ՊԱՔԱԼՈՐԷԱՅԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԳԵՐԱԶԱՆՑ ՆԻՇԵՐ ԱՊԱՀՈՎԱԾ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութեան, Ուրբաթ, 28 Հոկտեմբեր 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 2010-2011 տարեշրջանի պաքալորէայի քննութիւններուն գերազանց նիշ ապահոված աշակերտներու պարգեւատրման հանդիսութիւնը։ Ճեմարանէն 8 շրջանաւարտներ պարգեւատրուեցան Ֆրանսական պաքալորէային իրենց արձանագրած գերազանց արդիւնքներուն համար. Գիտական բաժինէն՝ Առաքելեան Անի (շատ լաւ), Աբրահամեան Լոռի (շատ…

ԴԷՊԻ ԱՐԱՐԱՏ…

Հայոց Պատմութեան դասին ծիրէն ներս, Դ. դասարաններու աշակերտները Երեքշաբթի, 25 Հոկտեմբեր 2011-ին առիթը ունեցան ծանօթանալու Պրն. Րաֆֆի Թոքաթլեանին, որ 2011-ի ամրան լիբանանցի լեռնագնացներու հետ բարձրացած էր Արարատ լեռ։ Տեսերիզի եւ նկարներու ցուցադրութեամբ ան աշակերտներուն պատմեց իր փորձառութիւնը, որ տեւած էր 5 օր՝ հանգրուանային ձեւով։ Միաժամանակ Րաֆֆի Թոքաթլեան անդրադարձաւ…

ՃԵՄԱՐԱՆԱԿԱՆ ԴՈՒԻՆ ՄՈՒՄՋՕՂԼԵԱՆ ԱՊԱՀՈՎԵՑ 2012-Ի ԼՈՆՏՈՆԻ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆԻ ԻՐ ՏՈՄՍԸ

Ճեմարանի շրջանաւարտ , ՀՄԸՄ-Պէյրութի եւ Լիբանանի աղջկանց փինկ փոնկի ազգային խումբին մաս կազմող Դուին Մումջօղլեան իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Յորդանանի մէջ կայացած Արեւմտեան Ասիոյ փինկ փոնկի զտումի մրցումներուն, ապահովեց իր տոմսը 2012-ի Լոնտոնի ողիմպիական խաղերուն։ Ճեմարանի մեծ ընտանիքը կը շնորհաւորէ Դուին Մումջօղլեանը եւ յաջողութիւն կը մաղթէ անոր։

ՈՎ Կ՚ԱՇԽԱՏԻ, ԱՆ Կ՚ՈՒՏԷ

Ուրբաթ, 21 Հոկտեմբեր 2011-ին տարրական բաժինի երկրորդ դասարանի աշակերտները դպրոց եկան իրենց հետ բերելով աշնան բարիքներ՝ թարմ պտուղներ։ Հայերէնի դասապահուն, ուսուցիչներու օգնութեամբ, անոնք պատրաստեցին թարմ պտուղի աղցան։ Աշակերտները խանդավառութեամբ մասնակցեցան աղցանի պատրաստութեան։ Եւ որովհետեւ բոլորը աշխատեցան, բոլորը ճաշակեցին թարմ պտուղներով պատրաստուած համեղ աղցանը։

ԿԱՐԿԱՆԴԱԿԻ ՎԱՃԱՌՔ

Ուրբաթ, 21 Հոկտեմբեր 2011-ին կատարուեցաւ աւարտական դասարանի աշակերտներուն կարկանդակի առաջին վաճառքը։ Տունը պատրաստուած համեղ կարկանդակները զբօսանքին շուտով սպառեցան։ Այս վաճառքը ապահովեց 187 000 Լ.Ո., որ պիտի նուիրուի դպրոցի Սաներու Ֆոնտին։ Քաջալերելի է այս նախաձեռնութիւնը, որ նուազագոյն ճիգով կը գոհացնէ բոլորը։ Փաթիլ Տէտէեան Անտրէա Գաժաքճեան

«ՄԻԱՅՆ ԳՈՐԾՆ Է ԱՆՄԱՀ»

Ուրբաթ, 21 Հոկտեմբեր 2011-ի առաւօտեան ժամը 7։30-ին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի աշակերտութիւնը, ուսուցչական կազմն ու պաշտօնէութիւնը հաւաքուեցան բակը, ուր դպրոցի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան պաշտօնապէս գուժեց Ճեմարանի գլխաւոր բարերարներէն Հայկ Արսլանեանի մահը, որ պատահած էր Կիրակի 16 Հոկտեմբերին։ Տնօրէնը անդրադարձաւ Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեաններու ազգանուէր գործին։ Անոնք…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԳՐԱԽԱՆՈՒԹ

Հինգշաբթի, 20 Հոկտեմբեր 2011-ին մանկապարտէզի կանաչ դասարաններու աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին «Մուաաուատ» գրախանութը։ Անոնք շրջեցան գրախանութին զանազան բաժինները եւ դիտեցին գրենական պիտոյքները։ Այս այցելութեամբ աշակերտները ամրապնդեցին իրենց գիտելիքներն ու բառամթերքը։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՏՊԱՐԱՆ

Երեքշաբթի, 18 Հոկտեմբեր 2011-ի առաւօտեան ժամը 10։00-ին տարրական բաժինի Առաջին դասարանի աշակերտները այցելեցին Համազգայինի տպարանն ու գրախանութը։ Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ ու հաճոյքով դիտեցին տպարանի գործիքները եւ յստակ գաղափար կազմեցին տպագրական աշխատանքի հանգրուաններուն մասին։ Անոնք դիտեցին գրախանութին մէջ ցուցադրուած գիրքերը եւ «Քաջ Նազարը» գիրքը նուէր ստացած վերադարձան դպրոց։

ՄԱՀԱԶԴ

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի Տնօրէնութիւնը խոր կսկիծով կը գուժէ Ճեմարանի գլխաւոր բարերարներէն` ՀԱՅԿ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆԻ մահը, որ պատահեցաւ 16 Հոկտեմբեր 2011-ին, Անվերսի (Պելճիքա) մէջ։

ԳԱՐԵԳԻՆ ՉՈՒԳԱՍԸԶԵԱՆԻ ԱՅՑԸ

Ուրբաթ, 7 Հոկտեմբեր 2011-ին հայրենի մտաւորական եւ գիտնական Գարեգին Չուգասըզեան այցելեց Ճեմարան եւ Լսարանական Միութեան աշակերտութեան ցուցադրեց «Կոմիտաս վարդապետ. կեանքն ու գործը» մալթիմիտիական խտասալիկը: Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան աշակերտութեան ծանօթացուց հայրենի հիւրը, որ մեծ աշխատանք կը տանի համակարգիչի միջոցով ի մի բերելու եւ արտայայտելու հայ մշակոյթի հարստութիւնը։ Դասախօսը…

ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Մանկապարտէզի կանաչ եւ կապոյտ դասարաններու վերամուտը տեղի ունեցաւ 3 եւ 4 Հոկտեմբեր 2011-ին։ Ժամը 8։30-ին աշակերտները հաւաքուեցան մանկապարտէզի բակը, ուր երգեցին ուսուցչուհիներուն հետ, ապա անցան իրենց դասարանները։ Վարդագոյն դասարաններու վերամուտը տեղի ունեցաւ 5Հոկտեմբեր 2011-ին։ Ժամը 8։30-ին, մանկապարտէզի բակին մէջ, աշակերտները երգեցին, պարեցին, ապա ուսուցչուհիներուն հետ բարձրացան դասարան, ուր…