ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը յայտնէ, որ 2012-2013 տարեշրջանի Պրէօվէի պետական քննութիւններուն յաջողած են Թ. դասարանի 42 աշակերտներէն 39-ը: Ստորեւ յաջողած աշակերտներուն անունները. Պոյաճեան Սեւանա, Գարտաշեան Լէթիսիա, Քեչէպաշեան Նարօտ, Խաչատուրեան Ծիլա, Լոզոյեան Արին, Մելքոնեան Սելին, Մեսրոպեան Ալիք (լաւ), Նորամանեան Նարօտ, Սարգիսեան Սերին, Չոքաքլեան Արին,…

ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԻ ՅՈՒԼԻՍ ԱՄՍՈՒԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ

Յուլիս ամսուան ընթացքին մանկամսուրի մէջ կը կիրարկուի տարբեր բնոյթի ծրագիր մը. Երկուշաբթի՝ մարզական, Երեքշաբթի՝ խոհանոցի, Չորեքշաբթի՝ լողաւազանի, Հինգշաբթի՝ ձեռային աշխատանքի, իսկ Ուրբաթ՝ պարտէզի օր է: Երեխաները այս մէկ ամսուան ընթացքին կ՚ամրապնդեն իրենց ֆիզիքական կարողութիւնները մարզական խաղերու ընդմէջէն, կը ծանօթանան խոհանոցային աշխատանքին՝ իրենց մասնակցութիւնը բերելով անուշեղէններու պատրաստութեան, լողաւազաններու մէջ…

ՔԵՐՄԷՍ

2012-2013 տարեշրջանը փակուեցաւ Ճեմարանի աւանդական քերմէսով, որ փոխարինելով վերջին տարիներու ամավերջի հանդէսներէն երկուքը՝ ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտ ստեղծեց դպրոցին բացօթեայ դաշտերուն վրայ, Ուրբաթ 5 եւ Շաբաթ 6 Յուլիս, 2013-ին: Ճեմարանի ամբողջ անձնակազմը, շրջանաւարտներ, աշակերտներ ու ծնողներ գործի լծուած էին: Բծախնդրութեամբ ընտրուած խաղերը՝ մարզական թէ դաստիարակիչ, յարմար էին թէ՛…

ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՊԱՔԱԼՈՐԷԱՅԻ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի աւարտական դասարաններու ֆրանսական պաքալորէայի ներկայացած 23 աշակերտներէն յաջողած են 22-ը: 15 աշակերտներ արժանացած են յիշատակութեան (3 լաւ եւ 12 բաւական լաւ): Ստորեւ յաջողած աշակերտներուն անուանացանկը. Գիտական դասարանէն.- Արազ Արամալեան (բաւական լաւ), Փաթիլ Պապիկեան (բաւական լաւ), Փաթիլ Գէորգեան (լաւ), Վարդի Գույումճեան, Ալեակ Լատոյեան…

ԺԲ. ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՎԿԱՅԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԲԱՇԽՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Ուրբաթ, 21 Յունիս 2013-ի երեկոյեան ժամը 7։30-ին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին մէջ, ծնողներուն, շրջանաւարտներուն, դպրոցի բարեկամներուն, անձնակազմին, տնօրէնութեան, խնամակալութեան ու Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայութեան տեղի ունեցաւ ԺԲ. աւարտական դասարանի վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը։ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, հանդէսը սկսաւ աւարտական…