ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿԸ

Հինգշաբթի, 25 Ապրիլ 2013-ին տեղի ունեցաւ նախակրթարանի աշակերտներուն ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկը։ Հայաստանի եւ Լիբանանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը ընթերցեց Նարօտ Մերտխանեան, ապա տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր. Կարօ Գրիգորեանի դաշնամուրով եւ Ռուբէն Խաչատուրեանի թաւջութակով նուագներէն ետք, Դ. դասարանի աշակերտները արտասանեցին Պարոյր Սեւակի «Ղօղանջ Եղեռնական»էն հատուած մը, ապա դարձեալ…

ԼԵՎԱՄ-Ի ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան 2012-2013 տարեշրջանի ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած պասքեթպոլի աւարտական մրցումները տեղի ունեցան Կիրակի, 21 Ապրիլ 2013-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 98 ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ

Երեքշաբթի, 23 Ապրիլ 2013-ին, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի աշակերտները Հայկական Ցեղասպանութեան 98 ամեակը նշեցին զանազան ձեռնարկներով։ Տարրական բաժինի աշակերտները մոմեր վառեցին ու ծաղիկներ զետեղեցին դպրոցի մուտքին՝ նահատակ մտաւորականներուն բարձրաքանդակներուն առջեւ։ Ժամը 9-ին, նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները քայլարշաւով գացին Անթիլիասի մայրավանք, ուր տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն…

«ՍԱՍՈՒՆՑԻ ԴԱՒԻԹ»

Հինգշաբթի, 18 եւ Ուրբաթ, 19 Ապրիլ 2013-ին, տարրական բաժինի եւ նախակրթարանի աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ ու հաճոյքով դիտեցին Համազգայինի «Արեգ» թատերախումբին ներկայացումը՝ «Սասունցի Դաւիթ»։ Բեմադրիչն էր Ռոպէրթ Առաքելեանը։ «Սասունցի Դաւիթ» ներկայացումին մասնակից էին նաեւ Ճեմարանի հետեւեալ աշակերտները. Տարրական բաժինէն՝ Այնթապլեան Նանոր-Լիլա, Գափլանեան Մարիա, Մաքտեսեան Լիլա եւ Արբաճեան Աբիկ Նախակրթարանէն՝…

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ-ԶՐՈՅՑ ԳՐԱԳԷՏ ՊՕՂՈՍ ՍՆԱՊԵԱՆԻ ՀԵՏ

Չորեքշաբթի, 17 Ապրիլ 2013-ին, Ը. դասարանի աշակերտները հանդիպում մը ունեցան իրենց ընթերցանութեան դասին հեղինակին՝ Պօղոս Սնապեանի հետ։ Հանդիպման բացման խօսքը կարդաց գրագէտին թոռնուհին՝ Նարօտ Սերուժեանը, որ ներկայացուց Պօղոս Սնապեանի կենսագրութիւնը. ապա խումբ մը աշակերտներ ընթերցեցին «Ինչպէս հայհոյեմ» գիրքէն՝ «Ահաբեկչական օրհնութիւն»ը, որմէ ետք նուագեցին Սէրուժ Յովսէփեան (դաշնակ) եւ Նարէ…

ՃԱՏՐԱԿ

Կիրակի, 14 Ապրիլ 2013-ին, Ժամհուր վարժարանին մէջ աւարտեցաւ Լիբանանի 2013-ի տարիքային ախոյեանութիւնը: Երեկոյեան ժամը 18:00-ին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին անդամներուն, հիւրընկալ վարժարանին պատասխանատուներուն եւ մասնակցող աշակերտներուն ծնողներուն: Ստորեւ Ճեմարանի մրցանակակիր աշակերտներուն անունները. 10 տարեկանէն վար տղաք՝ Հրակ Լախեան (առաջին) եւ Հրայր Գասապեան (երրորդ), աղջիկներ՝ Նարօտ…

Կիւլպէնկեան Հաստատութեան Հայկական բաժանմունքի տնօրէնի այցը Ճեմարան

Կիւլպէնկեան հաստատութեան հայկական բաժանմունքի տնօրէն Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան, Չորեքշաբթի, 10 Ապրիլ 2013-ին այցելեց Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան։ Ան հանդիպում ունեցաւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչներուն, Ճեմարանի տնօրէնութեան եւ Համազգայինի Վահէ Սէթեան տպարանի տնօրէնութեան հետ։ Հանդիպման նպատակն էր ծանօթանալ միմեանց գործունէութեան եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն։ Հանդիպման աւարտին Դոկտ. Ռազմիկ…

“MY PLATE” («Իմ պնակս»)

Երեքշաբթի 26 Մարտ 2013-ին, Ե. Դասարանի աշակերտներուն ներկայացուեցաւ «Իմ պնակս» (“My plate”)՝ առողջ սննդականոն եւ սովորութիւններ ունենալու նոր մօտեցում մը, ամրապնդելու գիտութեան դասի սննդառութեան մասին ամբարուած գիտելիքները: Ամերիկեան Համալսարանի հանրային առողջապահութեան բաժանմունքէն Ռիթա Չերքէզեան՝ Ե. Դասարանի աշակերտի ծնողք, սահիկներու ցուցադրութեամբ մանրամասնօրէն անդրադարձաւ “My plate”-ի մօտեցումներուն, ուր շեշտեց յատկապէս…