ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԻ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆՆԵՐԸ

Յուլիս ամսուան ընթացքին, խաղացինք, ցատկեցինք, երգեցինք, պարեցինք, լողացինք, ձեռային աշխատանքներ կատարեցինք եւ դպրոցին պարտէզներուն մէջ ուրախ ժամեր անցուցինք։ Ամբողջ տարին, գիտելիքներու կողքին, մեր սիրելի ուսուցչուհիներուն խնամքն ու գուրգուրանքը վայելեցինք եւ հասանք մեր մանկութեան առաջին հանգրուանի աւարտին։ Ստացանք մանկամսուրի վկայականները եւ շուտով կը թակենք Նորսիկեան մանկապարտէզի դռները։ Մոմճեան Ալիք…

ԿՐԹԱԿԱՆ ԱՍՊԱՐԷԶԻ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ՕՐԵՐ

2011-2012 ուսումնական տարեշրջանի պատրաստութեան աշխատանքային հանդիպումները սկսան Չորեքշաբթի 22 Յունիսին եւ աւարտեցան 4 Յուլիսին: Այս աշխատանքներուն մասնակցեցան Ճեմարանի բոլոր ուսուցիչները, հսկիչները, երբեմն նաեւ վարչական աշխատանք կատարողները։ Տասնօրեայ աշխատանքները ընդգրկեցին Ճեմարանի կրթական ծրագիրներու խմբագրման գործնական աշխատանքներ, ինչպէս նաեւ՝ կրթական մարզին հետ առնչուող հրատապ հարցեր եւ տեսական նիւթեր: Կրթական տեսուչ,…

ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԻ ՅՈՒԼԻՍ ԱՄՍՈՒԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ

Մանկամսուրի ծրագիրը կ՚ընդգրկէ թէ՛ ազատ եւ թէ առաջնորդուած խաղեր, ըստ երեխաներու տարիքային խմբաւորումին եւ անոնց պահանջներուն։ Ամբողջ տարուան ընթացքին, մանկամսուրի փոքրիկները կը սորվին արտայայտուիլ, գիտակից կը դառնան իրենց ֆիզիքական կարողութիւններուն եւ կը սորվին զանոնք օգտագործել իրենց առօրեայ զբաղումներուն ու խաղերուն ընթացքին։ Յուլիս ամսուան ընթացքին մանկամսուրի ծրագիրը տարբեր բնոյթ…

ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՎԿԱՅԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԲԱՇԽՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Հիգշաբթի, 7 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 7։00-ին, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ ԺԲ. աւարտական դասարանի վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը։ Աւարտական դասարանի աշակերտներուն դպրոցական տարիներու զանազան առիթներու նկարներով տեսերիզի մը ցուցադրութեամբ սկսաւ հանդէսը։ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, ԺԱ.դասարանին կողմէ շրջանաւարտներուն ողջերթի ուղերձ կարդաց Սեպուհ Թորիկեան, որ…

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը յայտնէ, որ այս տարուան ֆրանսական եւ լիբանանեան պաքալօրէաներուն ներկայացած 62 աշակերտներէն 58-ը յաջողած են։ Ստորեւ յաջողած աշակերտներուն անունները. Գրական ճիւղէն՝ Ագտէտեան Լուսին, Արոյեան Բալիկ (բաւական լաւ), Պեքէրէճեան Սիրուն, Շամմասեան Մեղրի, Շէկեան Հերա, Կարարետեան Նաթալի, Կէօքճեան Կարին (բաւական լաւ), Կարապետ…

«ՊԶՏԻԿ-ՄԶՏԻԿ»Ի «ԵԿԷ՛Ք ՇԱՐԱԴՐԵՆՔ» ՄՐՑԱՆՔԻ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆԸ

Երեքշաբթի, 5 Յուլիս 2011-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազդակ»ի «Պզտիկ-Մզտիկ» մանկապատանեկան յաւելուածի խմբագրակազմին կազմակերպած «Եկէ՛ք շարադրենք» մրցանքին մրցանակաբաշխութիւնը։ Բացման խօսքով «Պզտիկ-Մզտիկ»ի խմբագրակազմի անդամ Սրբուկ Ճենանեան շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն եւ հայկական վարժարաններու տնօրէնութիւններուն, որոնց քաջալերանքով միշտ ալ յաջողութիւն արձանագրած են «Ազդակ»ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի…

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը յայտնէ, որ այս տարուան Պրէօվէի պետական քննութիւններուն յաջողած են Թ. դասարանի 37 աշակերտներէն 33-ը: Ստորեւ յաջողած աշակերտներուն անունները. Թ1 դասարան.- Աղասարգիսեան Նարէ (լաւ), Պուչաքճեան Արին, Գասարճեան Սելին, Մկրտիչեան Ցոլեր, Մեսրոպեան Մեղրի, Մեսրոպեան Սթեֆանի (լաւ), Փօլատեան Նարինէ, Սիւփիւրկէճեան Սարին-Մարի, Թապուճեան…