«Ֆրանքֆըրթր Նայթ»

Շաբաթ 30 Ապրիլ 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:00էն սկսեալ, մօտ 200 շրջանաւարտներու, աշակերտներու եւ բարեկամներու ներկայութեամբ, ճոխ եւ հարազատ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ «Frankfurter Night»- ը: Յայտագիրը բացուեցաւ քարաօքէ-ով: Հայերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն եւ արաբերէն երգերով մօտ երկու ժամ տեւողութեամբ ներկաները խանդավառեցին երեկոն: Մինչ այդ, ճաշը կը պատրաստուէր բոլորին…

ԶԱՏԻԿԸ ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻՆ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 19 Ապրիլ 2011-ին, Նորսիկեան մանկարպարտէզի աշակերտները տօնեցին Ս. Զատիկը իրենց ծնողներուն ներկայութեամբ: Փոքրիկները մեծ խանդավառութեամբ երգեցին ու պարեցին, ապա բոլորը ուղղուեցան պարտէզ, ուր տեղի ունեցաւ հաւկթախաղը: Փոքրիկները սեղաններու շուրջ բոլորուած հաւկիթ խաղացին եւ կերան իրենց պատրաստած չէօրէկը:

ԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄԸ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 96-ՐԴ ԱՄԵԱԿԻՆ

Երկուշաբթի, 18 Ապրիլին միջնակարգի Ը. եւ Թ. դասարանի աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին Պիք‎ֆայա եւ հաւաքուեցան նահատակաց յուշարձանին մօտ։ Թ. դասարանէն Նարէ Աղասարգիսեան եւ Սէրուժ Հանտեան կարդացին Մեծ Եղեռնի յիշատակին առիթով իրենց խօսքը. «Մենք՝ Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի 8-րդ եւ 9-րդ դասարաններու աշակերտներս, եկած ենք ծաղկամատոյց կատարելու…

ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ Կ’ՈԳԵԿՈՉԵՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 96-ՐԴ ԱՄԵԱԿԸ

Ապրիլ ամսուան ընթացքին նախակրթարանի աշակերտները կատարեցին ցեղասպանութեան նուիրուած պատի թերթի աշխատանքներ։ Ցեղասպանութեան յիշատակման ձեռնարկներու ծիրէն ներս, Ուրբաթ, 15 Ապրիլին նախակրթարանի աշակերտները ներկայ գտնուեցան Այնթուրայի որբանոցին մասին դասախօսութեան մը՝ դպրոցէն ներս։ Հիւր դասախօս Նորա Բարսեղեան տեսասալիկի ցուցադրութեամբ ներկայացուց 1915-էն 1916 Սէն Ժոզէֆ վարժարան (այնուհետեւ՝ որբանոց մինչեւ 1919) հասած հայ…

ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Հինգշաբթի, 14 Ապրիլին, ընկերային կազմաւորման ծիրէն ներս, Ժ. Դասարանի աշակերտները ներկայ գտնուեցան խաղ-դասախօսութեան մը՝ “Conflict transformation”-ի մասին։ Րաֆֆի Ֆեղալի խաղերու ընդմէջէն աշակերտներուն բացատրեց, թէ ի՛նչպէս պէտք է վարուիլ դիմացինին հետ անհամաձայնութեան մը պարագային, եւ թէ ի՛նչպէս միշտ դէպքի մը ժխտական կողմերը կարելի է դրականի վերածել։։ Աշակերտները շատ գոհ…

ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՅԱՐԳԱՆՔԻ ՏՈՒՐՔԸ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԶՈՀԵՐՈՒՆ

Տարրական բաժինի աշակերտները թուրքերու կողմէ գործադրուած Մեծ Եղեռնի մասին իրենց տարիքային մակարդակի մօտեցումով տեղեկութիւններ ստացան ուսուցիչներէն։ Երկուշաբթի, 18 Ապրիլին, աշակերտները Ճեմարանի մուտքին գտնուող նահատակ գրագէտներու որմնաքանդակներուն առջեւ ծաղիկներ զետեղեցին, յարգելով անոնց յիշատակը։

ՏԱՐՐԱԿԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԿԸ ՊԱՏՄԵՆ…

14 Ապրիլին, տարրական բաժինի աշակերտները ելոյթ ունեցան Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն-գրատարածի կազմակերպած ընթերցանութեան ձեռնարկին։ Աշակերտները անթերի ձեւով եւ մեծ յաջողութեամբ ներկայացուցին տպարանի եւ գիրքի պատմութիւնը։ Անոնք պատմեցին եւ արտասանեցին։ Աշակերտներուն ելոյթը մեծ խանդավառութիւն եւ հաճելի մթնոլորթ ստեղծեց սրահէն ներս։ Անոնք պատասխանեցին իրենց ուղղուած հարցումներուն եւ ստացան նուէրներ։ Վարձքը…

«ՎԱՀԷ ՍԷԹԵԱՆ» ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏՈՒՆ-ԳՐԱՏԱՐԱԾԻ ՄԻՋԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆՔՆԵՐՈՒ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, նախագահութեամբ Արսէն եւ Սօսի Հալաճեան ամոլին եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն-գրատարածին, Կիրակի, 17 Ապրիլ 2011-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ մանկապատանեկան գիրքերու եւ դաստիարակչական խաղերու ցուցահանդէս վաճառքի նախաձեռնութիւններուն շրջագիծին մէջ տեղի ունեցաւ միջդպրոցական մրցանքներու մրցանակաբաշխութիւն: Խօսք առաւ…

ԱԿՌԱՆԵՐՈՒ ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ

Հինգշաբթի, 14 Ապրիլին ատամնաբոյժ Ն. Տաքքաշ տարրական բաժինի Ա. եւ Բ. Դասարանի աշակերտներուն ֆրանսերէն եւ արաբերէն լեզուներով խօսեցաւ ակռաներու առողջապահութեան կարեւորութեան մասին: Ակռաներու փտութեան պատճառներուն եւ կանխարգիլման միջոցներուն մասին բացատրութիւնը ընթացաւ զրոյցի ձեւով: Դպրոցի հիւանդապահուհի Քրիստին Մխճեան փոխանցուած տեղեկութիւնները հայերէն լեզուով բացատրեց աշակերտներուն։ Դասախօսութեան աւարտին, փոքրիկները դիտեցին ֆրանսերէն…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ ԿԵԴՐՈՆ

Երկուշաբթի, 11 Ապրիլին ԺԱ. դասարանի աշակերտները, ընկերակցութեամբ դպրոցի ընկերային ծառայող Սիլվա Քիւրքճեանին, այցելեցին Զուարթնոց կեդրոն։ Ինչպէս ամէն տարի, անոնք իրենց հետ տարին հիւրասիրութիւն, նուէր՝ կեդրոնին եւ Ճեմարանի աշակերտութեան կողմէ հանգանակութեան գումարը։ Կեդրոնի տնօրէնուհին՝ Արաքսի Տապաղեանը, բարի գալուստ մաղթեց աշակերտներուն եւ բացատրեց թէ դիւրին չէ թերաճ մանուկներու հետ աշխատիլ,…

ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԱՊԱՀԻ ՀԻՒՐԵՐ

Պարբերաբար անասուններ կ՚այցելեն տարրական բաժինի Ա. դասարանները՝ գիտութեան դասերը կենդանացնելու նպատակով։ Աշակերտներէն ոմանք իրենց տուներէն կը բերեն անասուն մը եւ զայն կը ներկայացնեն իրենց ընկերներուն։ Դիտելով, շօշափելով ու քիչ մըն ալ զուարճանալով, աշակերտները կ՚ամրապնդեն անասուններու մասին իրենց ատացած գիտելիքները։

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԻՋ-ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՊԱՐԻ ՄՐՑԱՆՔ

Նախակրթարանի Դ. դասարանի ատենամարզանքի պարի խմբակը՝ պարուսոյց Մարիժան Ատուրեանի ղեկավարութեամբ, Մարտ ամսուն մասնակցեցաւ Լիբանանի միջ-դպրոցական պարի մրցանքին։ Շաբաթ, 26 Մարտին, Մոն Լա Սալի մէջ, Լեռնալիբանանի մրցաշարքին Ճեմարանի աշակերտուհիները իրենց կեցուածքին, կատարողութեան եւ համաչափ շարժումներուն համար ստացան բարձր գնահատական եւ անցան ախոյեանական հանգրուան։ Ուրբաթ, 1 Ապրիլին տեղի ունեցաւ աւարտական…