ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԺԱՊԱԼ ՄՈՒՍԱ

Գիտութեան դասի ծիրէն ներս, Չորեքշաբթի, 27 Մարտ 2013-ին, Զ. դասարանի աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին Ժապալ Մուսա, ուր բնութեան մէջ մէկ ժամ տեւած արշաւին ընթացքին՝ ուղեցոյցը բացատրութիւններ տուաւ շրջանին մէջ հազուագիւտ բոյսերուն եւ անասուններուն մասին։ Արշաւէն ետք, աշակերտները ընկերային ծառայող Սիլվա Քիւրքճեանին հետ զրուցեցին բնութեան մէջ, առօրեայէ հեռու…

ԶԱՏԻԿԸ ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻՆ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 27 Մարտ 2013-ին, Նորսիկեան մանկարպարտէզի աշակերտները եւ մանկամսուրի փոքրիկները տօնեցին Ս. Զատիկը իրենց ծնողներուն ներկայութեամբ: Փոքրիկները մեծ խանդավառութեամբ դիմաւորեցին օրուան հիւրերը՝ Նապաստակը, Աքլորն ու Ծաղրածուն, երգեցին ու պարեցին անոնց ընկերակցութեամբ, ապա բոլորը ուղղուեցան պարտէզ, ուր տեղի ունեցաւ հաւկթախաղը: Փոքրիկները սեղաններու շուրջ բոլորուած հաւկիթ խաղացին եւ կերան իրենց…

ԳԱՐՆԱՆ ԵՒ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՏՕՆԸ

Գարնան առաջին օրուան եւ Մանուկներու իրաւունքներու միջազգային օրուան առիթով «Վանայ ձայն»-ի «Համարձակ եղի՛ր եւ խօսէ՛» յայտագիրը Հինգշաբթի, 21 Մարտ 2013-ին սփռուեցաւ Պուրճ Համուտի հրապարակէն: Յայտագիրը վարող Մարալ Հարպոյեան ըսաւ, որ բազմազան ու բազմաթիւ չարիքներով լեցուն ներկայ աշխարհին մէջ անհրաժեշտ է սերունդները դաստիարակել այնպիսի ձեւով, որ անոնք հեռու մնան…

ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԳԵՂԱԳԻՏԱԿԱՆ ՄՐՑՈՒՄԻ ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄ

Նախաձեռնութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան ու կազմակերպութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան, Հինգշաբթի, 21 Մարտ 2013-ի կէսօրին, պարգեւատրումը կատարուեցաւ նախարարութեան Գեղագիտութեան ազգային կեդրոնի նախաձեռնած մանկապատանեկան մրցումի մրցանակակիր աշակերտներուն: Լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտներ, ծնողներ, տնօրէններ եւ ուսուցիչներ համախմբուած էին դեսպանատան մէջ, ուր Հայաստանի մասին յատուկ տեսերիզ մը դիտելէ ետք,…

ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՇՐՋՈՒՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածի նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ, մանկապատանեկան գիրքերու եւ դաստիարակչական խաղերու շրջուն ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ Ճեմարանի մէջ, Երեքշաբթի,19 Մարտ, 2013-ին։ Աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ դիտեցին գիրքերը։ Ցուցահանդէսին ընթացքին, Թ. դասարաններու աշակերտները առիթը ունեցան դիտելու Համազգայինի 81-ամեայ երթը ներկայացնող վաւերագրական տեսերիզ մը։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ

Չորեքշաբթի, 20 Մարտ 2013-ին, Աւագ շաբթուան նախօրեակին, հայերէն լեզուի դասանիւթի ծիրէն ներս, Դ. դասարաններու աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանք։ Այցելութեան նպատակն էր կրօնագիտական եզրերու ծանօթացումը։ Հայր Տաճատ աշակերտները ծանօթացուց եկեղեցւոյ զանազան բաժիններուն եւ եկեղեցական իրերուն։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԾՈՎԱՅԻՆ ԱՆԱՍՈՒՆՆԵՐՈՒ ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Գիտութեան դասի ամրապնդումին համար, Ուրբաթ, 15 Մարտ, 2013-ին, Դ. դասարանի աշակերտները իրենց ուսուցչուհիին ընկերակցութեամբ այցելեցին «Les merveilles de la mer» ծովային անասուններու թանգարանը, ուր անոնց ներկայացուեցաւ տեսերիզ մը՝ ծովային անասուններու մասին: Աշակերտները հետաքրքրութեամբ հետեւեցան բացատրութիւններուն, ապա պատասխանեցին թանգարանի այդ բաժնի հաղորդավարին հարցումներուն, որմէ ետք թանգարանին մէջ ցուցադրուած «aquarium»ներու…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԻՋ-ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՊԱՐԻ ՄՐՑԱՆՔ

Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի Դ. դասարանի ատենամարզանքի պարի խմբակը՝ պարուսոյց Մարիժան Ատուրեանի ղեկավարութեամբ, Մարտ 2013-ին, Մոն Լա Սալի մէջ,մասնակցեցաւ Լեռնալիբանանի միջ-դպրոցական պարի մրցանքին։ Ճեմարանի պարի խմբակը երկրորդ հանդիսացաւ փոքր աղջիկներու պարախումբերու դասակարգին։

ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԻ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ

Ճեմարանի մանկամսուրի փոքրիկները իրենց առօրեան կ՚անցընեն խաղերով, երգերով, չափականութեամբ ու ձեռային աշխատանքով։ Ուրախ, խանդավառ եւ ընտանեկան մթնոլորտի մէջ անոնք կը սորվին ազատ ու համարձակ արտայայտուիլ՝ իւրացնելով միշտ նոր բառամթերք։ Մանկամսուրի փոքրիկը հետզհետէ կը դառնայ ինքնաբաւ, երբ կը սորվի առողջապահութեան մասին ու ինք կը լոգցնէ պուպրիկը, երբ կարկանդակի պատրաստութեան…

ԿՈՉ
Ճեմարանականներուն եւ Ճեմարանի բարեկամներուն

Համազգայինի Հայ Ճեմարանի (Նշան Փալանճեան Ճեմարան, ապա՝ Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան) բազմավաստակ ուսուցիչ Անթուան Քեհեայեանի (Սըր) մահը ցաւով ու ափսոսանքով ընկալուեցաւ իրեն աշակերտած բազմահազար ճեմարանականներու ու Ճեմարանի բարեկամներու կողմէ։ Անթուան Քեհեայեանը գրեթէ կէս դար սպասարկեց հայ դպրոցին ամբողջական նուիրումով, սիրով, հայ աշակերտին ու շրջապատին օգտակար հանդիսանալու անմնացորդ…

ՍԵՌԱՅԻՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

Երկուշաբթի, 4 Մարտ 2013-ին, կազմակերպութեամբ Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին, տեղի ունեցաւ սեռային դաստիարակութեան դասապահ մը՝ Զ. դասարաններու աշակերտներուն համար։ Մանկաբոյժ Տոքթ. Պերճ Տագէսեան աշակերտներուն խօսեցաւ մարդակազմութեան, երկրորդական սեռային յատկութիւններուն եւ սերնդագործութեան մասին, ապա ան պատասխանեց աշակերտներուն հարցումներուն։

ՄԱԿԻՉԸ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 1 Մարտ 2013-ին, արցախի ազատամարտիկ-երգիչ Մակիչ (Մկրտիչ Մկրտիչեան) այցելեց Ճեմարան։ «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ, դպրոցի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան անդրադարձաւ Արցախի ազատագրական պայքարի 25 ամեակին՝ հայ ժողովուրդի նորագոյն յաղթանակին, եւ աշակերտներուն ներկայացուց Մակիչը, որ ազգային-հայրենասիրական քանի մը երգերով խանդավառեց աշակերտները։