ՆԱԽԱՐԱՐ ՀՐԱՆՈՒՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՃԵՄԱՐԱՆ

Երկուշաբթի, 29 Մարտ 2010-ին, Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան այցելեց Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան: Ան նախ այցելեց «Նորսիկեան» մանկապարտէզ, ուր փոքրիկները զինք դիմաւորեցին երգերով ու պարերով: Ապա շրջեցաւ ու ծանօթացաւ Ճեմարանի վարչական բաժիններուն ու գրադարանին, որմէ ետք ամբողջ աշակերտութիւնը, ուսուցիչներն ու անձնակազմը «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին…

ԶՈՄ ԶՈԳ-Ի ՄԻՋ-ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄՐՑՈՒՄԻՆ ՃԵՄԱՐԱՆԸ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԱՌԱՋԻՆ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան ուսանողական գրասենեակին Շաբաթ, 27 Մարտ 2010-ին, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական վարժարաններու երկրորդական դասարաններու միջ-դպրոցական զարգացման մրցումը, որ կ’ընդգրկէր պատմական, հայկական, գրական, աշխարհագրական, գիտական, թուաբանական, մարզական, մշակութային եւ այլազան 50 հարցումներ: Զարգացման մրցումին իրենց մասնակցութիւնը բերին 9 դպրոցներ, իւրաքանչիւրը՝ 4 աշակերտներով….

ԱՒՕ ՄՈՒՄՋՈՂԼԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻՆ ԱՊԱՀՈՎԵՑ ՏԻՏՂՈՍ ՄԸ ԵՒՍ

Լիբանանի կրթութեան նախարարութեան կազմակերպած փինկ փոնկի դպրոցական ախոյեանութեան աւարտին, տեղի ունեցան հինգ նահանգներու տղոց աւարտական հանգրուանի մրցումները: Ճեմարանի աշակերտ Աւօ Մումջողլեան, որ նախորդ ամիս երեք նահանգներու ախոյեան հանդիսացած էր, այս անգամ Ճեմարանին ապահովեց այլ տիտղոս մը, երբ հանդիսացաւ Լիբանանի հինգ նահանգներու ախոյեան: Աւարտական մրցումին, Աւօ Մումջողլեան 3-0 արդիւնքով…

ՔԼԻՄԱՆՃԱՐՕ

Աշխարհագրութեան դասին ծիրէն ներս, Դ. դասարաններու աշակերտները Ափրիկէ ցամաքամասին ծանօթանալէ ետք, առիթը ունեցան «բարձրանալու» Ափրիկէի բարձրագոյն լեռը: Աշխարհագրութեան ուսուցչուհիին հրաւէրով Րաֆֆի Թոքաթլեան, որ 2007-ի Յուլիսին բարձրացած է Քլիմանճարօ լեռ, 24 Մարտին այցելեց Ճեմարան եւ Դ. դասարաններու աշակերտներուն պատմեց իր փորձառութիւնը նկարներու ցուցադրութեամբ: Մէկ շաբաթ տեւած էր լեռ բարձրանալը՝…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ ԿԵԴՐՈՆ

Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, ԺԱ. դասարանի աշակերտները Չորեքշաբթի, 24 Մարտին այցելեցին Զուարթնոց Կեդրոն: Կեդրոնի աշակերտները զիրենք դիմաւորեցին գեղարուեստական յայտագրով մը: Ճեմարանի աշակերտները անոնց հետ մտերմիկ պահեր անցուցին՝ երգով, պարով ու կատակներով: Նշուեցաւ ԺԱ. դասարանէն երկու աշակերտներու ծննդեան տարեդարձը: Ճեմարանի աշակերտները նուէրներ յանձնեցին Զուարթնոց Կեդրոնին, ուրկէ հեռացան ուրախութեան եւ…

ՄԻՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼ

ԼԵՎԱՄի Մինի Ֆութպոլի մրցաշարքին, Շաբաթ, 20 Մարտին Ճեմարանի միջակ տղաքը յաղթեցին Հռիփսիմեանցի աշակերտներուն՝ 9-2 արդիւնքով: CSM- ի Մինի Ֆութպոլի մրցաշարք.- 15-էն 21 Մարտ տեղի ունեցած CSM- ի Մինի Ֆութպոլի մրցաշարքին Ճեմարանի աշակերտները հանդիսացան առաջին, ստացան բաժակ ու մետալներ: Ստորեւ մրցաշարքին արդիւնքները. Ա. խաղ՝ Ճեմարան յաղթեց AUST-ին 11-4 արդիւնքով:…

ՇՆԻԿԸ՝ ՄԵՐ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԸՆԿԵՐԸ

Մանկապարտէզի վարդագոյն դասարանի աշակերտները «դիտելու դաս»ին ընթացքին «հիւրընկալեցին» շնիկ մը: Անոնք մանրամասնութեամբ ծանօթացան ընտանի այս անասունին արտաքինին եւ յատկութիւններուն: Փոքրիկները ուրախութեամբ ու խանդավառութեամբ դիտեցին շնիկը՝ իրենց «հաւատարիմ ընկերը»: Ոմանք համարձակութեամբ ու անվախօրէն մօտեցան անոր, շոյեցին, խաղացին… իսկ ուրիշներ ոտքերնին վեր պահեցին…:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «ՍԱՅՏԷ» ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ

Ուրբաթ, 19 Մարտ 2010-ին, Մէթնի գայմագամ (գաւառապետ) Ռանտա Հատտատի նախաձեռնութեամբ, մայրերու օրուան առթիւ, Ժ. դասարանի աշակերտները այցելեցին «Սայտէ» հիւանդանոցը (Անթիլիաս): Հիւանդանոցի պատասխանատու Սէօր Սէսիլ եւ Անթիլիասի քաղաքապետը դիմաւորեցին աշակերտները: Աշակերտները ծաղիկներ նուիրեցին ծերերուն ու հիւանդներուն եւ «Ձեզմէ սորված ենք սէրն ու գուրգուրանքը» գրութեամբ բացիկներ յանձնեցին անոնց: Ճեմարանի աշակերտները…

«ՈՐԲԵՐՈՒ ԱՂԵՐՍԸ» ՏԵՍԵՐԻԶԻ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեանի եւ կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանին, Ուրբաթ, 19 Մարտի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Տըպպայէի «Էմիլ Լահուտ» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ գերմանական պատմական արխիւներէն յայտնաբերուած «Որբերու աղերսը» խորագիրով զգայացունց տեսերիզի ցուցադրութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Ճեմարանի միջնակարգի աշակերտները: Տեսերիզին մէջ ներկայացուած էին հայոց պատմութեան…

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ

Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, 15 Մարտ 2010-ին, տեղի ունեցաւ «Ընդհանուր առողջապահութիւն, ակռաներու խնամք եւ սննդականոն» նիւթով դասախօսութիւն մը Ե. դասարաններու աշակերտութեան համար: Դասախօսն էր Տոքթ. Իշխան Եղիայեան, որ մանրամասնօրէն ներկայացուց նիւթը եւ պատասխանեց աշակերտներուն հարցումներուն:

ՃԱՏՐԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ՝ ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԱԿՈՒՄԲԻՆ ՄԷՋ

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան ճատրակի յանձնախումբին, Կիրակի, 14 Մարտին ՀՄԸՄ Պէյրութի ակումբին մէջ (Զոքաք Պլաթ) տեղի ունեցաւ ճատրակի մրցաշարք մը՝ մասնակցութեամբ 40 խաղացողներու: Այս մրցաշարքին գլխաւոր իրաւարարն էր Ալի Ժաուիշ: Ներկաներուն շարքին էին Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի անդամներ Հասան Ժունտի, Հասան Համմուտ եւ քարտուղար Շահատէ Ապու Նըմրի: Ճեմարանի աշակերտներ…

ՄԻՋԻՆՔ

Ճեմարանի աշակերտութեան կրթութիւն ջամբող, արտադասարանային աշխատանքներով ու այցելութիւններով անոր ընդհանուր զարգացումը հարստացնող եւ ընկերական առողջ մթնոլորտ ստեղծելու ճիգ չխնայող ուսուցիչները իրենց առօրեան եւս կը թարմացնեն ու կը ճոխացնեն զանազան առիթներով: Չորեքշաբթի, 10 Մարտին, երկրորդ զբօսանքէն սկսեալ ուսուցչարանէն ներս տեղի ունեցաւ արդէն իսկ աւանդութիւն դարձած միջինքի հիւրասիրութիւնը: Տնօրէնութիւնը, պաշտօնէութիւնը,…