ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՔՆԵՐ

Դեկտեմբեր ամսուն, տարրական բաժինի Բ. դասարանի աշակերտները ֆրանսերէնի քանի մը դասապահ տրամադրեցին երաժշտական գործիքներու ծանօթացման աշխատանքին: Աշակերտները նկարներ եւ գործիքներ բերին դասարան, խումբերով աշխատեցան եւ խոյզեր պատրաստեցին փչողական, հարուածային եւ լարային գործիքներու մասին: Խոյզերու ներկայացումէն ետք աշխատանքները տեղադրուեցան ցուցատախտակներու վրայ:

ԳՆԱՀԱՏԵԼԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Նախակրթարանի Ե. դասարանի բնապահպանութեան խմբակը բոլոր դասարաններուն բոյս նուիրեց՝ շիշեր վերագործածելով:

«ՈՍԿԻ ԽՆՁՈՐԸ»

Հինգշաբթի, 11 Դեկտեմբեր 2014-ին, տարրականի եւ նախակրթարանի աշակերտները ներկայ գտնուեցան Համազգայինի «Արեգ» թատերախումբի «Ոսկի Խնձորը» ներկայացումին՝ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ: Ներկայացման իրենց մասնակցութիւնը բերին Ճեմարանի հետեւեալ աշակերտները՝ Վահան Մանիսաճեան, Քրիստոֆ Մաքտեսեան, Կարէն Աֆարեան, Սեւակ Զարմէնեան, Լոռի Խաչատուրեան, Լիլա Մաքտեսեան, Նանար Այնթապլեան, Մարիա Գափլանեան, Կարէն Ճինպաշեան, Կարէն Խիւտավերտեան,…

DJEMARAN MUN-2014 (Model United Nations) LAU CAMPUS

Ժ. Դասարանէն 16 աշակերտներ կը մասնակցին LAU համալսարանի կազմակերպած MUN-ի (Model United Nations) միջդպրոցական վարժութիւններուն: ՄԱԿ-ի կառոյցները ուսումնասիրելով, աշակերտները կը սորվին դիւանագիտական, քաղաքական կեցուածքի, հրապարակախօսութեան եւ այլ ունակութիւններ՝ ընկալելով աշխարհաքաղաքական ոլորտին վերաբերող բարդ յարաբերութիւնները: Այս աշխատանքները սկսան 29 Նոյեմբեր 2014-ին եւ պիտի աւարտին 31 Մարտ 2015-ին: Յաջողութիւն կը…

ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՊԱԶԱՐ

Ծնողական Խորհուրդին կազմակերպած «Նոր Տարուան Պազար»ի բացումը կատարուեցաւ Հինգշաբթի, 11 Դեկտեմբեր 2014-ի առաւօտեան ժամը 10-ին, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ: Մանկապարտէզի աշակերտները ելոյթ ունեցան կաղանդի երգերով եւ պարեցին «կաղանդ պապա»ներուն հետ, ապա փոքրիկները իրենց ծնողներուն ընկերակցութեամբ վայելեցին պազարին ճոխ մթնոլորտը եւ ճաշակեցին համեղ ուտելիքները: Պազարը բաց կը մնայ…

ԼԵՎԱՄ-Ի ՓԻՆԿ ՓՈՆԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ` ՃԵՄԱՐԱՆԸ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԽՄԲԱՅԻՆ ԴԱՍԱՒՈՐՄԱՆ ՄԷՋ

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին, աջակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի փինկ փոնկի յանձնախումբին, Կիրակի, 7 Դեկտեմբեր 2014-ին տեղի ունեցաւ ԼԵՎԱՄ-ի փինկ փոնկի մրցաշարքը: Մրցումի աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: Ստորեւ Ճեմարանի մրցանակակիր աշակերտներուն անունները. 2003 / 2004-ի ծնունդ աղջիկներ՝ Թիլա Պլըտեան (առաջին), Ինեսսա Քեչէք (երկրորդ), Սվետլանա Միքայէլեան եւ Լորի Պէրպէրեան…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՀԱՆՐԱԽԱՆՈՒԹ

Երեքշաբթի 2 Դեկտեմբեր 2014-ին, մանկապարտէզի կապոյտ դասարաններու աշակերտները այցելեցին «Bou Khalil» եւ ծանօթացան հանրախանութի տարբեր բաժիններուն: Չորեքշաբթի առաւօտեան, նախաճաշի պահուն, աշակերտները մեծ ուրախութեամբ ճաշակեցին իրենց գնած սննդարար ուտելիքները:

ԼԵՎԱՄ-Ի 2014-2015 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ՔՐՈՍ ՔԱՆԹՐԻ

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին եւ գործակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի աթլեթիզմի յանձնախումբին, Կիրակի 23 Նոյեմբեր 2014-ին, առաւօտեան ժամը 8:00-էն 9:30 տեղի ունեցաւ ԼԵՎԱՄ-ի 2014-2015 տարեշրջանի քրոսը` Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ: Մրցումի աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: Ստորեւ Ճեմարանի մրցանակակիր աշակերտներուն անունները. 2001-2002-ի ծնունդ աղջիկներ՝ Լէա Պուտաքեան (երկրորդ) –…

ԿԱՊՈՅՏ ԴԱՍԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Հինգշաբթի, 27 Նոյեմբեր 2014-ին կապոյտ դասարաններու աշակերտները այցելեցին դպրոցին մօտակայ յարկաբաժին մը, դիտելու տան զանազան բաժանումները եւ ամրապնդելու համար դասարանէն ներս իրենց սորվածները։ Այցելութեան աւարտին տանտիկինը քաղցրեղէն հրամցուց աշակերտներուն։

ՆԱԽԱՃԱՇ

Հինգշաբթի, 27 Նոյեմբեր 2014-ին, նախակրթարանի Ե. դասարաններու ընկերային յանձնախումբերուն կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ նախաճաշ՝ դաստիարակ ուսուցիչներուն հսկողութեամբ եւ օժանդակութեամբ: Նախաճաշին ընթացքին, ընկերային ծառայող Սիլվա Քիւրքճեան աշակերտներուն խօսեցաւ դպրոցէն ներս յայտնուող ընկերային անհասկացողութիւններուն մասին, որոնք երբեմն անհիմն կ’ըլլան: Նիւթը զարգացաւ զրոյցի, բեմականացման եւ կարծիքներու փոխանակման ընդմէջէն, եւ զանազան առաջարկներ ներկայացուեցան…

ՆԱԽԱՃԱՇ

Ուրբաթ, 28 Նոյեմբեր 2014-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին,Գուրունֆուլ ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ճեմարանի Ծնողական Խորհուրդին կազմակերպած նախաճաշը («Brunch»): Ներկաները հաճելի ժամանակ անցուցին մտերմիկ մթնոլորտի մէջ: