ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆԻ ԿԱՂԱՆԴԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Նախակրթարանի աշակերտներուն կաղանդի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 23 Դեկտեմբեր 2013-ի յետմիջօրէին՝ ժամը 5:30-էն 8:00, Չալեան սրահէն ներս: Յայտագիրը ընդգրկեց խաղեր, հիւրասիրութիւն, եւրոպական եւ հայկական պարեր: Յայտագրի աւարտին տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում դասընկեր-դասընկերուհիներու միջեւ: Աշակերտները շատ ուրախ վերադարձան տուն:

«For a better society»

Կազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանի «Peace building committee»-ին, աւելի առողջ ընկերութիւն մը կառուցելու (For a better society) ծրագրին առաջին աշխատանքային հանդիպումը կայացաւ Շաբաթ, 21 Դեկտեմբեր 2013-ին, մասնակցութեամբ լիբանանեան հայկական թէ օտար վարժարաններու աշակերտներու: Ճեմարանի երկրորդական բաժինի Ժ. Դասարանէն 11 աշակերտներ մասնակցեցան վերոյիշեալ հանդիպումին, ուր ներկայացուեցան հետեւեալ նիւթերը. Հայկազեան համալսարանի դասախօսներէն…

ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ԵՒ ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԻ ԿԱՂԱՆԴԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Երկուշաբթի, 23 Դեկտեմբեր 2013-ին Մանկապարտէզի եւ Մանկամսուրի փոքրիկները կաղանդը տօնեցին Նորսիկեան Մանկապարտէզին մէջ իրենց ծնողներուն եւ հարազատներուն ներկայութեամբ։ Առաւօտեան ժամը 9-ին փոքրիկները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ մուտք գործեցին շքեղօրէն յարդարուած սրահը: Ուսուցչուհիները պուպրիկներու տարազներով հանդէս եկան եւ աշակերտներուն հետ ներկայացուցին երգեր ու պարեր։ Ի վերջոյ ժամանեց Կաղանդ պապան։ Ան…

ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Չորեքշաբթի, 18 Դեկտեմբեր 2013-ին, «Հորիզոն» թմրամոլութեան կանխարգիլման գրասենեակէն Թելօ Նիկողոսեան Ը. դասարաններու աշակերտներուն փոխանցեց «Հորիզոն» գրասենեակի մասին տեղեկութիւններ։ Ան ներկայացուց գրասենեակի նպատակն ու գործունէութիւնը եւ բացատրեց, թէ ի´նչ է թմրեցուցիչը, ե՞րբ եւ ինչո՞ւ կը գործածուի, ի՞նչ են անոր ազդեցութիւնները։ Ան ներկայացուց նաեւ թմրեցուցիչի տեսակները եւ անոնց ունեցած ժխտական…

«FANTASTICA INT’L SHOW»

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ եւ հրաւէրով, Չորեքշաբթի, 18 Դեկտեմբեր 2013-ի առաւօտեան, «Միշել Մըր» համալիրին մէջ մանկապարտէզի կանաչ դասարանի, տարրական բաժինի եւ նախակրթարանի Դ., Ե. դասարաններու աշակերտները ներկայ գտնուեցան «Fantastica int’l show»-ին: Փոքրիկները հաճոյքով դիտեցին ներկայացուած կախարդական խաղերը, ճկունութեան ցուցադրութիւնները, պարերը, մկանային խաղարկութիւնները եւ այլ հետաքրքրական պատկերներով ներկայացումները: Ներկայացումէն…

ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ՓՈՔՐԵՐՈՒ ԱԹԼԵԹԻԶՄԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ

Կազմակերպութեամբ Ժամհուր ակումբին, հովանաւորութեամբ «Ֆրանսապանք»-ին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, տեղի ունեցան փոքրերու աթլեթիզմի մրցումներ (գունդ նետել, վազք եւ ձողով բարձրութիւն ցատկել): Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՏՊԱՐԱՆ ԵՒ ԳՐԱԽԱՆՈՒԹ

Երկուշաբթի, 9 Դեկտեմբեր 2013-ին, տարրական բաժինի Ա. դասարաններու աշակերտները մեծ ուրախութեամբ ուղղուեցան դէպի Համազգայինի տպարանը։ Անոնք դիտեցին տպարանի գործիքները եւ մօտէն հետեւեցան տպագրական աշխատանքի հանգրուաններուն։ Աշակերտներուն մտքին մէջ յստակ դարձաւ գիրքի մը մեծաքանակ արտադրութեան աշխատանքի ձեւը։ Տպարանէն ետք, անոնք ուղղուեցան Համազգայինի գրախանութը եւ դիտեցին հոն ցուցադրուած եւ վաճառքի…

«Santa Louna» եւ «Le secret des pirates»

Երեքշաբթի, 3 եւ Չորեքշաբթի 4 Դեկտեմբեր 2013-ին տարրական բաժինի եւ մանկապարտէզի աշակերտները ներկայ գտնուեցան ֆրանսերէն լեզուով երաժշտախառն ներկայացումներու: Տարրական բաժինի աշակերտները դիտեցին Ղինուայի «Le secret des pirates»-ը, իսկ մանկապարտէզի փոքրիկները՝ Լունայի «Santa Louna»-ն։

ՅԱԿՈԲ ՊԱՐՈՆԵԱՆԻ ՄԱՍԻՆ

Ութերորդ դասարանի աշակերտները տեսան մեծ երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանի «Շողոքորթը» կատակերգակ թատերակէն հատուած մը, որուն հասկացողութեան հարցումներուն զուգահեռ ներկայացուցին անոր կեանքն ու գործերը: Ոմանք խաւաքարտի վրայ աշխատած էին, իսկ ուրիշներ՝ հեռարձակման միջոցը օգտագործեցին: Կարգ մը աշակերտներ պատրաստած էին Պարոնեանի նկարն ու մէկ խօսքը կրող էջացոյցներ, զորս բաժնեցին իրենց դասընկեր-դասընկերուհիներուն:…

ՄԻՆԻ ՄԱՐԱԹՈՆ

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին եւ գործակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի աթլեթիզմի յանձնախումբին, Կիրակի, 1 Դեկտեմբեր 2013-իառաւօտեան տեղի ունեցաւ ԼԵՎԱՄ-ի 2013-2014 տարեշրջանի առաջին ձեռնարկը` մինի մարաթոնը` Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ: Մրցումի աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: Ստորեւ Ճեմարանի աշակերտներուն արձանագրած փայլուն արդիւնքները. 1999 – 2000 – 2001-ի ծնունդ աղջիկներ՝…