29 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐԻ ԿԱՂԱՆԴԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Չորեքշաբթի, 29 Դեկտեմբերին Ճեմարանի Մանկապարտէզի ու Մանկամսուրի փոքրիկները կաղանդը տօնեցին Նորսիկեան Մանկապարտէզին մէջ իրենց ծնողներուն եւ հարազատներուն ներկայութեամբ։ Առաւօտեան ժամը 9-ին փոքրիկները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ մուտք գործեցին շքեղօրէն յարդարուած սրահը, որուն կեդրոնը զետեղուած Հայկական Տօնածառը բոլորին ուշադրութիւնը կը գրաւէր։ Ան զարդարուած էր աշակերտներուն բերած մրգեղէններով։ Մանկապարտէզի ուսուցչուհիները տօնածառի,…

ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԱՆՁՆԱԿԱԶՄԻՆ ԿԱՂԱՆԴԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Կազմակերպութեամբ Ճեմարանի Ընկերային Յանձնախումբին, Չորեքշաբթի, 29 Դեկտեմբերի կէսօրին տեղի ունեցաւ Ճեմարանի անձնակազմին Կաղանդի տօնակատարութիւնը Օրիժինալ ճաշարանէն ներս, ներկայութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու, Ճեմարանի Խնամակալութեան ներկայացուցիչին եւ Ծնողական Խորհուրդի անդամներուն։ Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան Նոր Տարուան բարեմաղթանքի իր խօսքին ընթացքին, յայտնեց որ Կեդրոնական Վարչութիւնը առ ի գնահատանք Մ. եւ…

ԴԱՍԱԽՕՍԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ (ՄԻՋՆԱԿԱՐԳ)

Չորեքշաբթի, 29 Դեկտեմբերին, Միջնակարգի 7-րդ, 8-րդ եւ 9-րդ դասարաններու աշակերտները առանձնաբար դասախօսական հանդիպում ունեցան Յակոբ Հանտեանի հետ, նիւթ ունենալով՝ «համակարգիչի եւ յարակից ելեկտրոնային այլ գործիքներու ճշգրիտ գործածութիւնը մեր կեանքին մէջ»։ Հանտեան համակարգիչը ներկայացուց իբրեւ հրաշալի գիւտ մը, որ միեւնոյն ատեն կը դժուարացնէ մեր կեանքը եթէ մոլութեան ճամբով յանձնուինք…

«ՊԶՏԻԿ-ՄԶՏԻԿ»Ի «ԱՆՍԽԱԼ ԳՐԵՆՔ» ՄՐՑԱՆՔԻ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ

Երեքշաբթի, 28 Դեկտեմբեր 2010-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրաին մէջ տեղի ունեցաւ «Պզտիկ-Մզտիկ»ի «Անսխալ գրենք» մրցանքին մրցանակաբաշխութիւնը: «Պզտիկ-Մզտիկ»ի խմբագրական կազմի անդամ Լենա Արապօղլեան մրցանակաբաշխութեան ձեռնարկի բացման ընթացքին ողջոյնի խօսք ուղղեց ներկաներուն, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց թէ՛ հայկական վարժարաններու տնօրէնութեանց եւ ուսուցչական կազմերուն, թէ՛ ծնողներուն, որոնք կը մղեն…

ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐԸ ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ…

Երկուշաբթի, 27 Դեկտեմբեր 2010-ի առաւօտեան մանկամսուրի փոքրիկները Նորսիկեան մանկապարտէզէն փոխադրակառքով մեկնեցան դէպի «մեծ»երուն դպրոցը։ Փոքրիկները կաղանդի առիթով իրենց պատրաստած ձեռային աշխատանքները նուիրեցին Ճեմարանի տնօրէնութեան ու պաշտօնէութեան եւ անոնց փոխանցեցին Նոր Տարուան համար լաւագոյն բարեմաղթանքները։

«ՊԶՏԻԿ-ՄԶՏԻԿ»-Ի «ԱՆՍԽԱԼ ԳՐԵՆՔ» ՄՐՑԱՆՔԻՆ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ

28 Նոյեմբեր 2010-ին «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի խմբագրական կազմին կազմակերպած «Անսխալ գրենք» մրցանքը Դ., Ե. եւ Զ. դասարաններու աշակերտներուն համար։ Ճեմարանի աշակերտները 19 հայկական վարժարաններէ եկած մօտաւորապէս 350 աշակերտներու կողքին մասնակցեցան այս մրցանքին եւ ապահովեցին փայլուն արդիւնքներ։ Ստորեւ մեր աշակերտներուն ապահոված արդիւնքները. Դ. դասարանէն անսխալ…

ՀԱՅՐԵՆԻ «ԱՐԵՒՆԵՐ» ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՀԱՄՈՅԹԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 23 Դեկտեմբերին առաւօտուն Լիբանան ժամանեց հայրենի «Արեւներ» մանկապատանեկան համոյթէն խումբ մը։ Խումբի անդամները իրենց առաջին շողերը արձակեցին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի վրայ, որուն զանազան բաժինները այցելելէ ետք, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահէն ներս հանդիպում ունեցան Ե., Զ. եւ Է. դասարաններու աշակերտներուն հետ։ Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան…

ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԻՆ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ

Հայկական ցեղասպանութենէն ետք հայերը կը գաղթեն աշխարհի բոլոր կողմերը։ Անոնք կը շարունակեն իրենց կեանքը շաղուելով օտար շրջանակներու եւ տարբեր մշակոյթներու հետ, հետեւաբար ձուլումը կ՚ըլլայ հայ ազգին մեծագոյն վտանգը։ Հայ երիտասարդութիւնը՝ մասնաւորապէս հայ աշակերտը, համալսարանի սեմին պիտի հանդիպի օտար շրջանակներու եւ տարբեր մտածելակերպ ու տարբեր արժանիքներու տէր անձերու։ Անոր…

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ «ՓԱՐԱՒՈՆ»Ի ՀԵՏ

Զ. դասարանի աշակերտները Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին ուսումնասիրեցին հին Եգիպտոսը իրենց ֆրանսերէն լեզուով պատմութեան դասանիւթին ծիրէն ներս։ Չորեքշաբթի, 22 Դեկտեմբերին մեծ եղաւ աշակերտներուն զարմանքն ու ուրախութիւնը, երբ պատմութեան դասապահուն իրենց դասարանները այցելեց «եգիպտացի փարաւոն»ը։ Այս բեմականացուած դասընթացքին ժամանակ, աշակերտները առիթը ունեցան հարցաքննելու փոքրիկ «փարաւոն»ը ու մօտէն ծանօթանալու անոր տարազին…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԺՊԷՅԼ

Չորեքշաբթի, 22 Դեկտեմբերին, Ե. դասարաններու աշակերտները իրենց աշխարհագրութեան ուսուցչուհիին ընկերակցութեամբ այցելեցին Ժպէյլ քաղաքը։ Անոնք ուղեցոյցի մը առաջնորդութեամբ շրջեցան բերդին մէջ, ծանօթացան անոր պատմութեան, այցելեցին ամփիթատրոն եւ ամրապնդեցին աշխարհագրութեան դասին վերաբերող իրենց գիտելիքները։

ՃԱՏՐԱԿ

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ Ֆրերներու ակումբին, Կիրակի, 19 Դեկտեմբերին, Ֆրերներու ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ ճատրակի Ամանորի մրցաշարք մը՝ մասնակցութեամբ շուրջ վաթսուն երկսեռ խաղացողներու։ Այս մրցաշարքին մասնակցող շուրջ քսան ՀՄԸՄ-ականներէն փայլուն արդիւնքներ ապահովեցին Ճեմարանի աշակերտները։ 12 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ Հրակ Գըլըպոզեան ապահովեց առաջնութիւնը։ 10 տարեկանէն վար,…

ԱՐԱԲԵՐԷՆ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Երեքշաբթի, 14 Դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 9-ին, Զ. եւ Է. դասարաններու աշակերտները իրենց լեզուներու ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին Պիէլի մէջ տեղի ունեցող արաբերէն գիրքերու ցուցահանդէսը։ Այս այցելութիւնը կը միտի քաջալերել արաբերէն լեզուով ընթերցումը, ինչպէս նաեւ աշակերտին ծանօթացնել արաբական մշակոյթը։