ՄԻՇՏ ԸՆԿԵՐ

Եւ վերջապէս համաւ 26 Մայիսը։ Առաւօտեան ժամը 8։30-ին տարրական բաժինի Գ. դասարաններու աշակերտները հասան Պուրճ Համուտի Զաւարեան դաշտ, ուր իրենց կը սպասէին արդէն իրենց ծնողները։ Գ1 եւ Գ2 դասարաններու աշակերտները խառնուած էին իրարու եւ կազմած «Սասուն» եւ «Սարդարապատ» ոտնագնդակի խումբերը։ Նոյն դասարաններու աղջիկներն ալ խառնուած էին իրարու եւ…

ՓՈՔՐԻԿ ԽԱՆՈՒԹՊԱՆԸ

Չորեքշաբթի, 25 Մայիսին տարրական բաժինի Բ. դասարանի աշակերտները «Փոքրիկ Խանութպանը» դասին փոխանցած գիտելիքները կիրարկեցին մեծ խանութի՝ հանրախանութի մէջ։ Անոնք հանրախանութէն ներս շրջեցան եւ առարկաներ գնեցին հատով, քիլոյով, զոյգով, եւայլն։ Իւրաքանչիւր աշակերտ իր գնած առարկաներուն գինը վճարելէ ետք վերադարձաւ փոխադրակառք։ Դպրոց հասնելէ ետք, աշակերտները միատեղ ճաշակեցին կարգ մը ուտելիքներ,…

«ՀՈՐԻԶՈՆ» ԹՄՐԱՄՈԼՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆ

Կազմակերպութեամբ «Հորիզոն» թմրամոլութեան կեդրոնին, Շաբաթ 14 Մայիսին, «Հորիզոն»ի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ աշակերտական սեմինար մը, որուն մասնակցեցան իւրաքանչիւր հայկական վարժարանի Ժ. դասարանէն երկու աշակերտներ։ Ճեմարանի աշակերտներէն Թալին Քերթեշեան եւ Փաթիլ Պէրպէրեան մասնակցեցան սոյն սեմինարին, որուն աւարտին իւրաքանչիւր մասնակից ստացաւ վկայագիր։ Չորեքշաբթի, 25 Մայիսին «Հորիզոն» թմրամոլութեան կեդրոնէն Հուրի Ճինպաշեան…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ ՆՇՈՒՄ

Հինգշաբթի, 26 Մայիսի առաւօտեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական ընտանիքին մաս կազմող Ճեմարանի աշակերտները դպրոց ներկայացան իրենց սկաուտական տարազներով եւ բացօթեայ խաղավայրին մէջ խմբուեցան իրենց յատուկ շարքերով՝ գայլիկ-արծուիկ, արի-արենոյշ, պարման-պարմանուհի։ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Անթիլիաս մասնաճիւղի խմբապետական կազմէն ներկայ էին եղբայր Անդօ Պոյաճեան եւ քոյր Շաղիկ Ճինպաշեան։ Բացման խօսքը կատարեց եղբայր Անդօն, որ անդրադարձաւ…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «LIVING COLORS»

Երեքշաբթի, 24 Մայիսին, մանկապարտէզի վարդագոյն դասարանի աշակերտները իրենց ուսուցչուհիներուն ընկերակցութեամբ հաճելի ժամեր անցուցին «Living Colors» խաղավայրին մէջ։ Անոնք միասին խաղալէ ու զուարճանալէ ետք, շատ ուրախ, բայց նոյն ատեն յոգնած վերադարձան դպրոց։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԿԵՆԴԱՆԱԲԱՆԱԿԱՆ ՊԱՐՏԷԶ

Երկուշաբթի, 23 Մայիսին մանկապարտէզի կապոյտ դասարանի աշակերտները իրենց ուսուցչուհիներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին Նահր Էլ Քելպի կենդանաբանական պարտէզը (Animal City)։ Փոքրիկները հաճելի ժամանակ անցուցին դիտելով անասունները եւ ամրապնդելով անոնց մասին իրենց ունեցած տեղեկութիւնները: Անոնք ուրախ եւ խանդավառ վերադարձան դպրոց։

ՊԱՏԻ՞Ժ, Թէ ՄԱՔՐՈՒԹԻՒՆ

Երկրորդական բաժինի ԺԱ. գիտական դասարանէն խումբ մը աշակերտներ սխալ արարքի մը համար պատժուեցան…։ Ի՞նչ էր պատիժը։ Մաքրել երկրորդական բաժինի տանիք-բակը, որ անցնող օրերուն Լիբանանի աւազախառն օդերեւոյթին զոհը դարձած էր։ Աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ լուացին ու մաքրեցին բակը։ Անոնք օգտակար աշխատանք մը կատարած ըլլալու գոհունակութիւնը ունեցան։ Գոհ էր նաեւ բաժինի…

ԱՐԱԲԵՐԷՆ ԼԵԶՈՒԻ ԴԱՍԱՒԱՆԴՄԱՆ ՄԵԹՈՏԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ

Շաբաթ, 21 Մայիսին աւարտեցան Ճեմարանի արաբերէն լեզուի ուսուցիչներու վերաորակաւորման դասընթացքները նախակրթարանին համար: Տնօրէնութեան կողմէ նախաձեռնուած եւ Սէն Ժոզէֆ Համալսարանի կողմէ կազմակերպուած (USJ, Institut Libanais d’Educateurs) այս դասընթացքները, գլխաւորութեամբ տիկ. Ալիսար Ապի Հայտարի, մեր ուսուցչուհիներուն փոխանցեցին արաբերէն լեզուն արդիական ձեւերով մատուցելու եւ աշակերտը սորվելու գործընթացին մէջ ներգրաւելու այլազան ռազմավարութիւնները:…

ԼԵՎԱՄ-Ի 42-ՐԴ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, ԼԵՎԱՄ-ի կազմակերպած միջդպրոցական խաղերու 42-րդ տարեշրջանի աւարտական հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 22 Մայիս 2011-ին։ Աղջիկներու աւարտական խաղերէն ետք տեղի ունեցաւ փինկ-փոնկի, ճատրակի եւ վազքի վկայագիրներու տուչութիւն: Ստորեւ` պասքեթպոլի մրցումներուն արդիւնքները. Միջակ աղջիկ` Ճեմարան – Եղիշէ Մանուկեան 36-28 Մեծ աղջիկ` Ճեմարան – Ս. Հռիփսիմեանց 33-38…

ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ

Ուրբաթ, 20 Մայիս 2011-ի առաւօտեան ժամը 9։30-ին տարրական բաժինի Ա. դասարաններու աշակերտները նշեցին մայրերու տօնը։ Ջերմ ու մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ աշակերտները արտասանեցին եւ երգեցին երեք լեզուներով։ Ա2 դասարանի իւրաքանչիւր աշակերտ մաղթանք մը ըսաւ իր մօրը, իսկ Ա1 դասարանի իւրաքանչիւր աշակերտ խոստում մը տուաւ իր մօրը։ Հանդիպումը աւարտեցաւ…

ԱՌՈՂՋ ԱԿՌԱՆԵՐ

Չորեքշաբթի, 11 Մայիսին, Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ ակռաներու առողջապահութեան մասին դասախօսութիւն։ Տոքթ. Գարմէն Պոյաճեան-Մխճեան (ատամնաբոյժ) նախակրթարանի Դ. դասարաններու աշակերտներուն խօսեցաւ ընդհանուր մարդկային մարմնին մասին, առողջապահութեան եւ նախազգուշութեան կարեւորութեան մասին։ Ան շեշտեց ակռաներու խնամքին կարեւորութիւնը եւ մատնանշեց զանոնք մաքրելու ձեւերը։ Դասախօսութեան աւարտին, Տոքթ. Գարմէն պատասխանեց աշակերտներուն հարցումներուն։

ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Կազմակերպութեամբ Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին, Չորեքշաբթի, 11 Մայիսին, տեղի ունեցաւ սեռային դաստիարակութեան վերաբերող դասախօսութիւն։ Տոքթ. Պերճ Տաքէսեան (մանկաբոյժ) նախակրթարանի Զ. դասարաններու աշակերտներուն խօսեցաւ ընդհանուր մարդակազմութեան, իգական եւ արական սեռային երկրորդական յատկութիւններուն, ծիներուն, բեղմնաւորման, յղութեան, ծննդաբերութեան, սաղմին եւ նորածինին մասին։ Դասախօսութեան աւարտին Տոքթ. Պերճ պատասխանեց աշակերտներուն հարցումներուն։