ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆԻ ՀԱՆԴԷՍ

Չորեքշաբթի, 15 Յունիս 2011-ին տեղի ունեցաւ նախակրթարանի հանդէսը, որ կ՚ընդգրկէր թատրոն, երգ, պար, նկարչութիւն, ձեռային աշխատանք եւ kong fu։ Նախակրթարանի աշակերտները ներկայացուցին «Տարեդարձ» համերգ-ներկայացումը՝ բեմադրութեամբ թատրոնի ուսուցիչ Ռոպերթ Առաքելեանի։ Բացման խօսքէն ետք, երգի խմբակը ներկայացուց հայրենասիրական երգերու շարք մը, որմէ ետք պարի խմբակի աշակերտները բեմ բարձրացան իրենց սորված…

ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ

2010-2011 տարեշրջանի տարրական բաժինի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 10 Յունիսի երեկոյեան ժամը 7։00-ին Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ։ Վեց աշակերտներու կողմէ կատարուած բացման խօսքէն ետք, տարրական բաժինի աշակերտները հիւրերուն, ծնողներուն եւ հանդիսատեսներուն ներկայացուցին «Պոչատ Աղուէսը» երգախառն թատերախաղը գեղարուեստական ղեկավարութեամբ հեղինակ-բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեանին։ Երգուսոյցն էր Մարիա Պարտիզպանեան,…

ՀՕՄ-ի ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ

Շաբաթ, 4 Յունիս 2011-ի երեկոյեան ժամը 6։00-ին տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի «Ատրինէ Գարագաշեան» սրահէն ներս, ներկայութեամբ Ճեմարանի անձնակազմին, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան, Ճեմարանի խնամակալութեան, ծնողներու, բարեկամներու եւ շրջանաւարտներու։ Վարդագոյն, կապոյտ եւ կանաչ դասարաններու 145 աշակերտներ ներկաները փոխադրեցին «Դէպի հեքիաթներու աշխարհ»…

ՀԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ

Ուրբաթ, 3 Յունիս 2011-ի երեկոյեան ժամը 8։30-ին, Ճեմարանի բացօթեայ խաղավայրին մէջ, տարրական բաժինի Բ1 եւ Բ2 դասարաններու աշակերտները նշեցին հայրերու տօնը։ Աշակերտները իրենց հայրերուն նուիրեցին փունջ մը արտասանութիւն եւ երգ։ Յետոյ իւրաքանչիւր աշակերտ միացաւ իր հօրը, եւ սկսան զուարճալի խաղերը, ապա՝ karaoke-ն։ Բոլորը յաղթեցին…։ Ձեռնարկի աւարտին իւրաքանչիւր աշակերտ…

ՄԻՋԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ԵՐԳՉԱԽՄԲԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Կիրակի, 5 Յունիս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայ անուանի երաժշտահան Բարսեղ Կանաչեանի ծննդեան 125-ամեակին նուիրուած միջդպրոցական երգչախմբային փառատօնը` մասնակցութեամբ տասը հայկական վարժարաններու եւ ներկայութեամբ կրթական պատասխանատուներու, տնօրէններու, ուսուցիչներու, արուեստասէրներու, արուեստագէտներու, ծնողներու եւ աշակերտներու: Հանդիսութեան ընթացքին հերթաբար բեմ…

«ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ

Հինգշաբթի, 2 Յունիս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, հովանաւորութեամբ ու նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի, կաթողիկոսարանի «Կիւլպէնկեան» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամին անունով կազմակերպուող այս տարուան մրցումներուն մրցանակաբաշխութեան հանդիսութիւնը: Երկրորդական բաժինի հայ լեզուի ու գրականութեան առաջին մրցանակը շահեցաւ աւարտական դասարանէն Անի Առաքելեան։ Նոյն ծիրէն ներս միջնակարգի Թ. դասարանէն…

«ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ԳՆԱՀԱՏՈՒՄ»

Հինգշաբթի, 2 Յունիսին, ընկերային կազմաւորման ծիրէն ներս, Ճեմարանի ուսուցչուհիներէն Նորա Թաշճեան Է. դասարանի աշակերտներուն խօսեցաւ արժէքներու գնահատման մասին։ Ընկերային կազմաւորման ընթացքին, կարեւոր է գնահատել այն արժէքները, որոնց կը կառչի անհատ մը ինքզինք կերտելու, ընկեր ընտրելու կամ ընդհանրապէս ընտանիքին ու շրջապատին մէջ համազդելու համար։ Տուեալ արժէքներէն մաս մը ընդգրկող…

ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Առողջապահական դաստիարակութեան ծիրէն ներս, Երեքշաբթի, 31 Մայիսին, Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն նախակրթարանի Ե. դասարանի աշակերտներուն։ Տոքթ. Իշխան Եղիայեան խօսեցաւ ընդհանուր առողջապահութեան, մաքրութեան, ակռաներու խնամքի, ինչպէս նաեւ սննդարար ուտելիքներու ընտրութեան մասին։ Դասախօսութեան աւարտին Տոքթ. Եղիայեան պատասխանեց աշակերտներուն հարցումներուն։

ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ՍԵՄԻՆԱՐ

Շաբաթ, 28 Մայիսին միջնակարգի Ը. դասարանի աշակերտներէն Միրէյ Սալորեան, Արի Կարպուշեան, Լարա Գապասագալեան եւ Փաթրիք Թովմասեան դպրոցի ընկերային ծառայող Սիլվա Քիւրքճեանին ընկերակցութեամբ մասնակցեցան TFI-ի (Tobacco free initiative) կազմակերպութեամբ միջդպրոցական աշխատանքային սեմինարի մը։ Զանազան դպրոցներէ եկած աշակերտական իւրաքանչիւր խմբակի տրամադրուեցաւ անկիւն մը, ուր աշակերտները ցուցադրեցին եւ ներկայացուցին ծխախոտի գործածութեան…

«ՃԻՇԴ ՀՆՉԵՆՔ»

Շաբաթ, 28 Մայիս 2011-ի երեկոյեան ժամը 5:00-էն սկսեալ, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 5 Մարտէն ի վեր «Վանայ ձայն»էն սփռուող «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրի աւարտական հանգրուանը եւ մրցանակաբաշխութիւնը: 6-րդ, 7-րդ եւ 8-րդ դասարաններէ 41 աշակերտներ մասնակցած են այս յայտագիրին։ Առաջին երկու հանգրուանները յաջողութեամբ շրջանցած աշակերտները ձեռնարկի ընթացքին մրցեցան…

ՏԱՐԵԴԱՐՁ

Ուրբաթ 27 Մայիսին, Ճեմարանի տարեկան պտոյտին ընթացքին, բնութեան գիրկը, տարրական բաժինի աշակերտներէն խումբ մը տօնեց իր տարեդարձը ուրախ մթնոլորտի մէջ։ Բարի տարեդարձ բոլորին։