ԱՊՏՕ ԼԱՊԱՔԻԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՃԵՄԱՐԱՆ

Չորեքշաբթի, 30 Մայիս 2012-ին, դպրոց այցելեցին արաբերէն դասագիրքերու հեղինակ, Ճեմարանի նախկին արաբերէնի ուսուցիչ Ապտօ Լապաքի եւ լիբանանեան համալսարանի արաբերէն գրականութեան դասախօս Տոքթ. Րապիաա Ապի Ֆատէլ։ Անոնք նախ հանդիպում ունեցան տնօրէնութեան հետ, ապա բարձրացան սրահ, ուր Ճոյ Պասուս ընթերցեց բարի գալուստի խօսք մը, ապա ցուցադրուեցաւ Է. դասարաններու աշակերտներուն կողմէ…

ՁՕՆ ՄԱՅՐԻԿԻՍ

Երեքշաբթի, 29 Մայիս 2012-ին, տարրական բաժինի Գ. դասարաններու աշակերտները տուն վերադարձան իրենց հետ տանելով երկու նուէրներ, զորս պատրաստած էին իրենց աննման մամաներուն համար։ Առաջին նուէրը պատրաստած էին թուաբանութեան պահուն՝ թուաբանական «հաշիւներ»ով, իսկ երկրորդ նուէրը՝ հայերէնի դասապահուն։ Բարի «մայրերու տօն» մեր բոլոր մամաներուն։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ ՆՇՈՒՄ

Հինգշաբթի, 24 Մայիս 2012-ի առաւօտեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական ընտանիքին մաս կազմող Ճեմարանի աշակերտները դպրոց ներկայացան իրենց սկաուտական տարազներով եւ բացօթեայ խաղավայրին մէջ խմբուեցան իրենց յատուկ շարքերով՝ գայլիկ-արծուիկ, արի-արենոյշ, պարման-պարմանուհի։ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Անթիլիաս մասնաճիւղի խմբապետական կազմէն ներկայ էին եղբայր Անդօ Պոյաճեան եւ քոյր Մենար Պոյաճեան։ Տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն,Հայաստանի հանրապետութեան եռագոյն…

Բ. ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Ֆրանսերէն դասի առողջապահութեան բնաբանի աւարտին, Երեքշաբթի, 22 Մայիս 2012-ին, տարրական բաժինի Բ. դասարաններու աշակերտները այցելութիւն մը տուին ատամնաբոյժ Իշխան Եղիայեանին եւ մանկաբոյժ Պերճ Տաքեսեանին դարմանատուները։ Անոնք մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան բժիշկներուն տուած բացատրութիւններուն։ Երկու բժիշկները մեծ համբերութեամբ եւ մանրամասն բացատրութիւններով պատասխանեցին աշակերտներուն ուղղած բոլոր հարցումներուն։ Աշակերտները շնորհակալական գրութիւն մը…

ԲՌՆԱԴԱՏՈՒՄ (Bullying)

Ընկերային կազմաւորման ծրագրի ծիրէն ներս, Մայիս ամսուան ընթացքին, դպրոցի ընկերային ծառայող Սիլվա Քիւրքճեան այցելեց տարրականի եւ նախակրթարանի աշակերտներուն եւ ներկայացուց բռնացումի երեւոյթները դպրոցէն ներս. ան խօսեցաւ ընդհանրապէս բռնադատումի ծանր հետեւանքներուն մասին։ Նիւթը մատուցուեցաւ տարբեր ձեւերով՝ զրոյց, պատմութիւն եւ խմբական աշխատանք։ Տարրական բաժինի աշակերտները խմբական աշխատանքներով ներկայացուցին բռնադատուած եւ…

“OPEN WINGS OPEN BEER – CHAMPIONS LEAGUE FINAL”

Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան Ճեմարանի Շրջանաւարտներու Միութեան Վարչութեան կազմակերպած “Open Wings Open Beer – Champions League final” ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 19 Մայիս 2012, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Ճեմարանի բացօթեայ բակին մէջ: Ներկայ էին մեծ թիւով շրջանաւարտներ եւ բարեկամներ: Ներկաներուն հրամցուեցան վարչութեան կողմէ պատրաստուած Chicken Wings-երը եւ գարեջուր: Միեւնոյն ժամանակ ներկաները…

ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՏՕՆ ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆԻ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 18 Մայիս 2012-ին, տարրական բաժինի Ա. դասարաններու աշակերտները նշեցին մայրերու տօնը։ Անոնք երգեցին եւ արտասանեցին երեք լեզուներով։ Իւրաքանչիւր աշակերտ մաղթանք կամ խօսք մը ուղղեց իր մօրը։ Բոլոր մայրերը եւ աշակերտները յուզումի պահ մը ապրեցան։ Մամաները եւ աշակերտները միասին նախաճաշեցին, ապա բաժնուեցան իրարմէ քանի մը ժամ ետք տեսնուելու…

ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՏՕՆԸ ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 18 Մայիս 2012-ի առաւօտեան ժամը 9։30-ին, Նորսիկեան մանկապարտէզի վարդագոյն դասարանի աշակերտները նշեցին մայրերու տօնը։ Յիշեալ ժամուն, մամաները ներկայացան իրենց զաւակներուն դասարանները։ Անոնք միասնաբար կատարեցին ձեռային աշխատանք մը եւ պատրաստեցին պտուղի աղցան։ Ապա բոլորը ուղղուեցան ճաշասրահ, ուր աշակերտները մամաներուն նուիրեցին փունջ մը երգ ու արտասանութիւն, որմէ ետք մայր…

ԳԾԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՐՏԱՍԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑԱՆՔ

Կազմակերպութեամբ ՀԲԸՄ-ի «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագրութեան, Ուրբաթ, 11 Մայիս 2012-ին, տեղի ունեցաւ արտասանական եւ գծագրական մրցում մը՝ հայ գիրքի տպագրութեան 500 ամեակին եւ մայրենի լեզուի տօնին նուիրուած։ Ե. դասարանի գծագրութեան մրցումին մասնակցեցան Իլայ Ծատուրեան եւ Կարօ Գրիգորեան, իսկ Զ. դասարանի գծագրութեան մրցումին՝ Ճորճ Երանճեան եւ Նարեկ Նալպանտեան։ Կարօ Գրիգորեան…

ՄԱՐԶԱԿԱՆ ՕՐՈՒԱՆ ՓԱԿՈՒՄ

Ուրբաթ, 11 Մայիս 2012-ին, ամբողջ օրուան ընթացքին կիրարկուեցան զանազան մարզախաղեր եւ աշակերտներուն տրամադրուեցան սննդարար ուտելիքներ՝ Ծնողական Խորհուրդին կողմէ պաատրատուած: Օրուան աւարտին տեղի ունեցաւ կողովագնդակի խաղ՝ աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն միջեւ, խանդավառ մթնոլորտի մէջ: Չափազանց դաստիարակիչ այս օրուան փակումը կատարեց տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան: Ան յայտարարեց ամբողջ տարուան ընթացքին Ճեմարանի աշակերտներուն…

ՄԱՐԶԱԿԱՆ ՕՐ

Ուրբաթ, 11 Մայիս 2012-ը յայտարարուեցաւ «Մարզական Օր» Ճեմարանի մէջ։ Մանկամսուրէն մինչեւ Երկրորդական բաժինի աշակերտները եւ դպրոցի անձնակազմին բոլոր անդամները՝ ուսուցիչ, պաշտօնեայ թէ տնօրէն, առաւօտեան դպրոց եկան եռագոյն տարազներով։ Կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն շապիկներուն վրայ զետեղուած Ճեմարանի ջահը մարզական օրուան կու տար ազգային երանգ։ Կարծէք Մայիս ամսուան մեր հայրենիքի…

ՀՊԱՐՏ ԵՄ

Իբրեւ ծնող, 27 Ապրիլին հրաւիրուած էի Ճեմարանի նախակրթարանի բաժնի 24 ապրիլի առիթով կազմակերպուած ոգեկոչման հանդիսութեան: Ճիշդ ժամուն արդէն ներկայ էի «Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ: Սրահին աթոռներուն կէսը գրաւուած էին 4-րդ, 5-րդ եւ 6-րդ դասարանի աշակերտները, իսկ միւս կէսը յատկացուած էր ծնողներուն: Քիչ անց ներս մտաւ դպրոցին տնօրէնը` ընկերակցութեամբ…