ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Համազգայինի Փալանճեան- Արսլանեան Ճեմարանի շրջանաւարտներու միութեան 71-րդ ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 30 Յուլիս 2010-ին, Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանին մէջ: Նորընտիր վարչութեան կազմն է. Ատենապետ` Փաթիլ Եսայեան Փոխատենապետ` Դաւիթ Գազանճեան Քարտուղար` Սեպուհ Տօնիկեան Գանձապահ` Կարօ Լուսարարեան Հաշուապահ` Հերա Սաղրեան-Քիթապճեան Խորհրդականներ` Վաչէ Ծատուրեան Ալին Արապաղեան Բիւզանդ Մկրտիչեան Պերճ…

ՆԱՀԱՏԱԿ ՎԻԳԷՆ ԶԱՔԱՐԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԵԾԵԼԱՐՇԱՒԻ ՄՐՑՈՒՄ

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Կիրակի, 1 Օգոստոս 2010-ին, տեղի ունեցաւ հեծելարշաւի մրցում մը՝ նուիրուած Ղարաբաղի ազատագրական պայքարին ընթացքին նահատակուած ՀՄԸՄ-ական մարզիկ եւ ճեմարանական Վիգէն Զաքարեանի յիշատակին։ Մրցումը, որ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ական մարզիկներու միջեւ, սկիզբ առաւ նահատակ ազատամարտիկի բնակարանին առջեւէն։ Ազդանշանը տրուեցաւ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Քէշիշեանի կողմէ…