ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՄԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Շաբաթ, 27 Նոյեմբեր 2010-ին ժամը 1։00-էն 5։00 տեղի ունեցաւ ուսման կողմնորոշման աշխատանքային հանդիպում մը, որուն մասնակցեցան ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու աշակերտները։ 27 տարբեր մասնագիտութիւններու տիրացած Ճեմարանի 40 շրջանաւարտներ հրաւիրուած էին դպրոցական կեանքի վերջին հանգրուանին գտնուող աշակերտներուն փոխանցելու տեղեկութիւններ իրենց մասնագիտութեան, ասպարէզին, համալսարանին եւ փորձառութիւններուն մասին։ Աշակերտները առիթը ունեցան…

ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Մանկապարտէզի փոքրիկներուն յաճախակի պտոյտներն ու այցելութիւնները կը նպաստեն ամրապնդելու դասարանէն ներս անոնց սորվածները։ Ուրբաթ, 26 Նոյեմբերին կապոյտ դասարաններու աշակերտները այցելեցին դպրոցին մօտակայ յարկաբաժին մը, Ծաղկաձորի մէջ, դիտելու տան զանազան մասերը։ Նոյն օրը, վարդագոյն դասարաններու աշակերտները դիտեցին դպրոցի պահակին տան կից մեծ վանդակի մը մէջ գտնուող թռչունները։

ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԲՈՂՈՔԻ ՀԱՒԱՔԻՆ

Չորեքշաբթի, 24 Նոյեմբերին Ճեմարանի աւարտական դասարանի աշակերտները հայ երիտասարդներու կողքին բողոքի ցոյցով, պաստառներով եւ պահանջատիրական կարգախօսերով «դիմաւորեցին» Թուրքիոյ վարչապետը։ Հինգշաբթի, 25 Նոյեմբերին մանկապարտէզի, տարրականի եւ նախակրթարանի աշակերտները արձակուեցան ժամը 11-ին։ Միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտները, ուսուցիչներն ու պաշտօնէութիւնը մասնակցեցան Թուրքիոյ Վարչապետ Էրտողանի Լիբանան այցելութեան առիթով լիբանանահայ համայնքներու եւ…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՆԱՀՐ ԷՐ ՔԵԼՊ

Չորեքշաբթի, 24 Նոյեմբերին Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով, նախակրթարանի Զ. դասարանի աշակերտները իրենց արաբերէն լեզուի եւ պատմութեան ուսուցչուհիին ընկերակցութեամբ այցելեցին Նահր Էլ Քելպ։ Ուսուցչուհին կարդաց հոն զետեղուած բարձրաքանդակներուն արձանագրութիւնները եւ համապատասխան բացատրութիւնները տուաւ՝ Լիբանանի անկախութեան պատմութեան ու անձնաւորութիւններուն մասին, աշակերտներուն գիտելիքները ամրապնդելով։ Աշակերտները երգեցին Լիբանանի քայլերգը եւ արտասանեցին արաբերէն…

ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ

Կազմակերպութեամբ Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին, ուսման կողմնորոշման մասին տեղի ունեցան հետեւեալ դասախօսութիւնները. Ուրբաթ, 19 Նոյեմբերին, ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու աշակերտներուն ՝ ֆրանսական համալսարանէն ( U.S.J.), իսկ Երեքշաբթի, 23 Նոյեմբերին ԺԲ. դասարանի աշակերտներուն ՝ Ամերիկեան (L.A.U) համալսարանէն ներկայացուցիչներ փոխանցեցին տեղեկութիւններ նշեալ համալսարաններուն մասին։ Զոյգ համալսարաններու ներկայացուցիչները գոհացում տուին աշակերտներուն հետաքրքրութիւններուն՝…

ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅ ԵՐԳԻ ՈՒՍՈՒՑՄԱՆ ՀԱՄԱՀԱՒԱՔԻՆ

Տարրական եւ նախակրթարան բաժիններէն խումբ մը աշակերտներ մասնակցեցան Համազգայինի «Կարկաչ» եւ «Այգ» երգչախումբերու վարչութեան կազմակերպած հայ երգի ուսուցման եւ տարածման անդրանիկ համահաւաքին, որուն աւարտական հանգրուանը տեղի ունեցաւ Հայ աւետարանական «Քջակ»ի մէջ, Կիրակի, 21 Նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 8։00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6։00։ Համահաւաքին մասնակցեցան լիբանանահայ գրեթէ բոլոր դպրոցներէն իբրեւ…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Ուրբաթ, 19 Նոյեմբեր 2010-ին, ժամը 1։30-ին, տարրական բաժինի, նախակրթարանի եւ միջնակարգի Է. դասարաններու աշակերտները նշեցին Լիբանանի անկախութեան տօնը «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահէն ներս։ Լիբանանի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, յայտագիրը սկսաւ Լիբանանի անկախութեան պատմութիւնը ներկայացնող տեսերիզի ցուցադրութեամբ, որմէ ետք աշակերտները ներկայացուցին հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով երգեր ու արտասանութիւններ. Դ. դասարաններու…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «ԱՆԹԻԼԻԱՍ»-Ի ԳԵՏ

Ուրբաթ, 19 Նոյեմբեր 2010-ին, նախակրթարանի Դ. դասարաններու աշակերտները գիտութեան ուսուցչուհիին ընկերակցութեամբ այցելեցին «Անթիլիաս»-ի գետը՝ դիտելու անոր ընթացքը ու տեսնելու այդ միջավայրին մէջ աճող բոյսերը։ Այս պտոյտը կը նպատակադրէր աշակերտներուն մօտ ամրապնդել «Անուշ ջուրի միջավայրը» դասէն ստացած իրենց գիտելիքները, որոնք կապ ունին մեզ շրջապատող իրականութեան հետ։ Աշակերտները գոհացած վերադարձան…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԲԱՆՋԱՐԵՂԷՆԻ ԽԱՆՈՒԹ

Չորեքշաբթի, 17 Նոյեմբերին, մանկապարտէզի կանաչ դասարաններու աշակերտները այցելեցին բանջարեղէնի խանութ մը Անթիլիասի մէջ՝ դիտելու պտուղները, կանաչեղէններն ու բանջարեղէնները։ Անոնք պտուղներ գնեցին, դպրոց վերադառնալէ ետք պտուղի աղցան պատրաստեցին եւ ճաշէն ետք, միասնաբար ճաշակեցին։

ՄԱՐԶԱԿԱՆ ՕՐ

Կիրակի 14 նոյեմբեր 2010-ի առաւօտեան ժամը 9-էն սկսեալ, մեծ թիւով շրջանաւարտներ, աշակերտներ եւ բարեկամներ հաւաքուած էին «Աղբալեան» մարզամշակութային համալիրին մէջ, մասնակցելու համար Ֆութպոլի, պասքէթպոլի եւ փինկփոնկի մրցումներուն: Յատկանշական էր պասքէթպոլի յաղթական խումբը, որ երկսեռ ըլլալէ անկախ, կը բաղկանար ուսուցիչներէ, ինչպէս նաեւ հին ու նոր շրջանաւարտներէ: Ֆութպոլի աւարտական խաղի…

ՄԻՋՆԱԿԱՐԳԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆԻԻ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ԹՐՔԱԿԱՆ ՆԱՄԱԶԻՆ

Չորեքշաբթի, 10 Նոյեմբեր 2010-ին, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի միջնակարգի ութերորդ դասարանի աշակերտներուն նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ «Հայապահպանում» նիւթով ձեռնարկ մը, որ խորքին մէջ ընդվզումի ու բողոքի այրտայայտութիւն մըն էր՝ ընդդէմ հայ մշակոյթին ու պատմութեան հանդէպ վերջին շրջանին թրքական պետութեան թէ կուսակցութիւններու վարած քաղաքականութեան։ Ձեռնարկին բացման խօսքը կարդաց…

ՊՏՈՒՂԻ ԱՂՑԱՆ

Չորեքշաբթի, 10 Հոկտեմբեր 2010-ին տարրական բաժնի Բ. դասարանի աշակերտները հայերէնի պահուն ուսուցչուհիին հսկողութեամբ պտուղի աղցան պատրաստեցին ու ճաշակեցին։ Աշակերտները «ո՛չ» ըսին վնասակար ուտելիքին եւ խոստացան միշտ ուտել սննդարար ուտելիքներ։