«ՃԻՇԴ ՀՆՉԵՆՔ» ՅԱՅՏԱԳԻՐԻ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

Կազմակերպութեամբ «Վանայ ձայն»-ի եւ հովանաւորութեամբ Այնճարի քաղաքապետութեան Շաբաթ, 28 Ապրիլ 2012-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրի աւարտական հանգրուանն ու մրցանակաբաշխութիւնը: Յայտագիրի ընթացքին վերահսկեց Ազգային Քառասնից Մանկանց վարժարանի տնօրէն, լեզուաբան, հայագէտ Յովիկ Պերթիզլեան։ Աւարտական հանգրուան հասած էին 6 աշակերտներ` 6-րդ, 7-րդ եւ…

ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԼՈՒՐԵՐ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին Շաբաթ, 28 Ապրիլ 2012-ին, Լիբանանի համալսարանին դաշտին վրայ (Հատեթ) տեղի ունեցան լիբանանեան համալսարաններու աթլեթիզմի առաջին հանգրուանի մրցումները, որոնց մասնակցելու իրաւունք ունին նաեւ ակումբներ: Աղջկանց 400 մեթր վազքի մրցումներուն, Ճեմարանի աշակերտ եւ Շանվիլ ակումբին մաս կազմող Լոռի Թաշճեան հանդիսացաւ 2-րդ` արձանագրելով 1′ 00″ 8 արդիւնք…

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 97 ԱՄԵԱԿ

Ուրբաթ, 27 Ապրիլ 2012-ին, ժամը 1։30-ին նախակրթարանի աշակերտները նշեցին ցեղասպանութեան 97 ամեակը՝ ներկայութեամբ ծնողներուն, ուսուցիչներուն , եւ հիւրաբար նաեւ՝ հանրածանօթ դերասանուհի,բեմադրիչ, հրապարակագիր եւ բանաստեղծ Մարի Ռոզ Ապուսէֆեանի։ Ձեռնարկին բացման խօսքը ընթերցեց Լոռի Գորեսեան, ան ըսաւ. «Մենք՝ պատանիներս, պէտք է թիավարենք թշնամիին նենգամիտ հոսանքին դէմ եւ ասիկա կրնանք ընել՝…

ՃԱՏՐԱԿ

Կազմակերպութեամբ Անդրանիկ–Սեւան ակումբի ճատրակի վարչութեան եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, Կիրակի, 22 Ապրիլ 2012-ին, Դարուհի-Յովակիմեան վարժարանին մէջ (Հըրշ Թապեթ), տեղի ունեցաւ ճատրակի տարեկան միօրեայ միջդպրոցական մրցաշարք մը: Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին հայկական տասը վարժարաններու 37 երկսեռ աշակերտներ, հետեւեալ ձեւով. Ճեմարան` 13, Մեսրոպեան եւ Կերթմենեան` 7-ական, Կ. Բ….

ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄՐՑՈՒՄ

«Պզտիկ-Մզտիկ»-ի հրատարակութեան 10-ամեակին առիթով «Ազդակ-ի մանկապատանեկան «Պզտիկ-Մզտիկ» յաւելուածի խմբագրական կազմին կազմակերպած հայոց պատմութեան զարգացման մրցումը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 22 Ապրիլ 2012-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին: Զարգացման մրցումին մասնակցեցան հայկական 14 վարժարաններ։ Դատական կազմը բաղկացած էր հետեւեալներէն` Արմէն Իւրնեշլեան, Վիգէն Աւագեան եւ Րաֆֆի Տեմիրճեան, իսկ մրցումը կը վարէր Օրդ….

ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 97 ԱՄԵԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

Երկուշաբթի, 23 Ապրիլ 2012-ին, ժամը 1։30-ին Ճեմարանէն ներս տեղի ունեցաւ հայկական ցեղասպանութեան 97 ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկը, ներկայութեամբ նախակրթարանի, միջնակարգի ու երկրորդական բաժինի աշակերտներուն եւ դպրոցի անձնակազմին։ Ձեռնարկը սկսաւ Հայաստանի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութեամբ։ Ցեղասպանութեան զանազան հանգրուաններէն մինչեւ ահաբեկչական արարքները ներկայացնող տեսերիզի մը ցուցադրութենէն ետք, Ը. դասարանէն Սերին Սարգիսեան երգեց…

ՔԱՅԼԱՐՇԱՒ ԴԷՊԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ

Հայկական Ցեղասպանութեան 97 ամեակի ձեռնարկներու ծիրին մէջ, Երկուշաբթի 23 Ապրիլ 2012-ի առաւօտեան ժամը 10։00-ին, Դ.էն ԺԲ. կարգերու աշակերտները հաւաքուեցան Ճեմարանի բացօթեայ բակը, ուրկէ պիտի սկսէր քայլարշաւը։ Դպրոցի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան անդրադառնալով քայլարշաւի խորհրդանշական արժէքին, ըսաւ. «Մեր նախահայրերը իրենց հայրենի երկրէն մինչեւ անապատի աւազները քալեցին։ Կրելով անոնց տանջանքին մէկ…

ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՅԱՐԳԱՆՔԻ ՏՈՒՐՔԸ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԶՈՀԵՐՈՒՆ

Երկուշաբթի, 23 Ապրիլ 2012-ին, Տարրական բաժինի աշակերտները իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին ցեղասպանութեան զոհերուն՝ Ճեմարանի մուտքին գտնուող նահատակ գրագէտներու որմնաքանդակներուն առջեւ ծաղիկներ զետեղելով։ Անոնք նաեւ «Հայր Մեր»-ը աղօթեցին անմեղ զոհերու յիշատակին։ Նոյն օրը իւրաքանչիւր աշակերտ ստացաւ «puzzle» մը, զոր կազմելով պիտի ունենայ Պիքֆայայի յուշարձանին նկարը։

ԱՌՈՂՋ ՍՆՆԴԱՌՈՒԹԻՒՆ

Ե. դասարանի գիտութեան ծրագրին ընդմէջէն աշակերտները ծանօթացան առողջ սննդառութեան կարգ մը կանոններու։ Աշակերտներուն գիտելիքները ամրապնդելու նպատակով, Հինգշաբթի, 19 Ապրիլ 2012-ին,Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի Հանրային Առողջապահութեան բաժանմունքէն Թամար Հաշէօլեան հրաւիրուեցաւ դպրոց եւ յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցեց աշակերտներուն։ Յիշեալ նախաձեռնութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Ե. դասարանի աշակերտներուն ծնողները։

ՄՆԱՍ ԲԱՐՈՎ ՃԵՄԱՐԱՆ

Հինգշաբթի, 19 Ապրիլ 2012-ի երեկոյեան Ճեմարանի բացօթեայ խաղավայրին մէջ, տեղի ունեցաւ աւարտական դասարանի աշակերտներուն կազմակերպած հրաժեշտի ընթրիք-խրախճանքը՝ տնօրէնութեան, պաշտօնէութեան եւ ուսուցիչներու ներկայութեամբ ։ Ուրբաթ, 20 Ապրիլի առաւօտեան աշակերտները հաւաքուեցան դպրոցի մուտքին՝ «Մեր բոլորիս դուն ուխտավայր Ճեմարան» գրութիւնը կրող տարազներով։ Անոնք կանչերով ու երգերով դիմաւորեցին աշակերտութիւնն ու անձնակազմը։ Ժամը…

ԺՈՂՈՎ-ԶՐՈՅՑ ՄԱՆԿԱԲՈՅԺԻՆ ՀԵՏ

Շաբաթ, 14 Ապրիլ 2012-ին, կազմակերպութեամբ Ճեմարանի տնօրէնութեան եւ Մանկամսուրի անձնակազմին, տեղի ունեցաւ ժողով-զրոյց մը մանկաբոյժ Տոքթ. Պերճ Տաքեսեանին հետ։ Հանդիպման ընթացքին, մանկաբոյժը կարեւոր տեղեկութիւններ փոխանցեց փոքրիկներու սննդականոնին եւ առողջապահութեան մասին, թէ ի´նչպէս ծնողք-ուսուցիչ գործակցաբար պէտք է միջոցառումներու դիմեն փոխանցիկ հիւանդութիւննեըը կանխարգիլելու մանկամսուրէն ներս, եւայլն…։ Հանդիպման աւարտին Տոքթ. Տաքեսեան…

ԶԱՏԻԿԸ ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆԻ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 4 Ապրիլ 2012-ին, տարրական բաժինի աշակերտները դասարաններն ու դարանները մաքրելէ ետք, ուղղուեցան բակ, ուր Զատիկը նշեցին հաւկթախաղով։ Հաւկթախաղի ժամանակ տեղի ունեցաւ մաքրութեան մրցում։ Աշակերտները հաւկիթները կեղուեցին նախապէս պատրաստուած մեծ թուղթերու վրայ. անոնք փորձեցին բակը մաքուր պահել եւ յաջողեցան։ Մաքրութեան մրցումին յաղթական հռչակուեցան Բ. եւ Գ. դասարաններու աշակերտները….