ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, Հինգշաբթի, 29 Ապրիլին տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն աւարտական դասարանի աշակերտներուն համար: Համազգայինի Կրթական Խորհուրդի անդամ Տիկ. Շաղիկ Խիւտավերտեան աշակերտներուն խօսեցաւ կեանքի ամենակարեւոր հանգրուաններուն որոշումներ առնելու եւ ճիշդ կողմնորոշուելու մասին: Կեանքի մէջ պատանեկութենէ երիտասարդութիւն անցման շրջանը այնպիսի հանգրուան մըն է, որ կը հարկադրէ կարեւոր որոշումներ առնել…

ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍ-ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏ ՔԱՅԼԱՐՇԱՒԻՆ

Շաբաթ, 24 Ապրիլ 2010-ին, Ճեմարանի միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտութիւնը ներկայ գտնուեցաւ Ապրիլեան մեծ եղեռնի 95-ամեակին առիթով տեղի ունեցած Ս. պատարագին եւ հոգեհանգստեան արարողութեան, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ: Հոգեհանգիստէն ետք, Կազմակերպութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման Լիբանանի կեդրոնական մարմնին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Անթիլիասի մայրավանքէն դէպի Պուրճ…

ԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄԸ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 95-ՐԴ ԱՄԵԱԿԻՆ

Ճեմարանի Երկրորդականի աշակերտները մասնակցեցան Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման աշակերտական հանդիսութեան, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ 23 Ապրիլին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ: Ապա դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ Լսարանական Միութեան կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկ մը, որուն ներկայ գտնուեցան բոլոր աշակերտները: Ձեռնարկին բացումը կատարեցին տարրականի աշակերտները: Անոնք ծաղիկներ զետեղեցին Լսարանական Միութեան կողմէ շինուած Ծիծեռնակաբերդին առջեւ…

ՄԻՋՆԱԿԱՐԳԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ Կ’ԱՅՑԵԼԵՆ ԱՅՆԹՈՒՐԱՅԻ ՍԷՆ ԺՈԶԷՖ ԳՈԼԷՃԻՆ ՄԷՋ ԳՏՆՈՒՈՂ ՀԱՅ ՈՐԲԵՐՈՒ ԳԵՐԵԶՄԱՆԸ

Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի Միջնակարգ բաժնի աշակերտները ամիս մը առաջ ներկայ գտնուեցան Ազգային Առաջնորդարանի կազմակերպութեամբ «Որբերու աղերսը» խորագիրով զգայացունց տեսաերիզի ցուցադրութեան, որ կ’անդրադառնար Ղազիրի որբանոցներուն մէջ հայ որբերուն ձեռամբ պատրաստուած գորգին, ինչպէս նաեւ միջին արեւելեան զանազան քաղաքներու մէջ գտնուող որբանոցներուն մէջ յայտնաբերուած հայ որբերու հաւաքական գերեզմանին,…

ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ Կ’ՈԳԵԿՈՉԵՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 95-ՐԴ ԱՄԵԱԿԸ

Հինգշաբթի, 22 Ապրիլ 2010-ի առաւօտեան, Ճեմարանի նախակրթարան բաժնի Դ., Ե. եւ Զ. դասարաններու աշակերտները այցելեցին Պիք‎ֆայա եւ ծաղիկներ զետեղեցին նահատակաց յուշարձանին: Նախակրթարանի աշակերտները հայոց պատմութեան դասապահին ընթացքին ծանօթացան թուրքերու կողմէ գործադրուած ցեղասպանութեան հոլովոյթին` իւրաքանչիւր դասարան իր տարիքային մակարդակի մօտեցումով: Անոնք կատարեցին պատի թերթի աշխատանքներ՝ ջարդի, նահատակ գրագէտներու, տեղահանութեան…

ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ՃԵՄԱՐԱՆԱԿԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ

Տարբեր ժամանակներու, տարբեր պայմաններու եւ տարբեր վայրերու մէջ, սակայն միեւնոյն նպատակին համար եւ միեւնոյն համոզումով ու հաւատքով իրենց կեանքը հայրենիքին ու հայութեան նուիրած ինը ճեմարանական նահատակներուն յիշատակը ոգեկոչուեցաւ Երկուշաբթի, 19 Ապրիլ 2010-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ: Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան Ճեմարանի Շրջանաւարտներու միութեան կազմակերպած այս ձեռնարկը…

ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄՐՑՈՒՄ

Կազմակերպութեամբ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Անդրանիկ Սեւան գործադիր մարմնին, Շաբաթ, 17 Ապրիլին, Անդրանիկ Սեւան ակումբի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ ընդհանուր զարգացման մրցում հայկական վարժարաններու աշակերտութեան մասնակցութեամբ: Սոյն մրցանքին Ճեմարանը ներկայացուցին ԺԲ. դասարանի աշակերտներէն Սեւակ Թասլաքեան, Արեն Քերթեշեան, Նազօ Գէորգեան եւ Հրակ Տէմիրճեան: Մրցումի աւարտին Ճեմարանի աշակերտները հանդիսացան առաջին՝ ապահովելով բարձրագոյն արդիւնքը:…

ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ-ԶՐՈՅՑ

Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, Չորեքշաբթի, 14 Ապրիլին տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն-զրոյց Ը. դասարաններու աշակերտներուն համար: Ճեմարանի շրջանաւարտ Արմէն Արեւեան աշակերտներուն խօսեցաւ այս դարուն ուսման կարեւորութեան մասին: Ան իր անձնական փորձառութենէն մեկնելով բացատրեց, թէ ինչքա՛ն անհրաժեշտ է ուսումը լաւ ասպարէզ մը ունենալու համար: Շեշտեց մի՛շտ դժուարէն սկսելու կարեւորութիւնը, որովհետեւ դիւրինը…

Հ.Օ.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏՈՒՀԻԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԵՒ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆ

Չորեքշաբթի, 14 Ապրիլ 2010-ին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան այցելեց Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի Վիգի Մարաշլեան՝ ընկերակցութեամբ Լ.Օ.Խ.ի Շրջանային Վարչութեան անդամուհիներու եւ Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին անդամ Թամար Տէր Պետրոսեանի: Անոնք Ճեմարանի տնօրէնութեան ընկերակցութեամբ շրջեցան դպրոցին զանազան բաժինները, գրադարանը եւ մասնաւորաբար Հ.Օ.Մ.ի Նորսիկեան մանկապարտէզը, ապա այցելեցին Համազգայինի…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ Մ. Եւ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Երկուշաբթի, 12 Ապրիլ 2010ին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան այցելեց Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորութեամբ Լիբանան այցելող պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան արուեստի վարչութեան պետ Սօնա Յարութիւնեան, Ազգային ժողովի մշակութային հարցերու պատասխանատու Արմինէ Անտիկեան, արուեստի վաստակաւոր գործիչ, թատերագէտ եւ բեմադրիչ՝ Երուանդ Ղազանչեան,…

ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Կիրակի, 5 Ապրիլի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն-գրատարածի կազմակերպած մանկապատանեկան գիրքերու եւ դաստիարակչական խաղերու ցուցահանդէս-վաճառքի եզրափակիչ հանդիսութիւնը եւ մրցանակաբաշխութիւնը: Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան հայկական վարժարաններու տնօրէններ, մեծ թիւով ուսուցիչներ, ծնողներ եւ աշակերտներ: Բացման խօսքը կատարեց Համազգայինի գրատարածի բաժանմունքի պատասխանատու Մարալ Գալեմքերեան:…

ԱՐԱԳ ՃԱՏՐԱԿԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ՝ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԽԱՂԱՑՈՂՆԵՐԸ ՏԻՐԱՑԱՆ ԵՐԵՔ ԱՌԱՋՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ

Պէյրութի արաբական համալսարանին մէջ տեղի ունեցան արագ ճատրակի Լիբանանի ախոյեանութեան մրցումները՝ հինգ դասակարգերու մէջ: Այս ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերած ՀՄԸՄ, յաջողեցաւ բաւական լաւ արդիւնք արձանագրելով տիրանալ երեք առաջնութիւններու: 8 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումներուն, Կարէն Խալոյեան առաւելագոյն վեց կէտերը ապահովելով տիրացաւ տիտղոսին: Լեւոն Գալայճեան 4 կէտ ապահովելով հանդիսացաւ երրորդ:…