ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ

Շաբաթ, 8 Յունիս 2013-ի երեկոյեան ժամը 6։00-ին տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահէն ներս, ներկայութեամբ Ճեմարանի անձնակազմին, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան, Ճեմարանի խնամակալութեան, ծնողներու, բարեկամներու եւ շրջանաւարտներու։ Վարդագոյն, կապոյտ եւ կանաչ դասարաններու 146 աշակերտները ներկաներուն կոչ ուղղեցին պահպանելու…

Գիրքի պատրաստութեան միջդպրոցական մրցանակաբաշխութիւն

Ուրբաթ, 7 Յունիս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ 2013-ի «Հայ մօր տարի» հռչակման առիթով տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան- գրատարածի կազմակերպած գիրքի պատրաստութեան միջդպրոցական մրցանակաբաշխութիւնը` հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի: Հանդիսութեան ներկայ էին,…

ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՉԻ ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒՄ

Մայիս ամսուան աւարտին, միջնակարգի Է., Ը. եւ Թ. դասարաններու աշակերտներուն համար տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն՝ համակարգիչի օգտագործման մասին։ Յակոբ Հանտեան անդրադառնալէ ետք համակարգիչի պատմութեան եւ անոր զարգացման հոլովոյթին, աշակերտներուն փոխանցեց անոր օգտագործման դրական եւ ժխտական հետեւանքները, թէ ի´նչպէս կարելի է օգտուիլ այսօր բոլորին մատչելի դարձած համակարգիչէն՝ առանց անոր գերին…

ՍԵՌԱՅԻՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

Չորեքշաբթի, 23 Մայիս 2013-ին, տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն-զրոյց միջնակարգի Ը. դասարաններու աշակերտներուն։ Նիւթի առաջին մասը ներկայացուց ընկերային ծառայող Սիլվա Քիւրքճեան, որ անդրադարձաւ այս տարիքի պատանիներուն սեռային հարցերու հակումին, որ գոյութիւն ունի հին ժամանակներէն ի վեր, սակայն այսօր միջցանցի արագ փոփոխութեամբ, պատանիներուն դիւրամատչելի դարձած են այս առնչութեամբ բազմաթիւ նիւթեր։ Մօտաւորապէս…