«ՖԵՆԹԵՍԹԻՔ ՇՕ»

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ եւ հրաւէրով, Երեքշաբթի, 18 Դեկտեմբեր 2012-ի առաւօտեան տարրական բաժինի եւ նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները ներկայ գտնուեցան «Միշել Մըր» համալիրին մէջ տեղի ունեցած «Ֆենթեսթիք շօ» խումբի ներկայացումներուն՝ կախարդական խաղեր, չինական ճկունութեան ցուցադրութիւններ, պարեր, մկանային խաղարկութիւններ եւ այլ հետաքրքրական պատկերներ։ Աշակերտներուն բարի գալուստ մաղթեց յայտագիրի կազմակերպիչ…

ԽՈՅԶԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Ուրբաթ, 21 Դեկտեմբեր 2012-ին, նախակրթարանի Դ. դասարաններու աշակերտները ներկայացուցին կենդանիներու մասին իրենց կատարած աշխատանքները ֆրանսերէն լեզուով։ Այս աշխատանքով, աշակերտները ամրապնդեցին ֆրանսերէն դասապահուն տեղեկատուական հատուածի (text informative) մասին իրենց ստացած գիտելիքները։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԺՊԷՅԼ

Չորեքշաբթի, 12 Դեկտեմբեր 2012-ին, Ե. դասարաններու աշակերտները իրենց աշխարհագրութեան ուսուցչուհիին ընկերակցութեամբ այցելեցին Ժպէյլ քաղաքը։ Անոնք ուղեցոյցի մը առաջնորդութեամբ շրջեցան բերդին մէջ եւ ծանօթացան անոր պատմութեան։ Աշակերտները այցելեցին ամփիթատրոն եւ ամրապնդեցին աշխարհագրութեան դասին վերաբերող իրենց գիտելիքները։

ԱՐՀԵՍՏՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Երկուշաբթի, 10 Դեկտեմբեր 2012-ին, Ը. դասարանի աշակերտները ֆրանսերէն լեզուով ներկայացուցին տարբեր-տարբեր արհեստներու մասին իրենց պատրաստած խոյզերը։ Անոնք կ՚ընդգրկէին հետեւեալ արհեստները. որմնադիր, հիւանդապահ, ծաղկավաճառ, խոհարար, պարտիզպան, սպասեակ, սափրիչ եւ ելեկտրագործ։ Ակներեւ էր աշակերտներուն լրջութիւնը, իսկ գնահատելի էին բծախնդրութեամբ պատրաստուած խոյզերը։ Հետաքրքրական էր գիտելիքներուն եւ տեղեկութիւններուն պաշարը։ Խոյզերուն ներկայացումը ստեղծեց…

ԱՌՈՂՋ ՄԻՏՔ, ԱՌՈՂՋ ՄԱՐՄԻՆ

Ուրբաթ, 7 Դեկտեմբեր 2012-ին, տարրական բաժինի Բ. դասարանի աշակերտները հայերէնի դասապահուն սննդարար ուտելիքներով սեղաններ յարդարեցին։ Անոնք նախաճաշեցին ուրախ եւ առողջ մթնոլորտի մէջ։ Առողջութիւն բոլորին։

«Les 4 saisons»

Երեքշաբթի, 4 Դեկտեմբեր 2012-ին մանկապարտէզի ու տարրական բաժինի աշակերտները ներկայ գտնուեցան Լունայի ֆրանսերէն լեզուով «Les 4 saisons» երաժշտախառն ներկայացման։ Ներկայացումը կ՚արծարծէր բնապահպանման նիւթը չորս եղանակներու ընդմէջէն։ Աշակերտները մեծ ուրախութեամբ դիտեցին ներկայացումը։

ՔՐԻՍ ՊՈՀՃԱԼԵԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Երկուշաբթի, 3 Դեկտեմբեր 2012-ին, Ճեմարանի այցելեց ամերիկահայ գրող Քրիս Պոհճալեան եւ միջնակարգի Թ. դասարանի ու երկրորդականի աշակերտներուն անգլերէն լեզուով ներկայացուց իր «Աւազէ ամրոցին աղջիկները» վէպը։ Հեղինակը խօսեցաւ իր ընտանեկան հայ եւ ոչ հայ արմատներուն մասին. ան վերյիշեց իր մանկութեան օրերը, թէ ինչպէ՛ս իր շուէտացի մայրը ամէն շաբաթ օր…