Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը հիմնուած է Գահիրէի մէջ Եգիպտոս 28 Մայիս 1928-ին, «Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Ընկերութիւն» անունով։ Գլխաւոր հիմնադիրներն էին Համօ Օհանջանեանը, Լեւոն Շանթը, Նիկոլ Աղբալեանը, Գասպար Իփէկեանը եւ ուրիշներ։ Ընկերութեան ¥1990-էն ետք՝ Միութեան¤ գլխաւոր նպատակն էր «հասնող սերունդին կրթութիւնը, հասակաւորներու ինքնազարգացումը եւ հայագիտութեան մշակումը»։ Համազգայինի հիմնադիրները կը դաւանէին, որ «ազգային ոգին, դաստիարակութիւնը եւ մշակոյթը համահայկական են», հետեւաբար նպատակ կը դնէին «զարգացնել հայ մշակոյթը եւ լեզուն ապակուսակցական, ապահատուածական, ապադաւանական եւ ապատեղացիական ոգիով»։

Իր նպատակներուն իրագործման համար, Համազգային ընկերութիւնը 3 Մարտ 1930-ին Պէյրութի մէջ ¥Լիբանան¤ կը հիմնէ Հայ Ճեմարանը ։ Հայ Ճեմարանի նպատակն «հասնող սերունդին կրթութիւն» ջամբելով պատրաստութիւնը վաղուան մտաւորական սերունդին, որ իր վրայ պիտի վերցնէր սփիւռքի մէջ հայապահպանման, հայ լեզուին ու գրականութեան եւ հայ մշակոյթին
զարգացման պատասխանատուութիւնը։

Քաղաքական ու ընկերային պայմաններու թելադրանքով փոփոխութիւններու ենթարկուելով հանդերձ, Հայ Ճեմարանը, 1950-էն ետք Նշան Փալանճեան Ճեմարան եւ 1986-էն ի վեր Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան անուանումով, պահպանած է իր սկզբնական նկարագիրը. ուսման եւ կրթութեան ճամբով «լաւ մարդեր եւ լաւ հայեր» դաստիարակել, այսինքն՝ ընդհանուր գիտութեան տէր, հայեցի դիմագիծ ունեցող, հայ մշակոյթին, հայկական աւանդութիւններուն քաջածանօթ, Հայաստանին ու Հայ Դատին նուիրուած յանձնառու նոր սերունդ նուիրել հայութեան։

Download (PDF)