Ե. ԴԱՍԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ WOODEN BAKERY

Երկուշաբթի, 22 Փետրուար 2010-ին, նախակրթարանի Ե. դասարաններու աշակերտները այցելեցին Wooden Bakery: Այցելութիւնը կ\’իյնար արաբերէն դասին բանաւոր արտայայտութեան ծիրէն ներս: Արաբերէնի ուսուցչուհի Տիկ. Տօրա Ղազալ աշակերտները պատրաստած էր համապատասխան բառապաշարի մը տիրապետման, որ այցելութեան բուն նպատակն էր: Իւրաքանչիւր աշակերտ առիթը ունեցաւ արաբերէն լեզուով գնում կատարելու: Դպրոց վերադարձին, աշակերտները հաւաքաբար…

ՁԻՒՆԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ

2009-2010-ի աւարտական դասարանը կիսամեայ քննութիւններուն վերջին օրը ձիւնագնացութեան յարմարագոյն առիթը նկատեց: Չորեքշաբթի, 10 Փետրուարի կէսօրին բոլորս խանդավառ ուղղուեցանք դէպի Ֆարայա Պրն. Վաչէին, Օրդ. Ալինին եւ Տիկ. Ռոզինին ընկերակցութեամբ: Վերջապէս հասանք բոլորիս հետաքրքրութեան առարկայ դարձած վայրը՝ մեր իջեւանը, Mount Smash պանդոկը : Պայուսակները հոս կամ հոն նետելէ ետք, աշակերտները…

ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ

Չորեքշաբթի, 10 Փետրուար 2010-ին, Մանկապարտէզի, Տարրական բաժնի եւ Նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները ծպտուած դպրոց եկան: Անոնք իրենց հետ չիր ու չամիչ բերած էին անուշապուրի պատրաստութեան համար: Առաջին եւ երկրորդ պահերուն անուշապուրը պատրաստուեցաւ, աշակերտները Բարեկենդանի եւ Վարդանանքի նուիրուած երգեր երգեցին եւ քերթուածներ արտասանեցին: Զբօսանքէն ետք, հիւր դասախօսը՝ Տէր Թորգոմ…

ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐԸ ԿԸ ՆՇԵՆ ՎԱՐԴԱՆԱՆՔԸ

Հինգշաբթի, 10 Փետրուար 2010ին, մինչ նախակրթարանի Ե. դասարանէն սկսեալ Ճեմարանի աշակերտները կիսամեայ քննութիւններուն վերջին օրը կ’անցընէին, մանկապարտէզի փոքրիկները հայրենասիրութեամբ եւ Քաջ Վարդանի զինուոր դառնալու փափաքով տոգորուած՝ կը տողանցէին մանկապարտէզի բակին մէջ: Փոքրիկները իրենց գլխուն կը կրէին Քաջ Վարդանին թագերը: Անոնք մեծ խանդավառութեամբ երգեցին Վարդանի ու Աւարայրի ճակատամարտին նուիրուած…

ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԸ ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻՆ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 10 Փետրուար 2010-ին, մանկապարտէզի աշակերտները բարեկենդան տօնեցին: Անոնք ծպտուած երգեցին ու պարեցին, կարկանդակ կերան, ապա կապոյտ եւ կանաչ դասարաններու աշակերտները այցելեցին տարրական բաժին, ուր միացան իրենց «մեծ» ընկերներուն եւ միասնաբար շարունակեցին տօնակատարութիւնը:

«ՄԻՀՐ»Ը ԿԱՏԱՐԵՑ ՌՈՔ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ԻՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԵԼՈՅԹԸ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Փալանճեան – Արսլանեան ճեմարանի շրջանաւարտից միութեան, Շաբաթ, 6 Փետրուար 2010-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ելոյթ մը՝ կատարողութեամբ «Միհր» խումբին: Ելոյթին սկիզբը Համազգայինի Փալանճեան – Արսլանեան ճեմարանի շրջանաւարտից միութեան անունով խօսք արտասանեց Փաթիլ Եսայեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց խումբին բոլոր անդամներուն, որոնք…

ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏ ՄԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻ ԱՆԴԱՄ

Շաբաթ, 6 Փետրուար 2010-ին, տեղի ունեցաւ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին ընտրութիւնը: Ուրախ ենք տեղեկացնելու, որ յիշեալ կոմիտէին անդամ ընտրուեցաւ Ճեմարանի շրջանաւարտներէն Վաչէ Ծատուրեան, որ ներկայիս Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահն է: Վաչէ Ծատուրեան ՀՄԸՄ-ի ճամբով լիբանանահայ գաղութի ներկայացուցիչն է նորընտիր կոմիտէին մէջ: Վաչէն միաժամանակ ուսուցիչ է Մ. եւ Հ. Արսլանեան…