ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԻ ՅՈՒԼԻՍ ԱՄՍՈՒԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ

Յուլիս ամսուան ընթացքին մանկամսուրի ծրագիրը տարբեր բնոյթ մը կը ստանայ. Երկուշաբթի օրերը երեխաները կ՚ամրապնդեն իրենց ֆիզիքական կարողութիւնները մարզական խաղերու ընթացքին։ Երեքշաբթի օրերը փոքրիկները կը ծանօթանան խոհանոցային աշխատանքին՝ իրենց մասնակցութիւնը բերելով անուշեղէններու պատրաստութեան։ Չորեքշաբթին ամէնէն սպասուած օրն է. երկու մեծ լողաւազաններու մէջ երեխաները ուրախ ժամանակ կ՚անցընեն։ Հինգշաբթի ձեռային աշխատանքի…

ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՎԿԱՅԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԲԱՇԽՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Ուրբաթ, 6 Յուլիս 2012-ի երեկոյեան ժամը 7։30-ին, տեղի ունեցաւ ԺԲ. աւարտական դասարանի վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին մէջ, ծնողներուն, շրջանաւարտներուն, դպրոցի բարեկամներուն, անձնակազմին, տնօրէնութեան, խնամակալութեան ու Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայութեամբ։ Հանդէսը սկսաւ աւարտական դասարանի աշակերտներուն դպրոցական տարիներու զանազան առիթներու նկարներով տեսերիզի մը ցուցադրութեամբ, որմէ ետք…

ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՊԱՔԱԼՈՐԷԱՅԻ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի աւարտական դասարանի ֆրանսական պաքալորէայի քննութիւններուն ներկայացած 45 աշակերտներէն յաջողած են 43-ը (95,5 առ հարիւր): 17 աշակերտներ արժանացած են յիշատակութեան (7 լաւ, 10 բաւական լաւ): Ստորեւ` յաջողած աշակերտներուն անուանացանկը. Գիտական Դասարան.- Քլոէ Աճեմեան (լաւ), Կասիա Պալեան (լաւ), Բալիկ Գասարճեան (բաւական լաւ), Մարլինա Քէշիշեան…

ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆԻ ՀԱՆԴԷՍ

Չորեքշաբթի, 20 Յունիս 2012-ին տեղի ունեցաւ նախակրթարանի հանդէսը, որ կ՚ընդգրկէր թատրոն, երգ, պար, նկարչութիւն, kong fu եւ ձեռային աշխատանք։ Թատրոնի խմբակի աշակերտները ներկայացուցին «Սասունցի Դաւիթ» երաժշտախառն չափածոյ թատերախաղը՝ բեմադրութեամբ թատրոնի ուսուցիչ Ռոպերթ Առաքելեանի։ Երգչախումբը ելոյթ ունեցաւ հայրենասիրական երկու երգերով՝ Պիտի գնանք եւ Սասունասար, պարի խմբակը՝ հայկական եւ արաբական…