28 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐԻ ԿԱՂԱՆԴԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Չորեքշաբթի, 28 Դեկտեմբեր 2011-ը Կաղանդի տօնակատարութեան օր էր։ Տարրական բաժինի աշակերտները խանդավառութեամբ երգեցին, արտասանեցին, պարեցին եւ սպասեցին Կաղանդ Պապուկին։ Ժամ մը մշակութային բռնկումէ ետք, Կաղանդ Պապուկը եկաւ եւ աշակերտներուն ուրախութիւնը հասցուց իր գագաթնակէտին։ Անոնց ուրախութիւնը կրկնապատկուեցաւ, երբ ստացան Կ. Պապուկին բերած գեղեցիկ նուէրները։ Նախակրթարանի աշակերտներուն համար դասարաններէն ներս…

ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ԿԱՂԱՆԴԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրբաթ, 23 Դեկտեմբեր 2011-ին Մանկապարտէզի փոքրիկները կաղանդը տօնեցին Նորսիկեան Մանկապարտէզին մէջ իրենց ծնողներուն եւ հարազատներուն ներկայութեամբ։ Առաւօտեան ժամը 9-ին փոքրիկները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ մուտք գործեցին շքեղօրէն յարդարուած սրահը։ Մանկապարտէզի ուսուցչուհիները տարբեր ժողովուրդներու յատուկ տարազներով հանդէս եկան եւ իւրաքանչիւրը այդ ժողովուրդին լեզուով շնորհաւորեց ներկաներուն Նոր Տարին։ Այնուհետեւ իւրաքանչիւր դասարանի…

ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆ

Երեքշաբթի, 27 Դեկտեմբեր 2011-ին Գ2 դասարանի աշակերտները շնորհաւորեցին Պետոյին եւ Պօղոսին անուանակոչութիւնը։ Պետօն եւ Պօղոսը իրենց անուններովը ուրախ-երջանիկ եւ շա՜տ երկար տարիներ ապրին։

ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԸ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԵԱՆ

Երեքշաբթի, 27 Դեկտեմբեր 2011-ի առաւօտեան մանկամսուրի փոքրիկները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին «մեծ»երուն դպրոցը։ Փոքրիկները կաղանդի առիթով իրենց պատրաստած ձեռային աշխատանքները նուիրեցին Ճեմարանի տնօրէնութեան ու պաշտօնէութեան եւ անոնց փոխանցեցին Նոր Տարուան համար լաւագոյն բարեմաղթանքները։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԲԱՆՋԱՐԵՂԷՆԻ ԽԱՆՈՒԹ

Նորսիկեան մանկապարտէզի կանաչ դասարանի աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին բանջարեղէնի խանութ մը Անթիլիասի մէջ՝ դիտելու պտուղները, կանաչեղէններն ու բանջարեղէնները։ Անոնք ճակնդեղ գնեցին, դպրոց վերադառնալէ ետք աղցան պատրաստեցին եւ միասնաբար ճաշակեցին։

ՃԵՄԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐԸ ԿԸ ԶԵԿՈՒՑԵՆ ԱՐՑԱԽ ԳՈՐԾՈՒՂՄԱՆ ՄԱՍԻՆ

Չորեքշաբթի, 21 Դեկտեմբեր 2011-ին Զաւարեան Ուսանողական Միութենէն Ճեմարանի շրջանաւարտներ Արա Գասապեան, Կարէն Խայեաթ եւ Շողեր Յովհաննէսեան այցելեցին Ճեմարան եւ հանդիպում ունեցան միջնակարգի Ը. եւ Թ. դասարանի աշակերտներուն հետ։ Անոնք զեկուցեցին Արցախի մէջ ԶՈՄ-ի ունեցած նիւթական, շինարարական եւ դաստիարակչական ներդրումին մասին։ Տեսերիզի մը ընդմէջէն աշակերտները տեսան, թէ ի՛նչպէս ԶՈՄ-ականները…

ԱՄԱՆՈՐԵԱՅ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ՆՈՒԷՐ` ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ

Չորեքշաբթի, 14 Դեկտեմբեր 2011-ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան հրաւէրով, տարրական բաժինի եւ նախակրթարանի աշակերտները ներկայ գտնուեցան ուքրանական «Վիզինովա» խումբի ելոյթին։ 26 դպրոցներու աշակերտներուն բարի գալուստ մաղթեց Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Ճորճ Գրիգորեան, որ նաեւ շնորհաւորեց բոլորին Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը` մաղթելով, որ եկող տարին ըլլայ բարեբեր: Ան բարի վայելում…

ՄԻՆԻ ՄԱՐԱԹՈՆ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏ 2011

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած եւ հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, Մինի մարաթոն Պուրճ Համուտ 2011-ը տեղի ունեցաւ Կիրակի 18 Դեկտեմբեր 2011-ին, մասնակցութեամբ 32 աղջիկներու ու 44 տղոց, որոնք վազեցին Պուրճ Համուտի ճամբաներուն մէջ: Ճեմարանի մրցանակակիր աշակերտներն են. 96/97 Աղջիկներու դասակարգին մէջ երրորդ հանդիսացաւ Շաղիկ Տէր…

ՇԱՀԷ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆԻ ԱՅՑԸ ՃԵՄԱՐԱՆ

Երկուշաբթի, 19 Դեկտեմբեր 2011-ին Ճեմարան այցելեց դպրոցի աւագ բարերարներէն Հայկ Արսլանեանի որդին՝ Շահէ Արսլանեան։ Ան հանդիպում ունեցաւ Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանին եւ դպրոցի Խնամակալ Մարմնի ու Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վաչէ Փափազեանին հետ, ապա շրջեցաւ դպրոցի բոլոր բաժինները։

«ՎԷՐՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ» ԳԻՐՔԻ ՄՐՑԱՆՔԻ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ

Ուրբաթ, 16 Դեկտեմբեր 2011-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, համատեղ գործակցութեամբ ՀԱՅՈԳԻ մատենաշարի, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան եւ «Ազդակ»-ին, տեղի ունեցաւ Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի» գիրքի մրցանքի մրցանակաբաշխութիւնը, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ: Կը շնորհաւորենք Թ. դասարանի աշակերտուհի Ռիթա Ֆերմանեանը, որ միջնակարգ բաժինէն Բ. մրցանակի արժանացաւ:

ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ` Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԲԱՐԵՐԱՐՆԵՐ ՄԵԼԱՆՔԹՈՆ ԵՒ ՀԱՅԿ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՈՒ

Կիրակի, 18 Դեկտեմբեր 2011-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ յետ պատարագի տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` ի յիշատակ Համազգայինի բարերարներ Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեաններու, նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի: Ներկայ էին Հայկ Արսլանեանի որդին` Շահէ Արսլանեան եւ դուստրը` Սանտրա Արսլանեան, նախարար Վրէժ Սապունճեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան,…

ՄԻՋԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄՐՑՈՒՄ

Շաբաթ, 17 Դեկտեմբեր 2011-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպած միջդպրոցական զարգացման մրցումը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 7 հայկական երկրորդական վարժարաններ: Մասնակցող վարժարաններն էին` Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանը, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը, Ազգային Լեւոն եւ…