djemaran_history_1Համազգայինի ծրագրին մէջ կրթական-դպրոցական բաժինը հիմնական տեղ ունի: Ընկերութեան հիմնադրութենէն հազիւ երկու տարի անցած, 3 Մարտ 1930ին, Պէյրութի Քանթարի փողոցի վարձու շէնքի մը մէջ կը բացուի Հայ Ճեմարանը, 15 աշակերտներով: 1930ի աշնան վերամուտին, աշակերտութեան թիւը կը հասնի 63ի:

Հայ Ճեմարանին նպատակն էր նորահաս սերունդներուն տալ ընդհանուր կրթութիւն, բայց մանաւանդ հայեցի դաստիարակութիւն, ջամբել ազգային առողջ ոգի, վառ պահել աշակերտներու հոգիներուն մէջ հայ լեզուի եւ մշակոյթի սէրը, զանոնք ծանօթ ու հաղորդակից դարձնել հայ արժէքներուն, պատրաստել գիտակից ու որակաւոր հայ մտաւորականներ, յանձնառու եւ նուիրեալ մարդիկ:

Նիկոլ Աղբալեան
Նիկոլ Աղբալեան

Նորաբաց դպրոցին տնօրէնութիւնը կը ստանձնէ Լեւոն Շանթ, իրեն անմիջական գործակից ունենալով Նիկոլ Աղբալեանը: Տնօրէնութեան կ’օժանդակէ նաեւ Գասպար Իփէկեան:

Ճեմարանը Քանթարի փողոցէն շուտով կը փոխադրուի Պէյրութի Ուատի Ապու Ճէմիլ փողոց, աւելի ընդարձակ ու յարմարաւէտ շէնք մը, մինչեւ որ կարելի կ’ըլլայ գնել, Փալանճեան քոյրերու նուիրատուութեան եւ Ամերիկայէն հանգանակուած գումարներու շնորհիւ, Զոքաք էլ Պլաթի կալուածը, որուն հանդիսաւոր բացումը կը կատարուի 1950 Մայիսին: Հայ Ճեմարանը այնուհետեւ կը կոչուի Նշան Փալանճեան Ճեմարան:

Լեւոն Շանթ
Լեւոն Շանթ

Լեւոն Շանթի մահէն ետք (1951) տնօրէնի պաշտօնին կը կոչուի Սիմոն Վրացեան, որուն կ’օժանդակեն, իբրեւ փոխ տնօրէններ, Մուշեղ Իշխան եւ Գառնիկ Բանեան: Կը կառուցուին Ճեմարանի թիւ 2 (1953ին) եւ թիւ 3 (1957ին) շէնքերը:

Սիմոն Վրացեանի հիւանդութեան պատճառով, 1968ի աշնան տնօրէն կը նշանակուի Հրաչ Տասնապետեան (Սիմոն Վրացեան մահացաւ 21 Մայիս 1969ին): Երեք շէնքերուն վրայ յաւելեալ յարկեր կը կառուցուին գոհացում տալու համար աշակերտութեան աճող թիւին:

1974-75 տարեշրջանին Ճեմարանի աշակերտութիւնը կ’անցնի 1000ի սահմանագիծը ու հակառակ կատարուած կառուցումներուն ու յաւելումներուն, տեղը նեղ կու գայ: Այս պայմաններուն տակ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը կ’որոշէ դպրոցական նոր համալիր մը կառուցել եւ այդ նպատակով կը գնէ ընդարձակ կալուած մը Մըզհերի մէջ (Ծաղկաձոր):

Վրայ կը հասնի Լիբանանեան ներքին պատերազմը, որուն այլազան հանգրուաններուն` Ճեմարանը կ’ունենայ բազմաթիւ վերիվայրումներ, կը դառնայ երկճիւղ, բազմամարդ բաժիններ կը հաստատէ երկու տարի Տպպայայի Կենաց Վարժարանի շէնքին մէջ եւ ութ տարի` Պուրճ Համուտի Շաղզոյեան կեդրոնին մէջ, որ հետզհետէ կը վերածուի 6 յարկանի դպրոցական շէնքի մը:

1986ին կը ձեռնարկուի Մըզհերի շէնքերու կառուցման: Շնորհիւ Մելանքթոն Արսլանեանի եւ անոր մահէն ետքէ եղբօրը` Հայկ Արսլանեանի իշխանական նուիրատուութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանէն ու այլ երկիրներէ (յատկապէս Քուէյթ եւ Ծոցի երկիրներ) կատարուած նուիրատուութիւններուն, կը կառուցուին դպրոցական շէնքի առաջին եւ երկրորդ մասնաբաժինները: Նորսիկեան մանկապարտէզը կը կառուցուի շնորհիւ Նորսիկեանի կտակին:

Ճեմարանը իր նոր շէնքը կը փոխադրուի 1987ին, մինչ պաշտօնական բացումը տեղի կ’ունենայ 1988ի աշնան:

Նշան Փալանճեան Ճեմարանին մէջ մինչ այդ շարունակուող փոքրաթիւ մանկապարտէզն ու նախակրթարանը եւս 2001ին կը փոխադրուին Մըզհեր ու այս ձեւով Ճեմարանը իր բոլոր բաժիններով կ’ամփոփուի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի շէնքերուն մէջ:

Ներկայիս, Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանը լման երկրորդական վարժարան է, հետեւեալ բաժանմունքներով.-

ա) Մանկամսուրը, 1էն 3 տարեկան փոքրիկներու համար
բ) Նորսիկեան եռամեայ մանկապարտէզը
գ) Բուն դպրոցը, իր տարրական, նախակրթական, միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններով

Թ. դասարանի աշակերտները կը ներկայանան Լիբանանեան Պրըվէի քննութիւններուն, որուն յաջողութիւնը պայման է երկրորդական բաժին անցնելու համար: Երկրորդական բաժնի աւարտական դասարաններու աշակերտները կը ներկայանան ֆրանսական եւ լիբանանեան Պաքալորէաներուն: Պետական բոլոր քննութիւններուն, Ճեմարանի աշակերտները կ’ապահովեն փայլուն արդիւնքներ:

Հայ կեանքի մէջ թէ այլապէս անուն վաստակած բազմաթիւ մտաւորականներ, ուսուցիչներ եւ գործիչներ Ճեմարանի շրջանաւարտներ են:

Հրաչ Տասնապետեանի մահէն ետք (Ապրիլ 2001), Ճեմարանի տնօրէնութիւնը որոշ ժամանակ կը վստահուի եռանդամ տնօրէն խորհուրդի մը։ 2001-էն սկսեալ Ճեմարանի տնօրէնութիւնը կը վարէ Տիգրան Ճինպաշեան, որ 2016-ին հանգստեան կը կոչուի: 2016-2017 տարեշրջանին տնօրէն կը նշանակուի Փաուլա Եղիայեան: Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ նշանակուած խնամակալ մարմին մը կը վերահսկէ Ճեմարանի ուսումնական, կրթական, վարչական եւ տնտեսական աշխատանքները։

Այսօր Ճեմարանի աշակերտութեան թիւը կը հասնի 600ի: