ԳՆԱՀԱՏԵԼԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Միջնակարգի Ը. դասարանէն չորս աշակերտուհիներ՝ Նարօտ Սերուժեան, Սանան Թապաքեան, Թաշա Խաչատուրեան եւ Կրէյս Մարտիրոսեան, տեղեկատուական աշխատանք մը կատարեցին «Թռչնոց Բոյն»ի մասին։ Անոնք կաղանդի արձակուրդին «Թռչնոց Բոյն» այցելած էին եւ ուրախ ժամեր անցուցած աշակերտութեան հետ։ Երեքշաբթի 21 եւ Չորեքշաբթի 22 Մայիս 2013-ին, Նարօտը, Սանանը, Թաշան եւ Կրէյսը շրջեցան միջնակարգի…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ ՆՇՈՒՄ

Ուրբաթ, 24 Մայիս 2013-ի առաւօտեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական ընտանիքին մաս կազմող Ճեմարանի աշակերտները դպրոց ներկայացան իրենց սկաուտական տարազներով եւ բացօթեայ խաղավայրին մէջ խմբուեցան իրենց յատուկ շարքերով՝ գայլիկ-արծուիկ, արի-արենոյշ, պարման-պարմանուհի։ Տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն, Հայաստանի հանրապետութեան եռագոյն դրօշակը ծածանեցաւ դպրոցին վերեւ։ Արարողութենէն ետք խօսք առաւ Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան, որ…

LIVING COLORS

Ուրբաթ, 24 Մայիս 2013-ին, մանկապարտէզի վարդագոյն դասարանի աշակերտները իրենց ուսուցչուհիներուն ընկերակցութեամբ հաճելի ժամեր անցուցին «Living Colors» խաղավայրին մէջ։ Անոնք միասին խաղալէ ու զուարճանալէ ետք, շատ ուրախ, բայց նոյն ատեն յոգնած վերադարձան դպրոց։

ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՏՕՆԸ ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 17 Մայիս 2013-ի առաւօտեան ժամը 10։00-ին, Նորսիկեան մանկապարտէզի վարդագոյն դասարանի աշակերտները նշեցին մայրերու տօնը։ Յիշեալ ժամուն, մամաները ներկայացան իրենց զաւակներուն դասարանները։ Անոնք միասնաբար կատարեցին ձեռային աշխատանք մը եւ պատրաստեցին պտուղի աղցան։ Ապա բոլորը ուղղուեցան ճաշասրահ, ուր աշակերտները մամաներուն նուիրեցին փունջ մը երգ ու արտասանութիւն, որմէ ետք մայր…

Թ. ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԴԱՍԵՐՈՒ ԱՒԱՐՏ

Չորեքշաբթի, 22 Մայիս 2013-ին, միջնակարգի Թ. դասարաններու աշակերտներուն դպրոցական տարեշրջանը աւարտեցաւ։ Կէսօրուան ժամը 1։00-ին, աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին Նորսիկեան մանկապարտէզի պարտէզը, ուր միասնաբար ճաշեցին։ Հաճելի ժամ մը անցընելէ ետք, աշակերտները մեկնեցան դպրոցէն՝ պատրաստուելու համար պետական քննութիւններուն։ Յաջողութիւն կը մաղթենք բոլորին։

ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐ

Երկուշաբթի, 20 Մայիս 2013-ին, Ճեմարան այցելեցին Երեւանի Պետական Համալսարանի հայագիտական հետազօտութիւններու ինստիտուտի փոխտնօրէն դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեան, Հ.Հ. Սփիւռքի նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան վարչութեան պետ Վաղինակ Վարդանեան եւ Լիոնէն ժամանած Հիլտա Չոպոյեան։ Այցելուները հանդիպում ունեցան Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանի հետ եւ զրուցեցին Հայաստանի թէ Ճեմարանի մէջ դասաւանդուող հայագիտական նիւթերու…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶ

Չորեքշաբթի, 15 Մայիս 2013-ին, տարրական բաժինի Ա. դասարաններու աշակերտները ընդառաջեցին մանկապարտէզի կանաչ դասարանի աշակերտներուն ճաշի հրաւէրին։ Անոնք միասին ճաշեցին ու խաղացին հաճելի եւ անմոռանալի պահեր ապրելով։

ԴԷՊԻ ԱՐՀԵՍՏԱՆՈՑ

Չորեքշաբթի, 15 Մայիս 2013-ին, տարրական բաժինի Բ. դասարաններու աշակերտները այցելեցին երեք արհեստանոց։ Անոնք մեծ հետաքրքրութեամբ դիտեցին կօշկակարի, երկաթագործի եւ ատաղձագործի աշխատանքները։ Յատուկ շնորհակալութիւն Պարոններ Ժագ եւ Արա Տէմիրճեաններուն՝ իրենց ցուցաբերած ջերմ ընդունելութեան եւ հիւրասիրութեան համար։ Նոյն օրը, դպրոց վերադարձին, աշակերտները Ապու Խալիլ հանրախանութէն գնում կատարեցին եւ նուէրներ ստացած…

ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Երեքշաբթի, 14 Մայիս 2013-ին, «Հորիզոն» թմրամոլութեան կանխարգիլման գրասենեակէն Թելօ Նիկողոսեան Ը. եւ Թ. դասարաններու աշակերտներուն փոխանցեց «Հորիզոն» գրասենեակի մասին տեղեկութիւններ։ Ան ներկայացուց գրասենեակի նպատակն ու գործունէութիւնը, ապա բացատրեց, թէ ի´նչ է թմրեցուցիչը, ե՞րբ եւ ինչո՞ւ կը գործածուի, ի՞նչ են անոր ազդեցութիւնները։ Ան ներկայացուց նաեւ թմրեցուցիչի տեսակները, տարբեր խմբաւորումները…

«ԿԱՐԿԱՉ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ԵԼՈՅԹ

Երեքշաբթի, 13 Մայիս 2013-ին, տարրական բաժինի աշակերտները ներկայ գտնուեցան Համազգայինի «Կարկաչ» երգչախումբի ելոյթին եւ մեծ հաճոյքով ըմբոշխնեցին օտար ու հայկական երգեր։ Անոնք դպրոց վերադարձան «Ղարաբաղ» երգը սորված։ Ճեմարանի աշակերտներէն «Կարկաչ» երգչախումբին մաս կը կազմեն՝ -Տարրական բաժինէն՝ Մանուէլ Թասլաքեան, Սելին Գասապեան, Հիլտա Գասապեան, Լոռի Խաչատուրեան, Նանար Այնթապլեան, Մարիա Գաբլանեան…

ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ

Հինգշաբթի, 9 Մայիս 2013-ին, տարրական բաժինի Բ. դասարանի աշակերտները Համբարձման տօնը նշեցին դպրոցէն ներս։ Հայերէնի դասապահուն, աշակերտները 7 «աղբիւր»է ջուր լեցուցին խորունկ ամանի մէջ, վիճակ ձգեցին, երգեցին ու պարեցին։

ՅԱՍՄԻԿ ՇԱՀԻՆԵԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՃԵՄԱՐԱՆ

Երեքշաբթի, 7 Մայիս 2013-ին, Ճեմարանի շրջանաւարտ եւ «Նշանս» գիրքի հեղինակ Յասմիկ Շահինեան այցելեց Ճեմարան ու հանդիպեցաւ մանկապարտէզի կանաչ դասարանի եւ տարրական բաժինի աշակերտներուն հետ։ Ան փոքրիկներուն ներկայացուց «Նշանս» գիրքի պատրաստութեան հանգրուանները եւ պատմեց բովանդակութիւնը։ Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ ունկնդրեցին պատմուածքը, հարցումներ ուղղեցին հեղինակին եւ կարծիքներ յայտնեցին։