱՔՈՅՐԸ՝ ՓԱՐԻԶԷՆ»

Ուրբաթ, 17 Յունուար 2014-ին, Միջնակարգի Թ. դասարանի եւ երկրորդական բաժնի աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ ներկայ գտնուեցան «Մօրաքոյրը` Փարիզէն» կատակերգութեան ներկայացման: Աշակերտները մեծ հաճոյքով դիտեցին ներկայացումը եւ գոհունակութեամբ վերադարձան դպրոց:

ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՔՆԵՐ

Կաղանդի արձակուրդէն անմիջապէս ետք, տարրական բաժինի Բ. դասարանի աշակերտները ֆրանսերէնի քանի մը դասապահ տրամադրեցին երաժշտական գործիքներու ծանօթացման աշխատանքին: Աշակերտները նկարներ եւ գործիքներ բերին դասարան, խումբերով աշխատեցան եւ խոյզեր պատրաստեցին փչողական, հարուածային եւ լարային գործիքներու մասին: Խոյզերու ներկայացումէն ետք աշխատանքները տեղադրուեցան ցուցատախտակներու վրայ:

«Պզտիկ-Մզտիկ»-ի «Անսխալ Գրենք» մրցումի մրցանակաբաշխութիւնը

Ուրբաթ, 27 Դեկտեմբեր 2013-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի խմբագրական կազմի կազմակերպած «Անսխալ գրենք» մրցումի մրցանակաբաշխութիւնը: Ճեմարանի մրցանակակիր աշակերտներն են. 4-րդ դասարանէն՝ Հրակ Լախեան եւ Մարիա Գափլանեան (անսխալ), Ցօղիկ Թրթռեան (1 սխալ) 5-րդ դասարանէն՝ Սէրլի Հաճաքեան (անսխալ), Սարին Զարմէնեան (1…

Այցելութիւն Children’s Cancer Center եւ Զուարթնոց Կեդրոն

Տօնական օրերու նախօրեակին, Ուրբաթ, 20 Դեկտեմբեր 2013-ին Ճեմարանի ընկերային ծառայող Սիլվա Քիւրքճեան եւ ուղղավարժ Մարիա Պիլէմճեան այցելեցին Children’s Cancer Center եւ տարրական ու նախակրթարան բաժիններու աշակերտներուն կողմէ բարեմաղթանքներով ու քաղցրեղէններով ուրախացուցին հիւանդները: Նոյն նպատակով, ֆրանսերէն լեզուի համադրող Անի Կէօքճեանի ընկերակցութեամբ անոնք այցելեցին Զուարթնոց Կեդրոն եւ Է. դասարաններու աշակերտներուն…